Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

47. ԱՐԾՐՈՒՆԻ (ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ).



Ծն. Վան 1873ին։ 17 տաբու Պօլիս գալով՝ կը միանայ Հնչակեաններու։ 95ի Պապը Ալիի ցոյյցին կը փախչի Պուլկարիա եւ բացակայութեանը մահուան կը դատապարտուի։ Աթէնք, Եգիպտոս եւ Կովկաս քանի մը տարի դեգերելէ վերջ կը նետուի Մետեխի բանտը։ 98ի վերջերը կ’անցնի Վան, եւ 1903ին երբ Վարդգէս վիրաւոր կը ձերբակալուի հոն՝ անոր գործակիցը ենթադրուելով՝ կրկին կը բանտարկուի։ Յաջորդ տարին կ’անցնի Պարսկաստան եւ ուսուցչութեամբ կը պարապի։ Սահմանադրութեան հռչակումին Պօլիս կուգայ՝ զբաղելու կուսակցական գործերով եւ Կէտիկ Փաշայէն կ’ընտրուի ազգ. երեսփոխան եւ անդամ Վանօրէից Խորհուրդին։  Աշխատակցած է Պօլսոյ եւ արտասահմանի խել մը թերթերու։