Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

97 98. ՎԱՀԱՆ ՔԷՀԵԱԵԱՆ (Տէօքմէճի Վահան).

Ծն. Ուրֆա 1874ին։ Կանուխէն կը մտնէ Հնչ. կուսակցութեան մէջ եւ գործօն դեր մը կ’ունենայ։ Աքսորակից ընկեր Մուրատի . Պօյաճեան) Ափր. Տրիպօլիս, ուրկէ կը դառնայ Պօլիս Սահմանադրութեան հռչակումին եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Սամաթիոյ Հնչ. մասնաճիւղին անդամ։ Զօրակոչէն յետոյ, իբր ձուլիչ կը դրուի Զէյթուն Պրունիի գործարանը, բայց ամբաստանուելով թէ ուժանակ կը պատրաստէ հոն՝ կը դատապարտուի Պտրզմ. Ատեանէն։ Բանտէն արձակուելէն վերջ կ’աքսորուի Չանղըրի, ուրկէ հանուելով՝ Վարուժանի, Սեւակի, Մաղազաճեանի եւ Օրթաքէօյ հացավաճառ. ԱՐԹԻՆի հետ կը նահատակուի Թիւնէյ կոչուած վայրը։