12.
ՏՔԹ.
ՆԱԶԱՐԷԹ
ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ
(Իր
ընդարձակ
անտիպ
ինքնակենսագրութենէն
համառօտուած).
–
Ծնած
եմ
Սվազ
25
Դեկտ.
1862ին։
7
տարու
Պօլիս
գալով՝
աշակերտած
Ամենափրկչեան
վարժարանի,
ուրկէ
շրջանաւարտ
1878ին
եւ
մեկնած
Ֆրանսա։
Տարի
մը
ագարակներու
մէջ
գործն.
երկրագործութեան
ընտելանալէ
վերջ՝
յաճախեցի
Մէօրսի
Երկր.
վարժարանը,
ուրկէ
ուսումնաւարտ՝
81ին
մրցմամբ
Բարիզի
Երկր[ագործական]
վարժարանը
մտայ
եւ
2
տարիէն
ելայ
երկրագործական
ճարտարագէտի
աստիճանով.
այդ
միջոցին
էր
որ
աշակերտ
էի
նաեւ
Ծառաբուծական
եւ
Այգեբանական
վարժարաններու։
Դառնալով
Պօլիս
1883ին,
քանի
մը
ամիս
Երկր[ագործական]
նախարարութեան
մէջ
ծառայելէ
վերջ՝
ծննդավայրիս
դպրոցին
տնօրէն
կարգուեցայ,
հաստատելով
հոն
լսարան,
չափահասներու
կիրակնօրեայ
կրթարան,
եւ
պօլսահայ
թերթերու
ղրկելով
յօդուածներ։
1885-6,
տնօրէն
Գատըքէօյի
Արամեան
վարժարանի։
87ի
սկիզբները
կրկին
Բարիզ
անցնելով՝
հետեւեցայ
Սօռպօնի
եւ
Բժշկանոցի
դասերուն,
շարունակելով
85ին
Պօլիս
հաստատած
Գիտ.
Շարժումիս
հրատարակութիւնը։
Վկայականներս
ստացած՝
եկայ
Բերա
բնակիլ։
97ին՝
Ֆրնս.
Հիւանդանոցի
օժանդակ
բժիշկ
եւ
99ին
բժշկապետ
Ազգ.
Հիւանդանոցի։
–
Համիտեան
խռովայոյզ
շրջանն
էր.
քանիցս
բնակարանս
խուզարկեցին
եւ
հարցաքննեցին
զիս։
96ին
բանտ
մտայ
եւ
4
ամիս
վերջ
ազատ
արձակուեցայ
ընդհ.
ներումին։
1900ին
կրկին
բանտարկուեցայ,
բայց
ֆրանս.
դեսպանատունն
ազատեց
զիս։
Հիւանդանոցը
բժշկ.
բանախօսութիւններ
ըրի
ամենազգի
ուսանողներու՝
գործնականին
մէջ
զանոնք
մարզելու
նպատակով.
այս
պարագան
ոստիկանութիւնը
չար
մեկնելով՝
արգիլեց
հիւանդանոց
այցելելս։
Հսկողութիւնը
չէր
դադրած.
որոշեցի
երկրէն
դուրս
ելլել,
եւ
մինչ
կը
պատրաստուէի
մեկնիլ՝
իմացայ
որ
կը
փնտռուէի…։
Իբր
հիւանդ
ապաստանեցայ
ֆրանս[ական]
Հիւանդանոց,
որ
պաշարման
տակ
առնուեցաւ
եւ
ուրկէ
4
ամիս
վերջ
միայն
կարելի
եղաւ
ինձ
Մարսիլիա
փախչիլ։
1905ի
վերջերը
հաստատուեցայ
Գահիրէ։
Մղում
տուի
կրթ.
գործին,
եւ
քանի
մը
ընկերներով
Պօղոս
Փաշայի
հովանաւորութեամբ
հիմնուեցաւ
«Հայկ.
Բարեգործ.
Ընդհ.
Միութիւնը»ը,
որուն
ատենադպիրն
ու
վարիչը
եղայ՝
մինչեւ
Եգիպտոսէ
մեկնումս։
–
Սահմանադրութեան
հռչակումին՝
ընտանեօք
Պօլիս
դարձայ
եւ
ընտրուեցայ
ազգ.
երեսփոխան,
ապա
մեպուս
Սվազէն,
երբ
կաթող.
ընտրութեան
իբր
պատուիրակ՝
Կովկաս
կը
գտնուէի։
Թունդ
ազգայնական,
Բառլամէնթին
մէջ
վիճեցայ
մանաւանդ
հողային
հարցի
եւ
ազգ.
իրաւանց
պահպանումին
ի
նպաստ։
Ցվերջ
հակառակեցայ
եւ
ազգակից
ընկերներէս
ե´ս
եղայ
Իթիլաֆի
հիմնադիր։
–
Վարած
պաշտօններս.
Քննիչ
ազգ.
հիւանդ֊անոցի
(1895),
անդամ
Ուսուցչ.
Քննիչ
Յանձնաժողովի
(1895-7),
Բերայի
դպրոցներուն
հոգաբարձու
(1894-6),
անդամ
Քղք.
Ժողովի
(1910-2)
եւ
Ւզմիրեանցի
(1912-5)։
Օգնական
(1912),
ապա
Ընդհ.
Քննիչ
Քաղաքապետութեան
(1913)։
–
Երկերս.
Բնական
Պատմութիւն,
Ուսումնասիրութիւն
միզային
քարերու
եւն.
(ֆրնս.
)
Ծագումն
հայ
տառից,
Մանրէաբանութիւն
(նաեւ.
թրք.
),
Տիեզերք
եւ
իր
կազմութիւնը
(նաեւ
ֆրանս.
),
Գրիգոր
Աղաթոն,
Առտնին
առողջապահութիւն,
Ծննդական
գործարաք,
Մարդկայի
սաղմնախօսութիւն,
Բառացուցակ
ախտանուանց,
Տարուինականութիւն,
Հայոց
հին
կրօնները,
Մարդկ[ային]
կազմախօսութիւն,
Առողջապահութիւն,
Ուրուագիծ
Պատմ[ութիւն]
Հայոց,
Մանրեք,
Քրիստ[ոնէական]
Բողոքականութիւն
եւ
կարգ
մը
գրքոյկներ։
Անտիպներէս
յիշեմ
միայն՝
86ին
սկսուած
եւ
18
տարիէն
աւարտած
10
հատոր
Կենդանաբուծութիւն
մը,
զոր
Խրիմեանի
թելադրութեամբ
պատրաստած
եմ։
–
Ծածկանուններս.
Արարչահիւթ,
Բոլակածին,
Տիուն,
*
*
*,
Սկսնակ
Բանասէր,
Ս.
Բ.
։
*
*
*
Բազմարդիւն
բանասէր-բժիշկը
համեստօրէն
զանց
կ’ընէ
յիշատակել
որ
Ֆրանս[ական]
Կառավարութենէն
ունէր
1902էն
ի
վեր
Officier
d’Academie,
իսկ
1910ին
արժանացած
էր
Merite
agricole
պատուանշանին։
Հ
Ա
Յ
Ա
Զ
Գ
Ը
Արեւմտեան
Ասիան
էր
աշխարհագրական
դիրքով
եղած
է
ճանապարհ
անցուդարձից
աշխարհակալաց,
ու
իր
սիրելի
բերրութեան
աղագաւ՝
պատճառ
նախանձու.
դրացի
մեծազօր
տէրութեան…
որով
եւ
անդ
աճող
բազմաթիւ
փոքր
ազգութիւններն
այս
շարունակական
հարուածներուն
հետեւանօք
տկարանալով՝
ժամանակաւոր
գոյութիւն
եւ
փայլ
մը
միայն
կրցած
են
ունենալ:
…Անոնցմէ
Հայը
կայ
ու
կը
մնայ,
կառչած
իր
Մայր
Հայրենիքին,
խօսելով
իր
նախահարց
բարբառը,
պահելով
իր
տոհմային
պատմութիւնն
ու
աւանդութիւնները.
եւ
այս
ամէնը՝
շնորհիւ
իր
բարոյական
յատկութեանց
ուժին,
այսինքն
հայրենասիրութեան,
քաջութեան,
չարքաշութեան,
խնայողութեան
եւ
ընտանեկան
յարկի
սրբութեան
նախանձախնդրութեան.
որով
եւ
տոկուն
ազգ
կոչուած
է
պատմագիրներէ:
Քրիստոնէական
տեսակէտով
Հայը
մեծ
դեր
մը
կատարած
է.
ո´չ
միայն
Յիսուսի
կրօնը
պաշտօնապէս
ընդունող
ազգը
եղած
է,
այլ
եւ
Նազովրեցւոյն
վարդապետութիւնն
անդ
ա՛յնչափ
զօրացած
է
որ
այդ
երկիրը
եղած
է
զօրաւոր
թումբ
մը
Արեւելքի
Մաղդէականութեան
եւ
Հարաւի
Իսլամութեան
դէմ:
Ասիոյ
այս
միակ
կարեւոր
Քրիստոնեայ
ազգը
պաշտպան
կանգնած
է
դրացի
փոքր
եկեղեցիներու,
եւ
միջին
դարուն՝
իբր
առաջնորդ
ու
օժանդակ՝
ծառայած
է
Արեւմուտքի
Խաչակրաց,
Ս.
Երկիրն
ազատագրելու
գործին
մէջ,
եւ
որու
հետեւանօք՝
վրայ
տուած
է
էր
Կիլիկեան
թագաւորութիւնը:
Իբր
Քրիստոնեայ
իր
այս
դերն
արժանի
ըրած
է
զայն՝
բազմաց
կողմանէ
նահատակ
ազգ
անուանումին:
ՏՔԹ.
Ն.
ՏԱՂԱՒԱՐԵԱՆ