Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

48. ՍԱՔՕ.

Կովկասահայ, Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան յայտնի դէմքերն։ Ուսած է գիւղատնտեսութիւն Բարիզ, եւ ուսանողութեան շրջանին՝ յարաբերութիւն հաստատած Նազար Բէկի եւ այլոց հետ։ 95ի Սասնոյ ապստամբութեան ատեն՝ ինք էր որ նիւթական եւ բարոյական ամէն օժանդակութիւն կը փութացնէր հերոս Մուրատի . Պօյաճեան)։ Բազմիցս մասնակցած Կովկասի Հնչ. յանձնախումբին եւ անդամ «Գաղափար» թերթի խմբ. մարմինին։ Հայատեաց Կալիցինի տէրօրը կազմակերպողներէն ըլլալով՝ ռուս կառավարութիւնը կ’աքսորէ զինք Սիպերիա։ Օսմ. Սահմանադրութենէն ետք կուգայ Պօլիս ուր կը մնայ մինչեւ իր տարագրումը։