2.
ՅԱՐՈՒԹԻԻՆ
ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ
(ԱՏՈՄ).
–
Ծնած
է
Շ.
Գարահիսար
1860-ին։
Նխն.
կրթութիւնը
հոն
ստանալով՝
Պօլիս
կուգայ
եւ
կը
վկայուի
Կալաթա
Սէրայի
Լիսէէն։
Պահ
մը
ուսուցչութիւն
ալ
ըրած
է
իր
ծննդավայրին
մէջ։
–
Իննսունական
թուականներուն՝
աշխատակցած
Շահնազարի
«Հայրենիք»ին։
Ամուսնացած
է
Տրապիզոն,
որուն
1896ի
կոտորածին՝
յայտնի
ջարդարար
Նէմլի
Զատէ
Հաճի
Օսմանի
հետապնդումին
վրայ
կ’ապաստանի
Օսմ.
Դրամատուն։
3
օր
յետոյ
դուրս
ելլելուն՝
ձերբակալուելով
բանտ
կը
նետուի։
Օտար
միջամտութեամբ
ներման
արժանանալով,
13
ամսուան
բանտարկութենէ
մը
վերջ
(որու
միջոցին՝
ցկեանս
բերդարգելութեան
վճիռը
ստացած
էր)
ազատ
կ’արձակուի։
Անգլ․
լեզուն
սորվիլ
արգելափակ
կեանքին
միակ
մխիթարութիւնը
կ’ըլլայ։
Այլ
եւս
նոյն
քաղաքը
մնալը
վտանգաւոր
նկատելով՝
97ի
վերջերը
կը
փախչի
Պաթում,
ապա
Թիֆլիզ
ուր
ռուսերէն
կ’ուսանի,
եւ
քանի
մը
տարիէն
լեզուին
հմտանալով՝
քննութիւն
կ’անցունէ
եւ
փաստաբանութեան
վկայական
կ’ստանայ։
Իր
արուեստը
բաւական
ատեն
կիրարկելէ
վերջ՝
կը
քաշուի
այդ
ասպարէզէն,
Մանթաշէֆի
գործերուն
իբր
վարիչ
պաշտօնավարելով:
–
Դաշնակցութեան
կարկառուն
դէմքերէն
մին,
անխոնջ
աշխատանքով
ձեռք
բերած
օրէնսգիտական
իր
հմտութեամբ
եւ
իր
երկաթէ
տրամաբանութեամբ:
Կանուխէն
նուիրուած
է
հանրային
գործուէութեան
եւ
ապրած
է
միշտ
իբրեւ
անհաշտ
ազատական։
Սահմանադրութեան
հռչակումին
կուգայ
Պօլիս,
եւ
հակառակ
իր
յառաջացած
տարիքին՝
կը
ներկայանայ
կրկին
պայքարի
նո´յն
աննկուն
մարդը,
թէ´
ազգ․
երեսփոխաններու
ժողովատեղին
եւ
թէ´
մամուլին
մէջ,
ամէնուն
ակնածանքին
առարկայ
դառնալով։
–
Հրատարակած
է
ուշագրաւ
յօդուածներու
շարք
մը
«Ազատամարտ»ի
մէջ,
որուն
անստորագիր
խմբագրականներէն
ոմանք
իր
գրչէն
ելած
են։
Դաշնակց․
բազմաթիւ
թերթերու
մէջ
ունէր
աշխատակցութեան
իր
բաժինը՝
Նինի,
Վաղինակ
եւ
Ատոմ
ծածկանուններով
(այս
վերջինը՝
զաւկին
անունը)։
–
Ազգ․
երեսփոխան
ընտրուած
Սկիւտարէն։
–
Անգամ
մը՝
Իթթիհատէն
հրաւիրուած
է՝
անդամակցելու
Պետական
Խորհուրդի,
բայց
մերժած
է։
–
Երկերը՝
Պետական
նորոգութիւնն
ու
հողային
հարցը,
Մեր
Հաւատամքը,
Ազգ.
Սահմանադրութիւնը,
Բարենորոգումներու
հարցը,
Օսմ.
Կայսրութեան
անկման
պատմութիւնը,
Ամուսնական
խնդիրը։
Ասոնցմէ
զատ
կայ
Ապազգայնացում
գիրքն
ալ՝
իսկոյն
փճացուած։
Կը
թողու
անտիպներ՝
Բերա,
Յոյնի
մը
քով
պահ
դրուած։
–
Ա․
Անտոնեանի
«Կաւէ
արձաններ»ը
երգիծական
հատոր
մըն
է
Շահրիկեանի
վրայ։
Մ
Ե
Ծ
Դ
Է
Մ
Ք
Ե
Ր
Մեծ
ազգերու
պատմութիւնը
անոնց
Մեծ
Դէմքերուն
պատմութիւնն
է։
Ջնջեցէ´ք
Կեսարներու,
Աղեքսանդրներու,
Արիստոտէլներու
պատմութիւնը,
եւ
այլ
եւս
չմնար
փայլը
Հռոմէական,
Մակեդոնական,
Յունական
մեծութիւններէն
ու
փառքերէն։
Բայց
այս՝
պայմանադրական
ճշմարտութիւն
մըն
է։
Այդ
մեծութիւնները
չէին
կրնար
դարբնուիլ,
եթէ
միջավայրը
եւ
զանոնք
ծնող
ժողովուրդները
ընդունակ
չըլլային
այդ
մեծութիւնները
ծնելու,
սնուցանելու,
մէկ
խօսքով՝
դարբնելու։
Անհատին
դերը
մեծ
եղած
է.
ու
դեռ
երկար
դարեր
պիտի
ունենան
անհատները
իրենց
մեծ
կշիռը․
գուցէ
այդ
ծանրութիւնները
պիտի
կշռեն
ցորչափ
մարդկութիւնը
կ’ապրի,
բայց
երբեք
անհատները
չե´ն
կրցեր
ժողովուրդները
քաշել
իրենց
ետեւէն,
չէ
ստեղծուած
ո՛չ
մէկ
քաղաքակրթութիւն,
չէ
կատարուած
ո՛չ
մէկ
յեղաշրջում
եթե
անոնց
պատկանած
ժողովուրդներու
ձգտումներէն,
հոգեբանութենէն
չեն
արտադրուած,
հետեւորդներ
չեն
ունեցած,
բանակներ
չեն
կազմուած։
Այդ
պատճառով
է
որ
կ’ապրին
ա´յն
ժողովուրդները
որոնք
անցեալի
հպարտութիւնն
ունին,
ներկային
պինդ
փարած
են
իրենց
ստեղծագործութիւններով
ու
իտէալներով,
եւ
որոնք
իրաւամբ
վստահաբար
կը
նային
ապագային։
Յ.
ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ