19.
ԺԱԳ
ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ
(ՓԱՅԼԱԿ).
Ինքնակենսագրութիւն.
—
Ծնած
եմ
Գօնիա
1880
Յունիսին,
եւ.
հոն
ստացած
նխն.
կրթութիւնս։
1896ին
յաճախած
եմ
Պէրպէրեան,
յետոյ
Ւզմիրի
Ամերիկեան
վարժարանը
2
տարի,
եւ
մտած
առեւտր.
ասպարէզ։
1904ին
անցնելով
ծննդավայրս՝
5
տարի
իբր
թարգման
մնացած
եմ
անգլ.
հիւպատոսին
մօտ,
այդ
ժամանակամիջոցին
ալ
1
1/2
տարի
փոխանորդութիւնը
վարած՝
նոյնին
բացակայութեանը։
1909ին
կրկին
Պօլիս
անցնելով,
տնօրէն
կարգուեցայ
«Շէհպալ»
հանդէսին։
Առաջին
գրութիւնս
հրատարակուած
է
«Սուրհանդակ»ի
մէջ,
երգիծական
կէս-երկվայրկենական
մը։
Յետոյ
աշխատակցած
եմ
պօլսահայ
թերթերու,
հանդէսներու
եւ
տարեցոյցներու։
Տ.
Ա.
ի
«Մասիս»ներուն
մէջ
երեւցած
Վ.
ծածկանունով
ոտանաւորներս
տեսակ
մը
թղթակցու-
թիւններ
էին՝
ուղղուած
անո՛ր
որ
այսօր
կինս
է
եղած։
—
Երկերս.
Առաջին
սէրը
(վիպակ
դպրոցական
կեանքէս),
Ներաշխարհ,
Բոցեր
եւ
Ընկ.
(երգիծատետր)
եւ
Այրիախնամ-Որբախնամի
ընդարձակ
Տեղեկագիրը
երբ.
կ’անդամակցէի
նոյն
Յանձնաժողովին
(1911-2)։
Մտադիր
եմ
հրատարակել
քերթուածներուս
հաւաքածոն
եւ
«Հ.
Հայնէի
լաւագոյն
էջերը»,
նաեւ
անգլ.
է
թարգմանած
Քօնընտօյլի
«Մեծ
Ստուերը»
վէպը
(Նաբօլէօն)։
Գաւառի
զաւակ,
մասնաւոր
սէր
մը
ունեցած
եմ
որսորդութեան։
—
Նախասիրած
հեղինակներս.
Ռօսթան,
Լամարթին,
Տը
Ռէնիէ,
Հայնէ,
Բռիւտօմ,
Սիլվէսթր
եւն.,
որոնցմէ
ունիմ
խել
մը
թարգմանութիւններ։
*
*
*
Փայլակ
ազգ.
երեսփոխան
ընտրուած
էր
իր
ծննդավայրէն։
Ա
Չ
Ք
Ե
Ր
Ո
Ւ
Ե
Ր
Գ
Ը
Ես
կը
սիրեմ
երկնագոյն
քու
աչքերըդ
ոսկեծիր,
Ւրենց
ծաւի,
լուրթ
ցոլքով,
Խորն
անուրջներ
քընացող
ջինջ
աչքերը
անյարիր,
Ալիքներու
պէս
վրդով:
Պատուհանները
հոգւոյդ՝
որոնց
նոյն
իսկ
է՛ն
նրբին
Նայուածքին
մէջ
վիժանուտ,
—
Ուր
կրկնապէս
կին
ես
դուն
—
կը
ցոլայ
թռիչքը
յետին
Ու
աննըշան
խորհուրդ։
Փողոցին
մէջ,
երբ
կ’անցնիս,
ամէնքն
ապշած
կը
մնան՝
Անոնց
թովքին
տակ
կախարդ,
Ինչու
որ
բուն
ծաղիկը
աչքերըդ
են,
ո՛չ
թէ
ան
Զոր
չըփակիդ
կ’ընես
զարդ:
Ո՜հ,
այնքան
թարմ
են
անոնք,
յօնքերուդ
տակը
լայնշի,
Որ
կը
խորհի
ամէն
ոք՝
Թէ
նշաձեւ
այդ
երկար
աչքերն
իրաւ
ալ
նուշի
Պէս
հեշտաբոյր
չեՂւ
արդեօք:
Օտարին
քովը
անոնք
միշտ
մտացիր,
թախծոտ
են,
Ու
երբեմն
ալ
հեգնական.
Պղատոնական
ակնարկներ
միայն
ինծի
կը
նետեն՝
Իբրեւ
սիրոյ
գրաւական:
Բայց,
քօղերու
տակ
դողդոջ,
երբ
իրենց
հետ
մինակ
եմ,
Կ’ուզեն
որ
շնորհ
մուրամ
ես.
Եւ՝
բանտուած
սպիտակ
թեւերուդ
մէջ՝
կը
շնչեմ
Ինչ
որ
կ’ըսեն
գաղտնապէս:
Անտիպ
ՄՕՐԻՍ
ՌՕԼԻՆԱ
Թրգմ.
ՓԱՅԼԱԿ