Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

60. ԱԲՐԱՀԱՄ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ.



Ծն. Ռոտոսթօ 1870ին եւ հոն ստացած նխն. կրթութիւնը։ Քաղքին Ս. Խաչ թաղի դպրոցը, նաեւ Չօրլու ուսուցչական պաշտօններ վարելէ վերջ՝ Պօլիս կուգայ, մէկ կողմէ դասախօսելով զանազան թաղերու դպրոցներուն մէջ, միւս կողմէ ուժովցնելով թուրքերէնն ու աշխարհագրութիւնը որոնք իր մասնագիտութիւններն էին։ Սահմանադրութենէն տարի մը ետքը՝ Բերա՝ Նշան Թաշ կը հիմնէ Արդի Վարժարանը զոր ապա Օրթաքէօյ կը փոխադրէ։