Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18. ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (Ինքնակենսագրութիւն).



Ծնած եմ 3 Հոկտ. 1873ին Մալկարա, մենաւոր, աղքատ, աղտոտ ու մեռած՝ արեւելեան գիւղաքաղաք մը, որունգարնանային արշալոյսերն ու աշնանային վերջալոյսերը հրաշալի են սակայն։ Ուսումս առած եմ շատ անկանոն եղանակով՝ ծննդավայրիս նախակրթարանը, շրջան առանց բոլորելու։ Դպրոցը թողելէս անմիջապէս յետոյ՝ մտած եմ հօրս խանութը, իբր կենսաշահութիւն։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին' դուրս չեմ ելած Մալկարայէ. չեմ ճամբորդած։ Գրականութիւն ըրած եմ իբր սիրող։ Կարծեմ թէ գրած եմ, որովհետեւ չէի կրնար չգրել. բայց ըրածիս վրայ հաւատք չունիմ։ Երկասիրութիւններս են՝ քերթուածներու 2 հատոր, Լքուած Քնար (1902) եւ Երկունք (1906). տեսակ մը վարանումով կուտամ անոնց անունները։ Պատրաստ ունիմ հատոր մը, Նոր Քնար՝ որուն վրայ երկարօրէն աշխատած եմ, կարելի է ըսել՝ տարիներով. քիչ մը կը յուսամ թէ լաւագոյն գործս պիտի ըլլայ ան։ Ընդարձակ առումով, գրականութեան շահը կը նկատեմ գերագոյնը բոլոր կարելի շահերուն։ Աշխարհի տեսարանն՝ ըստ գեղեցկութեան զգալու պայմանով միայն՝ ապրելուն մէջ շահեկանութիւն կը գտնեմ։ Թերեւս՝ բոլոր պարապութիւններուն լաւագոյնը Գեղեցիկին պարապութիւնն է. անտարակոյս ճաշակի խնդիր. այս՝ իմ ճշմարտութիւնս է։

* * * Տաղանդաւոր գրագէտը կանուխէն աշխատակցած է թրքահայ մամուլին՝ քերթուածներով, գեղեցիկ արձակներով եւ քննադատականներով, որոնք յայտնի անուն մը ապահոված են իրեն։ Գրականութեան մէջ իր մուտքը բանաստեղծութեամբ ըրաւ՝ Կարօ ծածկանունով, եւ քերթողը ցվերջ ապրեցաւ իր մէջ. իսկ իբր արձակագիր եւ գեղագէտ-քննադատ' անժխտելի կարողութիւն մի ցոյց տուաւ իր գրական վերլուծումներով։ Երէց եղբպյր՝ գրագէտ Վահան Յարութիւնեանի։

 

Ն Կ Ա Ր Ա Գ Ի Ր  Ե Ւ  Բ Ա Ր Ո Յ Ա Կ Ա Ն

Այսօրուան իմացական դաստիարակութիւնը չի յաւակնիր իմացականութիւն մը տալ անոնց՝ որ չունին զայն: Անոր ձգտումն է կատարել յայտադեղի (revelateur) ճիշդ դեր մը:

Լուսանկարչական զգայուն տախտակին անբիծ երեսին վրայ hydroquinoneի լուծոյթ մը  կը լեցնեն, ու երեւան կուգայ յանկարծ պատկերը՝ որ կար հոն անտեսանելիօրէն միայն: Բազմաթիւ տեսակի յայտադեղեր կան. անոնցմէ մէկը միւսէն աւելի լաւ կրնայ ըլլալ:

Արդի դաստիարակութիւնը յայտադեղեր կ’առաջարկէ մարդկային իմացականութեան զարգացման համար: Ու այս անգամ իր դերին մէջն է, համեստ՝ բայց յարգելի դեր մը:

Միեւնոյնն է նաեւ նկարագրի կրթութեան համար: Մարդուն մէջ երբեմն կան գաղտնի գանձեր: Կ’սպասեն այն ձեռքերուն՝ որ դուրս պիտի հանեն զիրենք ենթագիտակցութեան մթութիւններէն:

Բարոյականի գիրք մը բարոյական չի տար անո՛ր որ անընդունակ է կամ անզգայ՝ զայն ընդունելու. բայց շատ օգտակար կրնայ ըլլալ անո՛ր համար որուն մէջ բարի սերմերը կան բարոյական յատկութիւններու:

(Անտիպ) 1912

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ