Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

149. ՎՌԱՄԵԱՆ (ՕՆՆԻԿ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ).



Ծն. Կօսկա (Պօլիս 1871ին։ Նխն. կրթութիւնը Սուրէնեան Վարժարանը ստանալով, Լ. Շանթի հետ կ’ուղարկուի Էջմիածին եւ կ’աւարտէ ճեմարանի շրջանը։ Պօլիս դարձին, ռուսերէն լաւ գիտնալուն՝ ռուս նամակատունը պաշտօնի կը կոչուի, եւ այդ աոթիւ կը նպաստէ շոգենաւերէն ուժանակի փոխադրութեանց գործին։ Նոյն միջոցներուն էր որ կը հրատարակուէր Շահնազարի «Հայրենիք»ը, որուն մէջ ունի շահեկան յօդուածներ Օգիմդա ծածկանունով։ Թունտ Դաշնակցական։ Պանքայի դէպքին՝ կը հալածուի ու կ’ապաստանի ռուս հիւպատոսարան։ Ամիս մը հոն պահուըտելով՝ Պուլկարի մը անցագիրը կ’աջողի ձեռք ձգել եւ անցնիլ Ֆիլիպէ ուր կ’սկսի հրապարակախօսութիւններ ընել։ Կը մեկնի Ժընէվ, եւ ատեն մը «Դրօշակ»ի խմբագրութեան մէջ կը մնայ։ Հոդ էր որ իր ընկերներէն Վահապ ալ կը կոչուէր։ Կ’անցնի Ամերիկա եւ անձնատուր կ’ըլլայ տենդագին գործունէութեան մը, իբր լրագրող (Պօսթընի Հայրենիքին խմբագիր), պայքարող եւ բեմբասաց։ 1907ին Կովկաս կը դառնայ եւ Սահմանադրութեան հռչակումին կ’երթայ Վան ուր միշտ իբր հասարակական գործիչ կը մնայ տարի մը։ Պօլիս դարձին՝ կ’աշխատակցի «Ազատամարտ»ի. (անստորագիր խմբագրականներէն ոմանք իր գրչէն ելած են)։ Բառլամէնթական Բ. ընտրութեանց ատեն՝ Վանի մէպուս կ’ընտրուի։ Քանի մը հեղ Վան ու Պօլիս իր առաքելութենէն վերջ, Ընդհ. Պատերազմին սկիզբները հոն էր կրկին։ Ինք ամէն ջանք թափեց՝ կանխելու համար այն չարիքը զոր Իթթիհատ կը սաղմնէր։ Կուսակալ ճէվտէթ «Վանայ Իշխան»ը սպաննելէ ետք՝ հեռաձայնով իր մօտ կը հրաւիրէ Արամն ու զինքը։ Վռամեան կը գրէ ընկերոջը. «Ես կ’երթամ կոր, դուն կեցի՛ր». յետոյ կը մեկնի պաշտօնատուն, ա՜լ չվերադառնալու պայմանաւ։ Հայ Վերածննդեան անխախտ դաւանանքով եւ Հայ Ցեղի մասին ունեցած իր բարձր համարումով, անիկա պիտի ապրի մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ իբր մոլեռանդ հայրենասէր։