Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

51. ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ԱՐԱՊԵԱՆ.



Ծն. Մալկարա։ 20 տարեկանին՝ Դաշնակցութեան մէջ մտնելով կ’անցնի Պուլկարիա, ուր կ’զբաղի զինագործութեամբ մինչեւ 1908։ Թուրքիա դարձին՝ կը մտնէ Օսմ. Բանակին մէջ, իբր զինագործ-մեքենագէտ. կը ղրկուի Սանաա՝ հոնկէ աշխատակցելով «Ազատամարտ»ի Վռամ ստորագրութեամբ։ 1915ի սկիզբները Պօլիս կը գտնուէր։