Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

7. ՀՐԱՆԴ (ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ) –


Ծնած է 1859 Սեպտ. ին Հաւաւ (Բալու)։ 1870ին Պօլիս պանդխտելով՝ կը յաճախէ Սկիւտարի ճեմարանը մինչեւ 1875, դասընկեր ունէնալով ՄիՀրան Դուրեանը (յետոյ Եղիշէ Եպսկ. ), ապա Ս. Խաչ – Ս. Միսաքեանի դասերուն։ 1878էն մինչեւ 96, անխոնջ կերպով աւանդած է գրաբառ. լեզուն ու հայկական դպրութիւնը զանազան դպրոցներու մէջ (Ռոտոսթօ, Ղալաթիոյ Կեդրոնական, Սամաթիոյ Նունեան-Վարդուհեան, Մեզպուրեան եւն. )։ 96ի դէպքին Վառնա կը փախչի ուր Օր. Արմ. Մինասեանի հետ կը բանայ Արծրունեան վարժարանն ի յիշատակ Գր[իգոր] Արծրունիի՝ որուն հիացող մըն էր։ 98ի աշնան Պօլիս դարձին բանտ կը նետուի եւ 6 ամիս վերջ կ’աքսորուի Գասթէմունի, ուր ապրած է 10 տարի, ուսուցչութեամբ պարապելով։ – 1883էն սկսեալ անընդհատ աշխատակցած է պօլսահայ թերթերու (Մասիս, Արեւելք, Հայրենիք), լեզուական եւ ազգ[ային] հարցերու շուրջ յօդուածներով՝ որոնցմէ անմոռանալի պիտի մնայ շարքը Պանդուխտի կեանքէն խորագրով իր պատկերներուն, կեանքով ու տառապանքով թրթռուն։ Վտարանդի կեանքին մէջ – երբ արգիլուած էր իրեն գիրք ու գրիչ – դողնիդող արտադրած է ճախճախուտքին մէջ՝ երկու առանցքի վրայ տոհմային կեանքէ ստուար վէպը, զոր անստորագիր սկսաւ թերթօնել «Սուրհանդակ» եւ զոր 18 թիւ վերջ ակամայ ընդհատեց… գրաքննութեան հոտառութեան հետեւանօք։ – Հրանդ գրաբառի խնդիրներու մէջ երկիցս չափուած է հեղինակաւոր անձերու հետ (Պէրպէրեան ու Դուրեան) եւ ցոյց տուած խոր հմտութիւն։ Վառնա գաղթին, Շաւասպ ծածկանունով աշխատակցած է «Շարժում»ի, իսկ Օսմ[անեան] Սահմանադրութենէն ետք Պօլիս դարձին՝ եռանդեամբ նետուած ուսուցչական ասպարէզ, առանց լքելու գրչի իր պարապումները։ Ազգ. երեսփոխան։ Դաշնակցական։ – Ունի Գրաբար լեզու դասագիրքը, Մեսրոպ եւ Սահակ անուն հայ նշանագրերու պատմութիւնը, նաեւ Թէ ի՞նչ կը խորհին կիները իրենց ամուսիններու մասին թարգմանութիւն։

 

Գ Ի Ր    Ո Ւ    Գ Ի Ր Ք

…Մենք չենք գտներ բան մը որ ա՛յնքան մերը ըլլայ՝ որքան գիր ու գիրք. նոյն իսկ թարգմանութեան մէջ որ հայ գրիչներու աոաջին գրական աշխատանքը եղաւ, ա´յնքան փառալից եւ հոյակապ է այդ դրոշմը: Աստուածաշունչի մէջ Եսայ, Երեմիա, Դանիէլ, Յոբ, Դաւիթ միշտ տուած են մեզի անուշ պատրանք մը ազգայնացած մտածումներու: Նոյն հմայքին ներքեւ կը կարդանք Ոսկեբերանը՝ վճիտ կանոնաւորութեամբ, իշխանապերճ հայերէնով մը, այնպէս որ ան իբրեւ թէ մերը ըլլար: Սկզբնագրին մէջ սովորական ոճով ըսուածը՝ հայ թարգմանութեան մէջ վայելուչ եւ ձեւաւոր խօսք մը կը դառնայ:

…Գիր ու գիրք միայն շօշափելի ու զգալի ձեւեր եւ երեւոյթներ չեն. այլ անոնց մէջ խօսուն է ամբողջ ցեղը, իր մտքի եւ ընդունակութեանց պատիւը:

ՀՐԱՆԴ