Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

127. ԹՈՎՄԱՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ. —

Ծն. Քիլիս, 27 տարու։ Ուսումը՝ հոն ստանալով՝ պահ մը դասատուութիւն ընելէ վերջ կ’անցնի Հալէպ, որուն Վարժապետանոցէն վկայուած՝ կը շարունակէ ուսուցչ. պաշտօնն իր ծննդավայրը, նաեւ գործօն դեր մը կ’ստանձնէ տեղւոյն Հնչ. Մասնաճիւղին մէջ։ — 1914ին կը բերուի Պօլիս։