Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

144/148. ԻՇԽԱՆ (ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ).



Ծն. Ղարապաղ 1879ին եւ աշակերտած Շուշիի թեմական դպրոցը։ Կանուխէն կ’իջնէ յեղափոխական ասպարէզ. նախ կ’աշխատակցի Ք. Միքայէլեանի՝ Շուշիի Դաշն, կոմիտէի մէջ եւ 1905ին կ’անցնի Վան ուր ցվերջ կ’ապրի իբր զինւորական ղեկավար Վանայ շրջանին։ Թիմար, Հայոց Ձոր, Գաւաշ, Շատախ, կեդրոննե՛ր ուր կը գործէ, կը զինէ ու կը կռուի անդուլ, գիւղացւոց պաշտամունքին առարկայ դառնալով։ Անուս գեղջուկ մանկտին դաստիարակելու եռանդէն տարուած, ընկերներու աջակցութեամբ բոլոր այդ տեղերը բանալ կուտայ բազմաթիւեւ դպրոցներ ուր կը դասախօսեն Վանի Կեդրոնականէն ելլող երիտասարդներ։ Այդ դպրոցներէն յիշատակելի է Աղթամարինը մանաւանդ։ Սահմանադրութենէն յետոյ Իշխան կը գործէ կրկին՝ գրչով ու լեզուով. կ’աշխատի «Աշխատանք» թերթին եւ բանախօսութիւններ կ’ընէ զանազան միթինկներու։ Քղք. Ժողովի անդամ, մասնաւորապէս զարկ կուտայ կրթ. գործին։ 1914ին Շատախ ենթակայ կ’ըլլայ քիւրտ յարձակումի մը, դէ՛պք որ ծանր համեմատութիւններ կ’առնէ։ Կառավարութիւնը հարկ կը տեսնէ քննութիւն մը կատարել։ Դաշնակցութեան տեղական մարմինն ալ քննիչ կը նշանակէ Իշխանը ՉՈՐՍ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՎ որոնք իսկոյն ճամբայ կ’իյնան, սակայն կուսակալ ճէվտէթի սադրանքով անոնք առաջին գիշերն իսկ քնացած ատեննին կը խողխողուին Վերին Հայոց Ձորի կողմերը։

Առաջին արիւնն էր այս որ կը թափուէր Վասպուրականի մէջ, որմէ յետոյ Հայաշխարհի հողը ճակատագրուած էր ծայրէ ի ծայր ներկուելու կարմիրով, իր գետերն ալ ողողուելու դիակներով: Քասքնելի՜ տռամ, բեմադրուած՝ Իթթիհատի ջոլիրին կողմէ գերման ռէժիսէօռութեամբ որ «Ճերմակ Կոտորած»ի գիւտն ալ երկնեց, յերկեմենից եւ ի խոնարհ մէկ միլիոն ա՛յսչափ զոհերով՝ որոնց ճշգրիտ մահագրութիւնը կարողութեան սահմանէն դուրս է որ եւ է պատմագիրի։ Պիտի թուենք ատոնցմէ յայտնիներն ու եղերական վախճան ունեցողները մանաւանդ, վերապրողներու կողմէ պատմուած, կամ լրագրութեան միջոցաւ ցարդ արձագանգուած, ակամայ մոռցուածներ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ Բ. տպագրութեան առթիւ աւելցնելու առաջադրութեամբ: