Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

9. ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ.


Ծնած է Խարբերդ 1874ին։ Նխն. կրթութիւնը ստացած հոն, յետոյ ուսուցչութեամբ պարապած եւ յեղափոխականի իր հակումներուն պատճառաւ ձերբակալուած։ 1904ին կ’անցնի Իզմիր, Մանիսայի մէջ կը մնայ ուսուցչ. պաշտօնով, եւ երբ հալածանքը կ’սկսի նորէն՝ յաջորդ տարին կը փախչի Ֆիլիպէ եւ կ’սկսի հրատարակել Ռազմիկ թերթը, մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակումը։ Ծածկանունները՝ «Հրաչեայ» եւ «Էժտէհար»։ Թունդ Դաշնակցական։ Ունի գրական ջղուտ, յղկուած եւ պատկերալից ոճ մը, եւ իր նիւթերը քաղած է գաւառիկ տեսարաններէ, հէքեաթներէ եւ մարտաշունչ ըմբոստ կեանքերէ, որոնցմով շինած է վարպետ արձակագիրի աչքառու անուն մը։ Զանազան լրագիրներու եւ պարբերականներու մէջ հրատարակած իր արձակ էջերը 1910ին խմբած է Ցայգալոյս հատորին մէջ։ Իր գրուածքներէն ուշագրաւ են «Սարերու տղան» (Մասիս 1902), «Վա՜խ ես մեռնէի» (Ա[րեւելեան] Մամուլ), «Սեւ հաւը կանչեց» (Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի), «Պահակները արթուն են» եւլն. ։ Պօլիս գալուն, պահ մը «Ժամանակ»ի աշխատակցելէ վերջ՝ 10 Յ[ու]ն[ի]ս. 1909ին հիմնեց Ազատամարտ օրաթերթը, զոր մինչեւ իր տարագրումը շարունակեց ձեռնհասօրէն, իր շուրջ խմբելով յայտնի գրագէտներ ու հրապարակագիրներ եւ օրը օրին հրատարակելով օրուան հարցերու մասին կուռ խմբագրականներ՝ անստորագիր։ Ատենախօսած է Հ[այ] Յ[եղափոխական] Դաշնակցութեան կազմակերպած զանազան միթինկներուն, եւ ազգ[ային] երեսփոխան ընտրուած։ Հրատարակած է Մեղրագետներու շարքը, գր[ական] հաւաքածոներ՝ դասագիրք 1911-14ին, նաեւ «Յաւելուած Ազատամարտի» եւ «Բագին» շաբաթաթերթերը»։ «Հայ աքսորականը» ծածկանունով Ֆիլիպէ տպուած Առիւծի ժանիքէն իր գրքոյկը բանտի իր յուշերը կը բովանդակէ։

 

ԱՐԻՒՆ ԵՒ ԱՐՑՈՒՆ Ք

Ժողովուրդներու արիւնը այնքան առատ ու անհաշիւ հոսած է՝ որքան անօրինակ, աննախընթաց ու հազուադէպ եղած է խղճահարութիւնը Բռնաւորին մութ հոգիին մէջ: Բայց Բռնաւորին Արցունքը չէ կաթած երբեք պատմութեան մէջ:

Ահա թէ ինչո՞ւ համար վշտակիր մարդկութեան Տառապանքն ու Արիւնը՝ իբրեւ նախատինք ու վրէժխնդրութիւն պիտի շարունակեն պղպջալ ու վեր ժայթքել միշտ բռնաւորներու պալատներուն սեմին վրայ եւ բազմատեսակ բռնութեանց ընդդէմ, մինչեւ որ ընկերական արդարութեան ու ազատութեան մեծ Գաղափարը գայ վերջ դնելու մարդկային ստրկութեան եւ շահագործութեան, խնայելով Բռնաւորներուն պղնձէ աչքերը՝ կարեկցութեան արցունքներէ, եւ մարդկութիւնը՝ իր ծով արիւնէն:

Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ