Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

110. ՅԱԿՈԲ ՇԱՀՊԱԶ.

Վանցի, 50 տարու, վաղեմի Դաշնակցական, արտասահման գտնուած եւ իր կուսակցութեան օրկաններուն աշխատակցած։ Սահմանադրութենէն յետոյ Պօլիս գալուն՝ պահ մը Պատրիարքարանի քարտուղար։ Հեղինակ Քուրդօ-Հայ ժողովրդ. երգերու մասին ուսումնասիրութեան մը, բանասիրական իր մէկ երկն ալ Իզմիրեանցի ներկայացուցած։ Ունի շահեկան տեսութիւն մը տարեցոյցիս մէջ (Ընթացք շարժման Հայ Յեղափոխութեան) Շահ-Բազէ ծածկանունով։