150.
ԱՐՏԱՇԷՍ
ՍՕԼԱՔԵԱՆ.
—
Ծն.
Վան։
1901ին
Երամեանէ
ընթացաւարտ՝
կը
պարապի
ուսուցչութեամբ
եւ
1908ին
կը
կազմակերպէ
ծննդավայրին
թատրոնը,
բեմադրելով
իր
հեղինակած
Ընտանիքը,
նաեւ
ուրիշ
թատրերգութիւններ։
Բացի
պօլսահայ
թերթերու
իր
աշխատակցութենէն՝
1906ին
կը
հրատարակէ
Ասուպ
խմորատիպ
հանդէսը,
յետոյ
Կոչնակը
որուն
կը
միանայ
Բրուտեան։
—
Ինք
եւ
ստորեւ
նշանակուած
4
ընկերները
տեղւոյն
Հնչ[ակեան]
կուսակցութեան
վարիչներն
էին,
որոնք
հակառակ
Քէօսթէնճէի
ծանօթ
ժողովին
համամիտ
չըլլալնուն՝
մինչեւ
ապստամբութեան
օրը
(4/17
Ապր.
1915)
բանտը
կը
մնան
եւ
հոն
կ’սպաննուին
Ճէվտէթի
հրամանով,
մինչ
անդին
կը
շարունակուէր
համակուսակցական
եւ
համաժողովրդական
հերոսամարտը,
Դաշնակցականներու
ղեկավարութեամբ։