Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

31. ՄԱՐԶՊԵՏ (ՂԱԶԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ).



Ծնած է Թամզարա 1878ին։ Մանուկ հասակէն որբացած՝ կուգայ Պօլիս եւ Պէզճեան վարժարանը նխն. կրթութիւնը ստանալէ ետք, հօրեղբայրը կ’ուղարկէ զինքը Միւնիխ, ուր կ’աւարտէ իր մասնագիտութիւնը (Մանկավարժութիւն)։ Հոնկէ մեկնելով Պուլկարիա՝ պահ մը ուսուցչութեամբ կ’զբաղի, յետոյ իր պատկանած կուսակցութեան՝ Դաշնակցութեան կողմէ կ’անցնի Պարսկաստան, եւ Խոյի մէջ պատասխանատու ներկայացուցիչ կը կարգուի. սակայն յաչս պրսկ. կառավարութեան՝ կը ներկայանայ իբր Վէքիլը Խալիֆէ (առաջնորդի փոխանորդ)։ Կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն, մանաւանդ զէնքի փոխադրութեանց գործը ստանձնելով։ Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումին՝ կը մեկնի Թուրքիա եւ Բաղէշի մէջ գլխաւորաբար զարկ կու տայ կրթ. գործին, մտնելով ամէն խաւէ ներս։ Կուգայ Պօլիս եւ կը վարէ Եէնի Գաբուի դպրոցին տեսչութիւնը քանի  մը տարի, յետոյ Պուլկարիա կ’ուղեւորի կազմակերպական գործերով։ Ընդհ. պատերազմին սկիզները մայրաքաղաքս կը վերադառնայ։ Սարսափի օրերուն՝ պահուըտած կը մընար. բայց անձնուրաց եւ այլասէր մարդ նոր աքսորուած Թաւադեանը դիմումներով փրկելու փութկոտութեամբ՝ դուրս կ’ելլէ թաքստոցէն ու կամուրջին վրայ կը ձերբակալուի։ Կէս տարի Կեսարիա տարագիրի կեանք մը բոլորելէ ետքէ կ’աջողի համոզել Վալին, զինքը Պօլիս վերադարձնելու համար, յայտարարելով թէ կարեւոր յայտնութիւններ ունի ընելիք, մանաւանդ երբ Կովկաս երթար՝ Թուրքիոյ ի նպաստ բրօբականտ պիտի ընէր…։ Սակայն գալէն քանի մը օր վերջ կրկին կ’աքսորուի։ Թռուցիկի ձեւով հրատարակած է «Զուլումաթի» զինւոր Օհաննէսի կենսագրութիւնը, իսկ Պօլիս՝ Մանկական Աշխարհը։ Կը կոչուէր նաեւ «Մարզպետունի»։ «Հայկ Առաքելեան» իր աւստր. հպատակութեան կեղծանունն էր՝ զոր կը գործածէր Պարսկաստան։ Երկու անհատ, «մտաւորական»ն ու «հայդուկ»ը կ’ապրէին իր մէջ։