139. 
    
     ՊՕՂՈՍ 
    
     ՊՕՂՈՍԵԱՆ. 
    
     —
  
 
    
     Ակնցի 
    
     ոսկերիչ, 
    
     յառաջացած 
    
     տարիքով։
  
 
    
     1915 
    
     Ապրիլ 
    
     7/20ին, 
    
     երբ 
    
     Տարեցոյցիս 
    
     տպագրիչ 
    
     Մ. 
    
     Յովակիմեանի 
    
     հետ 
    
     Պօլսոյ 
    
     Պատերազմ. 
    
     Ատեանի 
    
     առջեւ 
    
     վերջին 
    
     դատավարութեանս՝ 
    
     տարուան 
    
     մը 
    
     բանտարկութեան 
    
     դատապարտուեցայ, 
    
     նոյն 
    
     գիշեր 
    
     ի 
    
     դիպահոջ 
    
     մնացի 
    
     վարի 
    
     Մեծ 
    
     Գօղուշը, 
    
     տխուր 
    
     առիթն 
    
     ունենալով 
    
     մէկիկ 
    
     մէկիկ 
    
     ճանչնալու 
    
     վերոյիշեալ 
    
     անձերը՝ 
    
     որոնք 
    
     անգիտակ 
    
     էին 
    
     դեռ 
    
     սեւ 
    
     վճիռին: 
    
     Կեդր. 
    
     Բանտ 
    
     փոխադրուելէս 
    
     ամիս 
    
     մը 
    
     վերջն 
    
     էր 
    
     որ 
    
     կ’իմանայի 
    
     թէ 
    
     անոնք 
    
     իրենք 
    
     ծանր 
    
     կացութեան 
    
     այլեւս 
    
     իրազեկ՝ 
    
     կը 
    
     խնդրէին 
    
     ինէ 
    
     լուր 
    
     մը 
    
     հասցնել 
    
     Պատրիարքարան: 
    
     Բանտի 
    
     մեր 
    
     քահանային 
    
     միջոցաւ 
    
     իսկոյն 
    
     կարեւորը 
    
     հաղորդեցի 
    
     թէեւ, 
    
     բայց 
    
     Զաւէն 
    
     Սրբազան 
    
     ոչինչ 
    
     կրցաւ 
    
     ընել, 
    
     ցորչափ 
    
     Թալաթ 
    
     կը 
    
     յամառէր 
    
     Պատրիարքին 
    
     այցելութիւնն 
    
     իսկ 
    
     չընդունելու: 
    
     Եւ 
    
     Յունիս 
    
     2/15ի 
    
     լուսադէմին՝ 
    
     բոլորը 
    
     մէկանց 
    
     բարձրացան 
    
     կախաղան՝ 
    
     Պատերազմական 
    
     Ատեանի 
    
     շէնքին 
    
     առաջքը, 
    
     շատերու 
    
     նման 
    
     իյնալով 
    
     Մեծ 
    
     Երազի 
    
     ճամբուն 
    
     վրայ: 
    
     Այս 
    
     քսան 
    
     հոգիէն 
    
     7 
    
     ամիս 
    
     վերջն 
    
     էր 
    
     որ 
    
     Սուլթան 
    
     Պայազիտ 
    
     կախաղան 
    
     կը 
    
     բարձրանար։