23.
ՇԱՒԱՐՇ
ՔՐԻՍԵԱՆ.
—
Ծնած
է
Պէշիքթաշ
9
Յուլիս
1886ին։
Յաջորդաբար
աշակերտած
է
Մաքրուհեանի,
Պարտիզակի
ամերիկեանի,
Պէրպէրեանի
եւ
Ռ.
Գօլէճի.
իսկ
1906ին
Բարիզ
անցնելով՝
յաճախած
մարմնամարզական
վարժարան,
Լիսէ
Ժանսօն
(Տէպօնէ),
ապա
Լօնտօն՝
2
1/2
տարի
աշակերտելով
Սանտօվի
եւ
վկայուելով։
Պօլիս
դարձին՝
մարմնամարզի
ուսուցիչ
կը
կարգուի
զանազան
դպրոցներու,
եւ
մասնաւոր
դասեր
ստանձնելէ
զատ՝
կը
կազմէ
մարմնամարզական
ակումբներ
այլեւայլ
արուարձաններու
մէջ։
1911
Փետր.
էն
սկսեալ
հրատարակած
է
Մարմնամարզ
պատկերազարդ.
ամսաթերթը
(յետոյ
կիսամսեայ)
որ
4
տարուան
մօտ
կեանք
մը
ունեցաւ
եւ
որուն
բովանդակութենէն
շատեր
օգտուեցան,
իբր
«ազգպյին
ֆիզիքական
կրթութեան
օրկան»է
մը։
—
Յ.
Թ.
Հինթլեանի
հետ
հրատարակած
է
նաեւ
Պօյ-Սքաութը
եւ
իր
կեանքին
նպատակը
գրքոյկը։
—
Եղբայր
Տքթ.
Ճանիկ
Քրիսեանի։
—
Դաշնակցական։