Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

141. ԿԱՐԱՊԵՏ ՓԱԹՈՒԿԵԱՆ. —

Ծն. Պարտիզակ, 35 տարու, եւ հաստատուած Իզմիթ։ Փոքր հասակէն մտնելով Հնչ. շարքին մէջ՝ կը մասնակցի Պօլսոյ ցոյցերուն։ 1914ին կը ձերբակալուի իբր դաւաճան Իթթիհատի եւ կաշառք տալով ազատ կ’արձակուի։ Յաջորդ տարին կրկին ձերբակալուելով կը բերուի Պօլիս։