Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

11. ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ.


Ծնած է Չէնկիլէր (Եալօվա) 1873ին, Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանէն անցնելով Կեդրոնական՝ կ’աւարտէ անոր շրջանը։ Ցոյց տուած իր արտակարգ կարողութեան շնորհիւ եւ Հրանդի աջակցութեամբ կը մեկնի Ժընէվ, 1894էն մինչեւ 1903 հոն մնալով եւ հետեւելով քղք. եւ ընկերային գիտութեանց։ Երկար ատեն կ’աշխատակցի «Դրօշակ»ի եւ կը գրէ Թուրքիոյ շուրջ շահեկան յօդուածներ։ Այնուհետեւ կ’անցնի Ամերիկա՝ վարելու համար Պօսթընի «Հայրենիք» թերթի խմբագրութիւնը։ 1905ին կը վերադառնայ Ժընէվ ուր կը մնայ մինչեւ 1909։ Յետոյ Պօլիս գալով՝ կը զբաղի ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ։ Ազգ. երեսփոխան Բերա՝ Գասըմ Փաշայէն։ Ընդհ[անուր] Պատերազմին սկիզբները երբ աոողջապահական բանախօսութիւններ տեղի ունեցան Բերա՝ հայ բժիշկներու կողմէ, «Ազատամարտ»ի մէջ սրամիտ ու կծու քննադատականներու շարք մը կ’սկսի ատոնց մասին։ Ունի նաեւ բարացուցական զմայլելի քրոնիկներ միեւնոյն թերթին մէջ՝ լեզուի ինքնատպութեամբ եւ նկարէն ոճով մը։ Քանիցս բանախօսած է Բերա, Էսաեան վարժարանի սրահը, նիւթ ունենալով մեր ժողովրդական   լեզուին գանձերը, ուրիշ անգամ ալ ընելով լուրջ տեսութիւն մը հին փիլիսոփայական դպրոցներու մասին։ Քաջ հմուտ ֆրանս. լեզուի, Պօլիս դարձէն ի վեր անընդհատ կ’աշխատէր՝ աւարտելու համար Ֆրանս[երէ]է հայ[երէն] բառարան մը, ընթացիկ յատկաբանութիւններու, նորաբանութեանց եւ գաւառիկ բառերու հարուստ ընդելուզումով մը։ Այս գործը՝ գրէթէ ամբողջացած՝ ձեռագիր կը մնայ տարաբախտ իր մօրը քով։ Ժընէվ անանուն հրատարակած է կենսագրութիւնն Աղբիւր Սերոբի։ Գրական ծածկանունն էր «Արամ Աշոտ»։

 

Ի Ր Ա Կ Ա Ն Ո Ի Թ Ի Ւ Ն    ԵՒ    Ի Տ Է Ա Լ

Իրականութիւն եւ իտէալ. առանց այդ երկւորեակ ըմբռնումներուն՝ ազգ մը միշտ ենթակայ է անկումներու եւ դառն յուսախաբութեանց: Մէկով միշտ կեանքին շփումը կ’ունենանք, միւսով՝ մեր աչքերը հեռանշող աստղին կը յառենք։

ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ