Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

121. ՏՔԹ. ՊԷՆՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (Պետրոս Մանուկեան).



Ծնած է Հիւսէյնիկ (Խարբերդ)։ «Եփրատ» Գօլէճէն 1903ին ընթացաւարտ՝ տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ վերջ, կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկ. Բժշկանոցը ուրկէ կը վկայուի եւ կ’անցնի Ամերիկա՝ իր մասնագիտութիւնը կատարելագործելու համար։ Սահմանադրութենէն յետոյ Պօլիս գալով՝ կ’սկսի իր արուեստը կիրարկել եւ շարունակել հասարակական գործիչի իր դերը։