Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

137. ԳԱՌՆԻԿ ՊՕՅԱՃԵԱՆ.

Ծն. Շ. Գարահիսար, 35 տարու։ Կանուխէն Պօլիս գալով՝ կ’զբաղի առեւտուրով (սրճագործութիւն) ու կը մտնէ Հնչ. շարքին մէջ։ 1914ին կը ձերբակալուի՝ իբր մասնակից Թալաթի դէմ գործուելիք ոճրափորձի մը։ Ազատ արձակուելու պահուն՝ պայման կը դրուի իրեն 30 ոսկի ճարել, 15 օրէն հատուցանելի։ Այդ գումարն օրին չկրնալ հայթայթելուն՝ կրկէն կը նետուի բանտ։ Իր հուսկ բանքը խոստովանահօր ուղղեալ. «Տէր Պապա, գնա՛ ըսէ որ 30 ոսկի չունենալո՛ւս համար կը կախուէմ կոր…»։