Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

68 ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ՍԱՄՈՒԷԼՕՖ.



Ծն. Սամաթիա 13 Մարտ 1880ին։ Երկար տարիներ պաշտօնավարած Հ. Սթամպօլլեան վաճառատան մէջ եւ հուսկ ուրեմն հաստատած սեփական սեղանաւորական տուն մը։ 0տեսա գացած է, իր զինուորական ծառայութիւնը կատարելու համար։ Ծննդավայրին Սահակեան Սանուց Ընկ. եան մէջ գործօն դեր մը ունեցած է, իսկ Սահմանադրութեան հռչակումին՝ նուիրուած ազգօգուտ ձեռնարկներու։ 2 տարի հոգարբարձու Սամաթիոյ երկսեռ վարժարանին, Ատանայի եղեռնին հետեւանք կազմուած Որբախնամ-Այրիախնամին եւ «Աշխատանքի Տան» անդամ, «Հայ Կարմիր Խաչ»ի գանձապետ։ Բարենպատակ ընկերութեանց հանդէսներու սարքումին՝ իր ներկայութիւնն անհրաժեշտ կը դառնար։ Ռուսահպատակ։