Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

71/73. ԼԵՒՈՆ ՇԱՇԵԱՆ.



Ծնած է Պրուսա 29 Դեկտեմբեր 1890ին։ Երախայութեանը Պօլիս փոխադրուելով ընտանեօք, ուսումը կ’ստանայ Լուսաւորչեան դպրոցը։ Հայ կաթոլիկ Շաշեան յայտնի գերդաստանէն վառվռուն եւ անձնուէր երիտասարդ մը որ արկածախնդիր կեանք մը վարած է Պուլկարիա եւ Եգիպտոս։ Սահմանադրութենէն վերջ՝ Պօլիս յանձնակատարութեամբ կ’զբաղէր եւ յեղ. կուսակցութեանց գաւառ. զէնքի առաքումներու գործին մէջ կարեւոր դեր մը կը խաղար։ Կինը՝ ֆրանսացի։ Առաջին բանտարկութիւն մը լրացնելէ ետք՝ զին. տարիք ունեցող Հայերու արտասահման փախուստը դիւրացուցած ըլլալուն ամբաստանութեամբ կրկին ձերբակալուելով 5 տարուան կը դատապարտուի Պատերազմ. Ատեանէն։ Բանտակից ընկեր՝ այս տողերը գրողին, Պօլսոյ Հապսհանէի Ումումիին մէջ։ Կայս. ներումէ մը օգտուելով ազատ արձակուելուն, 1915 Յունիսին՝ անխոհեմութիւնը կ’ունենայ քարափին վրայ խնդակցութիւնը յայտնելու Այաշէն աքսորադարձ պուլկարահպատակ Քրիսի, եւ նոյնհետայն ձերբակալուելով կը քշուի Տէր Զօր՝ ուր ահագին հայութիւն մը լեցուած էր արդէն։ Հոն, Պէլէտիէի Քրաաթհանէն կը վերածէ պանդոկ-ճաշարանի եւ մեծ օգտակարութիւն ցոյց կուտայ չքաւոր տարագիրներու։ Կը փոխուի քաղքին կառավարիչը, կը յաջորդէ Զէքին որ 1916ի Յուլիսեան ահաւոր ջարդը կազմակերպեց։ Բանտի տանջանքներէ վերջ՝ Լեւոն կը փոխադրուի Մուրատ գիւղը, Գաղատացի Տ. ԿՂԵՄԷՍ ՎՐԴՊ. ՔԱՀՎԷՃԵԱՆ, (№ 72), Մարաշցի Տ. ՅՈՎՍԷՓ (№ 73) եւ քանի մը Զէյթունցիներու հետ, բոլորն ալ նահատակ։ [Քաղուած՝ Զօրէն դարձող Կիւրինցի Տկ. Կատար Տատուրեանէ, Քղեցի որբ Գր. Մարկոսեանէ եւ Ախալքալաքցի Սրգ. Մակարօֆ ռուսահայ քաղաքական գերիէն]։