Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6. ՍԻԱՄԱՆԹՕ (ԱՏՈՄ ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ).


Ծնած է Ակն 1 Յնվր. 1878ին։ 13 տարեկանին Պօլիս գալով կ’աշակերտի Միրիճանեան եւ Պէրպէրեան վարժարանները։ Պանքայի դէպքին կը փախչի Ժընէվ ու կը խառնուի ազգային ու գրական գործունէութեան։ Դաշնակցական։ Արտասահմանի թերթեր եւ հանդէսներ (Վաղուան Ձայնը, Անահիտ, Բանբեր, Շիրակ, Դրօշակ, Ռազմիկ ժողովուրդին համար, եւն. ) իրենց էջերը կը բանան Դիւցազներգութեան այս վարպետին, որ, արհամարհելով յանգ ու չափաբերութիւն՝ իր ցեղին մարտիրոսացումները կ’եղերերգէր, հերոսներու կեանքը կը պանծացնէր ու վրէժ կը կայծկլտար ա´յնքան հուժկու եւ սխրալի ոճով մը։ 1908ի վերջերը Պօլիս գալով աշխատակցած է «Ազատամարտ»։ Երկերը. Դիւցազնօրէն, Հայորդիներըի շարքը, Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր, Կարմիր լուրեր բարեկամէս (Կիլիկիոյ կոտորածին առթիւ), Հայրենի հրաւէր, Սուրբ Մեսրովպ (Մեծ Յոբելեանին), որոնցմէ մեծագոյն մասն ամփոփուեցաւ Ամբողջական գործին մէջ՝ տպ. Ամերիկա։ Իր քերթուածներէն մին թարգմանուած է անգլիերէնի։ Սիամանթօ պիտի ապրի հայ գրականութեան մէջ՝ իբր լաւագոյն ներկայացուցիչը խորհրդապաշտ բանաստեղծութեան, եւ գրական այդ սեռին մէջ ո´չ ոք ունեցած է իրեն հաւասարող։ Եթէ իր եւ Վարուժանի զուգակշիռն ընել հարկ ըլլայ, կրնանք սապէս ըսել. «Սիաւմանթօ գաղափարէն զգացումին կ’երթայ, իսկ Վարուժան զգացումէն ու պատկերէն՝ գաղափարին»։ Իր երգերէն գլուխ-գործոցը կարելի է նկատել «Հայորդիները»ին մէջ Սովամահները ցորենի գաշտեր»։

 

ԾԱՐԱՒ

Հոգիս վերջալոյսին մահը մտիկ կ’ընէ.

Չարչարանքի հեռաւոր հողին վրայ ծնրադիր,

Հոգիս վերջալոյսին ու հողի վէրքերը կը խմէ…

Եւ իր մէջ, դեռ իր արցունքին անձրեւումը կ’զգայ…

 

Ու ջարդուած կեանքերուն աստղերը համակ՝

Աւրուած աչուըներու ա՜յնչափ նման,

Սրտիս աւազաններուն մէջ այս իրիկուն՝

Յուսահատութենէ, սպասումէ կ’ոգեվարին…

 

Ու բոլոր մեռածներուն ուրուականներն այս գիշեր

Ալքերուս եւ հոգիիս հետ Արշալոյսը պիտի սպասեն…

Որպէս զի, կեանքերնուն ծարաւը յագեցնելու համար՝

Թերեւս վերէն իրենց վրայ՝ կաթիլ մը լոյս իյնայ։

ՍԻԱՄԱՆԹՕ