35.
ՊԵՏՐՈՍ
ԳԱԼՖԱԵԱՆ.
—
Ծնած
է
Իջմէ
(Խարբերդ)
1868ին։
12
տարեկանին
որբացած՝
կը
պանդխտէ
Պօլիս,
որդեգրուելով
Պալաթու
Արիստ.
Քհ.
Գալֆաեանէն՝
որմէ
կ’ստանայ
իր
մականունը։
Ուսումը
Խորէնեան
դպրոցը
ստանալէ
վերջ՝
կը
մտնէ
աոեւտր.
ասպարէզ։
Այդ
հին
օրերուն՝
իր
ջանքերով
է
որ
կը
բացուի
թաղին
մանկապարտէզը։
Կանուխէն
մտած
Հնչ.
կուսակցութեան
մէջ՝
կը
մասնակցի
90ի
Գումդափուի
ցոյցին,
յետոյ
կը
մեկնի
Ա.
Փազար,
բրօբականտի
գործով։
94ին
կը
փախչի
Աթէնք,
ուրկէ
Ռումանիա
եւ
Պուլկարիա,
Հնչ.
մասնաճիւղերուն
իբր
ներկայացուցիչ։
Քէօսթէնճէի
օսմ.
հիւպատոսը
տեղւոյն
կառավարութեան
միջոցաւ
զինքն
ու
Մ.
Տամատեանը
ձերբակալել
տալով
Պօլիս
կ’ուղարկէ,
բայց
նաւը
մայրաքաղաքս
հասնելուն՝
անգլ.
նաւապետին
շնորհիւ
երկուքնին
մէկ
գիշերանց
իտալ.
շոգենաւ
մը
կը
փոխադրուին
եւ
կ’անցնին
Մարսիլիոյ
ճամբով
Լօնտօն։
Պետրոս
կը
մեկնի
յետոյ
Ռուսճուք,
ուր
բացի
առեւտր.
զբաղումէն՝
մէկ
քանի
ընկերներով
կը
հրատարակէ
Վերածնութիւն
շաբաթաթերթը
(որ
ապա
Բարիզ
շարունակուած
է
«Ապագայ»
անունին
տակ)։
—
1910ին
Պօլիս
դարձին՝
կը
հիմնէ
յանձնակատարութեան
գործ
մը
Հայկ.
Պանքային
մէջ,
իբր
ներկայացուցիչ
Շխեանց
եւ
Խաչատրեանց
քարիւղի
Տան։
—
Ազգ.
երեսփոխան
ընտրուած
Ալթը
Մէրմէրէն,
եւ
ատենապետ
ելեւմտից
հոգաբարձութեան։
—
Ա.
կարաւանէն
վերջ,
4
Մայիս
1915ին
անհատակի
աքսորուած
Այաշ,
ուր
84
բանտարկեալներէն
մնացորդ
վերջին
20
հոգինոց
խումբէն։
—
Կուսակցական
ծածկանունը
«Որդոտնունի»։