13.
ՏՔԹ.
ԿԱՐԱՊԵՏ
ՓԱՇԱՅԵԱՆ
ԽԱՆ.
–
Ծնած
է
Կէտիկ
Փաշա
1864ին։
1888ին
Պօլսոյ
բժշկանոցէն
վկայուելով՝
կը
պաշտօնավարէ
Բալու
եւ
Մալաթիա,
իբր
թ[ա]ղ[ա]պ[ե]տ[ական]
բժիշկ։
1889ին
կը
հաստատուի
Տիվրիկ
եւ
իր
արուեստով
կը
պարապի,
մասնակցելով
ազգ[ային]
գործերու։
Յաջորդ
տարին
Բագառիճի
մէջ
(Կամախ)
կը
ձերբակալուի
իբր
յեղ.
խումբեր
կազմակերպող,
հուսկ
ուրեմն
կը
նետուի
Սվազի
բանտը՝
մահուան
դատապարտութեամբ
եւ
1891
Մարտին
անպարտ
կարձակուի՝
դատաւորին
աչքը
դարմանելուն
ի
վարձ։
Այնուհետեւ
Շ.
Գարահիսար
կը
մնայ
եւ
բժշկութիւնը
կը
շարունակէ,
մինչեւ
իր
վերջին
ձերբակալումը
1892
Սեպտ.
ին,
եւ
բանտէ
բանտ
թափառելով՝
3
տարուան
դատավարութեան
մը
արդիւնքը
կ’ըլլայ
մահապարտութեան
վճիռ։
Պօլսէն
իր
նշանածին՝
Օր.
Թորգոմեանի
ողոքումներէն
ազդուած՝
անգլ.
դեսպանուհի
Ֆ.
Քըրրի
կ’յաջողի
իր
ներումն
ապահովելով։
Անցնելով
Պարսկաստան,
7
տարի
կը
մնայ
Դաւրէժ.
կը
կարգուի
Շահին
Պալատան
բժիշկ
եւ
չդադրիր
զարկ
տալէ
բարեգործ.
ու
կրթ.
գործերու,
1903-6,
զինքը
կը
տեսնենք
Ալեքսանդրիա,
ուր
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
լսարանը,
նաեւ
«Կամպէթթա»
անուն
տպարան
մը
կը
բանայ
ուրկէ
լոյս
կ’ընծայէ
Հորիզոն
թերթը։
Առողջապահական
եւ
այլ
պաշտօններով
կը
հրաւիրի
Պարսկաստան
եւ
6
տարի
Պէնտէր
Կէզ
քաղաքը
կը
հաստատուի,
արժանանալով
տիտղոսի
եւ
պատուանշաններու։
–
Սահմ.
հռչակումէն
վերջ
Պօլիս
գալուն՝
մէպուս
կ’ընտրուի
Սվազէն,
եւ
ազգ[ային]
երեսփոխան
Խարբերդէն
1912ին։
–
Երկոտասնեակ
մը
իր
երկերէն
յիշենք
Ժողովրդի
բարեկամները,
Աղջկան
մը
յիշատակարանը,
Վիպ[ական]
հաւաքածոյ,
Դպրոցական
առողջապահութիւն,
Երեխաների
սնունդը
եւն.
։
Աշխատակցած
է
թրքահայ
եւ
արտասահմանեան
թերթերու,
Եւրոպ[ական]
հանդէսներու
եւ
գիտական
երկարաշունչ
գիրքերու՝
ֆրանսերէն։