122.
ԱՐԱՄ
ԱՉԸՔՊԱՇԵԱՆ.
—
Ծն.
Արաբկիր,
55
տարու։
Ուսումը
հոն
ստանալէ
ետք՝
Պօլիս
կուգայ
եւ
կը
յաճախէ
իրաւաբանական
վարժարան։
Ուսանողի
տարիքէն
յարաբերութիւն
մշակելով
Մուրատի,
Արփիարի,
Ճանկիւլի
եւ
այլոց
հետ՝
կը
մտնէ
Հնչ.
շարքին
մէջ,
այն
օրերուն
երբ
Շմաւոն
կը
հասնի
մայրաքաղաքս՝
նոյն
կուսակցութեան
սերմերը
ցանելու։
97ի
Գումգափուի
ցոյցին
կազմակերպիչներէն։
Փաստաբանի
վկայականը
չստացած՝
կ’անցնի
Եւրոպա,
ուրկէ
կ’ուղարկուի
Փոքր-Հայք՝
կազմակերպելու
հայ
երիտասարդութիւնը։
Երկար
տարիներ
արկածալից
կեանք
մը
բոլորած
եւ
անձնուիրաբար
գործած
Շ.
Գարահիսար,
Սվազ
եւն.
։
Դանիէլ
Չավուշ
իր
խումբով
Արամի
օգնականն
էր։
1905ի
Պատգամաւորական
ժողովը
կը
կոչէ
զինք
անդամ
Կեդր.
Վարչութեան,
պաշտօ՛ն
զոր
կը
վարէ
ցվերջ,
ինչպէս
եւ
ազգ.
պաշտօններ։
—
Կալուածական
միջնորդութիւն
ալ
ըրած
է
Պօլիս,
իբր
կենսաշահութիւն։