Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

67. ՐՈՍՏՈՍ (ՐԻՒՍԹԷՄ, ՐՈՍՏՈՄԵԱՆՑ).



«Արիստակէս» ալ կը կոչուէր։ Ծն. Աղեքսանդրապօլ 1861ին։ 18 տարեկանին Պօլիս գալով՝ ներկայացուցիչ կը կարգուի «Գէորգօֆ» առեւտր. Տան մասնաճիւղին (որ մեծ գործառնութիւն ունէր Կովկասեան մետաքսի եւ կապերտի), շնորհիւ իր ուշիմութեան եւ ուղղամտութեան. պաշտօ՛ն զոր 20 տարի ձեռնհասօրէն կը վարէ, պատիւ ու վարկ շահելով ամենազգի օտարականներէ։ Այնուհետեւ հրապարակի վրայ անկախաբար կը գործէ եւ կ’ընդարձակէ գորգի գործառնութիւնը, մինչեւ իր Ապրիլ 11ի քմահաճ տարագրումը, վասն զի ո՛չ կուսակցութեան մը կը պատկանէր, ո՛չ ալ ազգ. գործունէութիւն մը ունեցած էր։ Յեղ. յայտնի գործիչ «Ռոստոմ»ի անուանակից ըլլալուն՝ իրր ա՛յն ձերբակալուած։ Լաւ ճանչցուած դէմք մը՝ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ։ Բարութեան եւ ազնուութեան մարմնացումը։ Ռուսահպատակ։