30.
ՎԱՐԴԳԷՍ
(ՅՈՎՀ.
ՍԷՐԷՆԿԻՒԼԵԱՆ).
—
Ծնած
է
Կարին
1871ին։
Նխն.
կրթութիւնը
հոն
ստանալէ
վերջ՝
ուսուցչութեամբ
կը
պարապի
ատէն
մը։
90ի
Կարնոյ
Մայիսեան
ցոյցին
մասնակցելով
կը
ձերբակալուի,
ապա
ներման
կ’արժանանայ։
Նոյն
տարւոյն
վերջերը
Պօլիս
գալուն՝
կը
վարէ
ուսուցչ.
պաշտօններ,
որոնցմէ
յիշատակելի
է
Կէտիկ
Փաշայի
ազգ.
վարժարանի
իր
տեսչութիւնը,
երբ
«Յ.
Զարմայր»
ծածկանունը
կը
կրէր։
1892ին
կը
մտնէ
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
մէջ
եւ
իր
գործօն
մասնակցութեան
հետեւանօք
կը
բանտարկուի
վերջապէս։
Բաբգէն
Սիւնիի
ղեկավարութեամբ
Օսմ.
Պանքայի
Օգոստոսի
ցոյցին
մասնակցող
19
հոգինոց
խումբէն
(որ
յետոյ
«Ժիռօնտ»
պահականաւով
Մարսիլիա
ղրկուեցաւ՝
Նէլիտօֆի
միջամտութեամբ։
Ժընէվ,
Պուլկարիա
եւ
Կովկաս
մնալով,
Վարդգէս
1899
Հոկտ.
ին
կ’անցնի
Վան,
ուր,
ոստիկանական
հսկողութենէ
կարելի
եղածին
չափ
խոյս
տալով՝
թագնաբար
կը
նուիրուի
նորէն
«Սուրբւ
Գործ»ին,
մինչեւ
5
Յունվար
1903,
եւ
—
մատնութեան
մը
զոհ
—
սրունքէն
վիրաւոր
ձերբակալուած
մահուան
կը
դատապարտուի,
բայց
ֆրնս.
բարեկամներու
ազգեցութեամբ՝
տրուած
վճիռը
կը
վերածուի
ցկեանս
թիապարտութեան։
1907ին
Արդընի
Մատէն,
յաջորդ
տարին
Տիարպէքիր՝
բանտէ
բանտ
տաժանագին
կեանք
մը
քաշկռտելով,
Վրայ
կը
հասնի
Սահմանադրութիւնը։
Ազատութիւնը
վերագտած՝
Պօլիս
կ’առնէ
շունչը։
Կ’ընտրուի
ազգ.
երեսփոխան
Սկիւտարէն,
իսկ
մէպուս՝
իր
ծննդավայրէն։
Օսմ.
Բառլամէնթին
մէջ
իր
ձայնը
գոռացած
է
միշտ,
եւ
ինք
պատուհաս
մը
դարձած՝
թուրք
ազգայնամոլ
ընկերներու
աչքին,
անկեղծ
եւ
անվերապահ
իր
խօսելակերպին
պատճառաւ։
Տեղական
հայ
եւ
օտար
լրագիրներ
օրը
օրին
սիւնակներ
կը
նուիրէին,
իր
յարուցած
զգայացունց
վէճերուն
արձագանգն
ըլլալով։
—
Ապրիլ
11ի
Մեծ
Կարաւանէն
վերջն
էր
որ
այս
աննկուն
հասարակական
գործիքն
ալ
աքսորի
ցուպը
ձեռք
կ’առնէ
—
Զօհրապի
հետ
ընկերովի,
—
եղերականօրէն
անփառունակ
անհետելով
միասին։