Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

15. ՍՄԲԱՏ ԲԻՒՐԱՏ (ՏԷՐՂԱԶԱՐԵՆՑ).



Ծնած է Զէյթուն 3 Մարտ 1862ին։ 1871-80ին աշակերտ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վրժրն. ի։ 1880-2ին Մարաշ՝ իբր ուսուցիչ ու տնօրէն։ 1882-4ին Զէյթուն՝ Միացեալի ուսուցիչ։ Այդ ատեն է որ պաշտօնակից Խ. Տատուրեանի հետ կը պատրաստէ Ուլնիա կամ Զեթուն տեղագրականը, որուն ձեռագիրը Յ. Ալլահվէրտեան շորթելով իբր իրը մամուլի յանձնած է վերջէն։ 1885ին Սիս դպրոց մը կը բանայ։ Նոյն տարին Պօլիս գալով՝ կը ծանօթանայ գրչի մարդոց եւ կ’ամուսնանայ Գալֆայէան Որբանոցէն վարժուհիի մը հետ։ 1885-7, տնօրէն Կիւմիւլճինէի եւ Զէյթունի դպրոցներուն, 1887-90ին ալ Սամսոն՝ ուր կրթարան մը կը հիմնէ։ Երբ հնչ. գործիչ՝ կը ճամբորդէ գաւառներ, բրոբականտի գործով, բայց ձերբակալուելով՝ 5 տարի Մարաշի եւ Հալէպի բանտերը կը մնայ կնոջը հետ։ Ազատ արձակուելուն՝ Պօլիս կուգայ եւ 1 տարի կը պաշտօնավարէ Գատըքէօյի Արամեան դպրոցը։  96ին Եգիպտոս կը փախչի եւ դադրելով յեղ. կուսակցութեան մը պատկանելէ՝ կը նուիրուի կրթ., գր. եւ հասարակական գործունէութեան։ Գահիրէ հիմնած դպրոցը կ’աջողի 4 տարի շարունակել եւ հրատարակել Փիւնիկ եւ Նոր օր թերթերը։ 1904ին Աղեքսանդրիոյ ազգ. դպրոցին տնօրէնութեան կը կոչուի զոր 2 տարի կը շարունակէ։ 1907ին կը տեսնենք զինք Ռումանիա, ուր տարուան մը չափ մնալէ վերջ՝ կ’ստիպուի Եգիպտոս դառնալ, լրտեսութեան մը զոհուելով։ Սահմանադրութեան հռչակումին՝ շունչը Պօլիս կ’առնէ, նետուելու լրագրական եւ ուսուցչական ասպարէզները։ Պահ մը շարունակած էր Փիւնիկը, նաեւ Գաղափար թերթը (42 թիւ)։ Ազգ[ային] երեսփոխան ընտր[ած] իր ծննդավայրէն։

Երկերը՝ մեծ մասամբ ազգավէպ, յեղափոխական կեանքէ. Բանտէ բանտ, Եըլտըզէ Սասուն, Զեթունի վրէժը, Դեպի Եըլտըզ, Իննսուն-վեց, Զեթունցի վրդպտ. ը, Որդեսպան ծնողքը, Սասունէն ետքը, Վերջին բերդը, Տեմիր Մուշլու, Վեղարաւոր Հերոսը, Թիակապուտները, Աւարայրի արծիւը, Ազատութեան համար, Արիւնի ճամբուն վրայ, Աւետարան Զեթունցերէն), Բուրգերէն, Պատմութիւն Հայոց . Հատոր), Արիւնի ձոր (Յետ Մահու տպ. ։ Ձեռագիր կը թողու Բանաստեղծութեանց հատոր մը, Լեռնականի մը յուշատետրը, Լեռին կոյսը, Հէնրիաթ (Վօլթէրի)։ Հմուտ գրաբարի, ֆրանսերէնի եւ պատմութեան։

 

Ն Ա Մ Ա Կ Ն Ե Ր   Ա Յ Ա Շ Ի   Բ Ա Ն Տ Է Ն

28 Ապրիլ 1915. Ինծի համար մտահոգ մի՛ ըլլաք. ողջ եմ եւ հանգիստ, առանձին ալ չեմ, 84 հոգի ենք: Մօտ ատենէն կ’ազատինք Աստուծով:

16 Մայիս. Թէօտօռ Մենծիկեան, հակառակ Ալի Էքպէր Խանէն եկած հեռագրին որով տեղեկութիւն կը տրուէր թէ իր Պօլիս դառնալուն հրամանն առնուած է տակաւին հոս կը մնայ: Ութը հոգիէ աւելի ենք Պարսկահպատակներս. խնդրագիր տուինք, պատասխանի կը սպասենք: Պատրիարքարա՛ն ալ հեռագրած էինք, լուր մը չ’ստացանք: Աստուածաշունչ մը ղրկեցէ՛ք որ տրտմութիւնս փարատի:

26 Մայիս. Յոյսս մեծ է՝ Արդարութիւնը հուսկ ուրեմն երեւան գալուն մասին: Ասիկա փոթորիկ մըն է որ պիտի անցնի, հոգ մի՛ ընէք:

30 Մայիս. Անցեալ շաբթու մեր մէջէն Ակնունի, Խաժակ, Զարդարեան, ճանկիւլեան, Տաղաւարեան եւ Սարգիս Մինասեան Էնքարէէն կանչուած ըլլալով մեկնեցան. չենք գիտեր թէ հիմա ո՞ւր են: Կը ցաւիմ որ, հակառակ Բռնապետութեան տակ շատ մը զոհողութեանց ենթարկուելով՝ այս Ազատութեան ու Սահմանադրութեան շրջանին հասած ըլլալնուս, նորէն անիրաւ տեղը զրկանքի ենթարկուեցանք: Ա՞ս պիտի ըլլար արդեօք բախտն անոնց որ Հայրենիքի սիրոյն, տարիներով այնքան տառապանք ու նեղութիւն կրեցին: Եթէ Թալաթ պէյ գիտնայ թէ ընտանեօք ի՛նչ աղէտի ու զրկանքի ենթարկուած եմ, վերջ պիտի տայ ներկայ վիճակիս՝ որ կը նսեմացնէ իր վեհանձնութիւնը (մէրտլիք): Խե՜ղճ կինս. դուն որ Բռնապետութեան տակ ա՛յնքան թշուառութեանց մատնուելուդ հետեւանօք աչքիդ լոյսէն եւ աշխարհի տեսութենէն զրկուեցար, ո՞ր ոստիկանութեան տնօրէնը պիտի չգթայ քու վրադ, վիճակիդ հասու ըլլալէ վերջ: Անշուշտ պիտի գայ օր մը եւ այն օրը շատ մօտ է որ Արդարութիւնը պիտի յայտնուի. ի՞նչ օգուտ սակայն, քաշածնիս մեզի պիտի մնայ:

6 Յունիս. Պատրիարքարան երթայիք եւ Սրբազան Հօր յարգանքներս հաղորդելէ վերջ՝ ըսէիք թէ միայն Խօճասարեանի ազատ արձակումը ձեռք բերել բաւ չհամարէր, միւս բանտարկեալներո՛ւն ալ ազատութիւնն ապահովէր: Այս տողերս կարդացէ՛ք իրեն:

ՍՄԲԱՏ ԲԻՒՐԱՏ