Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

140. ՀՐԱՆՏ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ.



28 տարու Կարնեցի, Փաստրմաճեանի կեղծ մէկ նամակը դիտումնաւոր կերպով իր հասցէին ղրկուելով՝ իբր դաւադիր ամբաստանուած։ Ընթացաւարտ Մարզուանի Գօլէճէն. 3 տարի Ամերիկա մնացած՝ առեւտր. զբաղումով, զոր շարունակած է յետոյ Մայրաքաղաքիս մէջ, եղբօրը հետ ընկերովի։ Աներորդի՝ Պօլսէն տարագիր-նահատակ Արշակ Խազխազեանի։

1915ի գարնան, երբ Պօլսոյ Կեդ. Բանտի տնօրէն եւ Թալաթի աջ բազուկ Իպրահիմ Խայրի կը մեկնի Պրուսա, Իզմիթ, Ատափազար եւ շրջակաները՝ սկսելով իր սխրագործութեանց (ամենախիստ միջոցներով խուզարկութիւն, Հայերէ զէնքի հաւաքում եւլն. ), Պօլիս կ’ուղարկէ հետեւեալ չորսը որոնք կը կախուին նոյնպէս: