Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

29. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՊՕՅԱՃԵԱՆ (ՄՈՒՐԱՏ).



Ծնած է Հաճըն 1867ին։ Ուսումը տեղւոյն Միացեալի դպրոցը ստանալէ վերջ՝ կուգայ Պօլիս եւ Իտատի վարժարանէն վկայուելով կը մտնէ Բժշկ. համալսարան, ուրկէ թերաւարտ՝ կը ստիպուի հեռանալ։ 1888ի Հնչ. Կուսակցութեան առաջին կազմակերպիչը, Համիտեան Ռէժիմի դէմ իբր թունդ բողոքարկու եւ գլխ. կազմակերպիչ Գումգաբուի «անզէն ցոյց»ին՝ որուն հետեւանօք կը փախչի Աթէնք։ Կեդրոնին հրահանգով Կովկասէն կ’անցնի Սասուն, ղեկավարելու 95ի յեղափոխութիւնը որ հուսկ ուրեմն առիթ տուաւ Եւրոպ. միջամտութեան եւ Մայիս 11ի Բարենորոգմանց Ծրագրին։ Սասնոյ շրջանի բնակչութիւնն իր փրկիչը նկատած է զինք, քանի որ կրցած է ապրիլ կեանքի, ինչքի ու պատիւի ապահովութեամբ, գոնէ միջոց մը։ Այդ ապստամբութեան ընթացքին է որ Մուրատ ձերբակալուելով Բաղէշի բանտը կ’առաջնորդուի, ուր 2 տարի կը մնայ։ Դատավարութիւնը տեղի ունենալով՝ կ’արձակուի մահուան վճիռ, որ օտար ազդեցութեամբ կը վերածուի ցկեանս բերդարգելութեան։ 12 տարի Տրիպօլիս արգելափակ, 1904ին կ’աջողի խոյս տալ դէպի Ֆրանսա։ Բարիզ պահ մը մնալով կը մեկնի նոր Աշխարհ, Ամերիկահայոց խանդավառ, ցոյցերուն առարկայ։ Սահմանադրութեան վաղորդայնին Պօլիս գալուն՝ կ’ընտրուի ազգ. երեսփոխան Գումդաբուէն, եւ մէպուս՝ Ատանայէն։ Բառլամէնթին մէջ կը հակառակի ոչ-իսլամներու զինւորագրութեան, նաեւ Սուլթանին իրաւասութեանց ընդլայնումի խնդիրներուն մէջ. իսկ Կիլիկիոյ աղէտին խստօրէն կ’արտայայտուի, որով հակառակորդ, կ’ունենայ թուրք, պաշտօնակիցներ։ Անդամ Քղք. Ժողովի։ Քեռայր Տքթ. ճէլալի։ Հին բռնակալութեան շրջանին՝ յանուն Հայ Ազատագրութեան կախաղան բարձրացող Անմահն Ժիրայրի եղբայրը, որ տարինե՜ր վերջ —24 Օգոստ. 1915ին պիտի անմահանար նոյնպէս, վիզին անցուած չուանէ հանգոյցին հետ՝ վերջակէտը դնէլով իր Ցեղին Մարտիրոսագրութեան, ազատաբաղձ ա՜յնքան Հայորդիներու նման։