Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

20. ԳՐԻԳՈՐ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.



Ծնած է Ակն 1884ին. Մանուկ հասակէն Պօլիս գալով, նխն. կրթութիւն մը ստանալէ ետք՝ պահ մը պաշտօնեայ եղած է հրապարակի վրայ։ Սկսնակի իր գրուածքները (Լիլայի զաւեշտաթերթերուն մէջ) լուրջ բաներ էին։ Քասիմի եւ Յ. Տէր-Յակոբեանի թելադրութեամբ սկսած է մշակել երգիծական ճիւղը, շաբթէ շաբաթ ծիծաղաշարժ էջեր տալով «Մանզումէ»ի որուն խմբագիրն ալ էր։ Սահմանադրութենէն վերջ՝ Կավռօշի, Օտեանի եւ Համբիկեանի հետ պահ մը «Ծաղիկ»ը հանեց իբր ծաղրաթերթ, եւ գրաքննական կապանքէ զերծ՝ այնուհետեւ ազատօրէն ծեծեց մի՛շտ ազգայնական խնդիրներ, 1909 Ապր. 1էն սկսեալ իրարու ետեւէ լոյս ընծայած իր շառիվարիներուն մէջ որոնք են Կիկօ, Կինտօ, Հիւկօ (երբեմն դադրեցուցուելուն համար անուն փոխած), Կուկուկ, Զուռնա, Հի-հի-հի (նոյնպէս)։ 5 տարի հրատարակած է Կիկոյի Տարեցոյցը:

Ծածկանունները' ԲԱՆԱԳ0Ղ   ԼՌՈՒԹԻՒՆԵԱՆ եւ ԸՆԿԵՐ ԿԻԿՕ։