Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

127. ԹՈՎՄԱՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ.

Ծն. Քիլիս, 27 տարու։ Ուսումը՝ հոն ստանալով՝ պահ մը դասատուութիւն ընելէ վերջ կ’անցնի Հալէպ, որուն Վարժապետանոցէն վկայուած՝ կը շարունակէ ուսուցչ. պաշտօնն իր ծննդավայրը, նաեւ գործօն դեր մը կ’ստանձնէ տեղւոյն Հնչ. Մասնաճիւղին մէջ։ 1914ին կը բերուի Պօլիս։