Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

22. ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ.



Ծնած է 1884ին Կիւմիւշխանէ, «Թշուառ մանկութիւն մը անցուցած եմ կը գրէ ինձ որուն երախտապարտ եմ»։ 1897ին, բախտին մէկ զարմանալի խաղովը՝ Գաղատիոյ Կարմիր Վանքի որբանոցը գտնուած է։ Իր Վանքը վէպին մէջ պատկերացուցած է նոյն որբանոցին ներքին կեանքը։    1903ի ընթացաւարտ Պէրպէրեանէ՝ ուր որդեգրուած էր եւ ուր երկար ատեն դասախօսած է պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ օտար ազգաց մատենագրութիւն որոնք իր մասնագիտութիւններն էին։ Ուսուցչական իր պաշտօնավարութիւնը շարունակած է նաեւ պօլսահայ վարժարաննէրու մէջ, միաժամանակ երեւալով թերթերու եւ հանդէսնէրու մէջ՝ յաջող վիպակներով, քերթուածներով ու քննադատականներով։ Նորավէպերուն իր մէկ հաւաքածոն, Հայրենի Ձայներ, լոյս տեսած է Զարդարեան Գրատան կողմէ։ Շրջագայած է Եւրոպա եւ Տաճկահայաստան ու իր հետաքրքրաշարժ տպաւորութիւնները յանձնած Մամուլին։ Խոստմնալից այս տաղանդը որ հրապարակախօսութեան ալ մեծ ընդունակութիւն ցոյց տուած է, 1911-12ին Մ. Շամտանճեանի հետ լոյս ընծայած է Ոստան եռամսեայ մեծ պարբերագիրը։

Մ Ա Յ Ր Ի Կ Ի Ս

Հին օրերու քաղցր խօսք մը՝ բարեկամի մը պէս կ’անցնի քովէս ու կը յուզէ զիս այս գիշեր:

Հին օրերու ձայն մը խիղճիս կը հպի. մօրս ժպիտն է, մօրս ժպիտը որ կ’արթըննայ իմ մէջս: Ա՜հ, մայրս հիւանդ, մայրս նիհար, լքուած կին:

Պատմութիւն մը կը շրջի ականջիս մօտը, անորոշ աղու շեշտերով: Մայրիկիս ձայնն է որ կը յիշեցնէ այնքան անուշ օրերդ մը թախծոտ:

Օ՜հ, հին բարի երգ, սո՜ւրբ առասպել, ո՞ւրկէ եկար այս գիշեր՝ մօրս ժպիտին հետ: Ո՜րքան ապրեցայ, Աստուած իմ, մոռցած եմ իր դէմքը տմոյն:

Երանի՜, ո՜վ մայր, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ՝ տանէին հոգիս հովերուն հետ, ու մեղրամոմի հիւսքերով պատէիր թաթերս մանրիկ:

Հիմա մեղրամոմի թեւեր կը խեղդեն զիս ամէն օր, ու հոգիս կը փռուի մութ խորշերու, խոնաւ լորձնոտ գետիններու վրայ, կատաղի վիրաւոր սողունի մը պէս:

Երանի՜, ով մայր, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ, ձորին ոգիները
հովերուն հետ վազցնէին իմ հոգիս, ու քու արցունքներուդ մէջ ու քու արցունքներուդ տակ տանէին զիս։

Հիմա արցունքները մեղքի՝ բիւրեղ կ’ըլլան սուր ու այտերս կը խոցոտեն: Հիմա համբոյրները հրաշէկ երկաթներու պէս դէմքս կը մրկեն, ու սիրտս, տե՛ս, աւերակ:

մայր, համբոյրիդ տակ, արցունքիդ տակ, դեռ պզտիկ, դեռ անմեղ՝ պիտի ուզէի ննջել ու մեռնի՜լ …։

Տ. ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ