Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

10. Ռ[ՈԻԲԷՆ] ՍԵՒԱԿ (ՏՕՔԹ. ՌՈԻԲԷՆ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ).


Ծնած է Սիլիվրի 15 Փետր. 1885ին։ Հոն իր նախնական կրթութիւնը ստանալով կ’անցնի Պարտիզակ, յետոյ Պէրպէրեան՝ ուրկէ ընթացաւարտ 1905ին։ Գր. կարողութենէն զատ ունենալով խոր հակում գիտութեանց, ուսուցչապետին խորհուրդով եւ օժանդակութեամբ կը մեկնի Լօզան՝ որուն բժշկանոցէն հազիւ վկայուած, կը ծառայէ հիւանդանոցներ եւ դարմանատուններ, հմտանալով արուեստին թագնութեանց։ Երազողն ու գիտունը կ’ապրէին իր մէջ։ Չկրցաւ լքել Քնարը՝ Հիբոքրատի արուեստին սիրոյն, եւ երգեց Մարդկութիւնը, Հայրենիքն ու Սէրը։ 1910ին լոյս կ’ընծայէր Կարմիր Գիրքը՝ Կիլիկիոյ կոտորածէն ազդուած։ Վերջի Հայերը ընդարձակ իր քերթուածը մարգարէութիւն մըն է կարծես՝ Հայկ. վերջին մարտիրոսագրութեան, իսկ իր գլուխ-գործոցն է իբր բանաստեղծութիւն Լեմանի լիճը։ 1914ին գերման կնոջը հետ կուգայ հաստատուիլ Բերա՝ իր արուեստը կիրարկելով։ «Ազատամարտ»ի մէջ սկսած է Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր յօդուածաշարքը զոր լափելով կարդաց ամէն ոք։ Պատերազմի վաղորդայնին՝ երբ Պօլսոյ մէջ հիւանդապահութեան դասընթացք մը կ’սկսէր հայ բժշկ. դասուն կողմէ, Սեւակ ծափեր խլեց՝ իր յանկուցիչ եւ օգտաշատ բանախօսութիւններով։ Ւբր բժիշկ Մագրիքէզի բանակին՝ զին. ծառայութիւնը կատարած միջոցին էր որ աոանձին տարագրուեցաւ Չանդըրի։

 

Բ Ա Ս Թ Է Լ

Դաշտանըկար մըն է հոգիս Բասթէլի,

Ուր ոչինչ կայ աչքի խօսող, ոչի՜նչ վառ,

Ուր ամէն ինչ մըշուշի մէջ կը հալի:

 

Կապոյտ սարի մը կատարին ամայի՝

Բաղեղապատ խարխուլ գմբէթն Հաւատքիս

Տարակոյսին անդունդն ’ի վար կը նայի:

 

Բըլուրն ’ի վեր, բըլուրն ի վար, իմ կեանքիս

Խոպան ճամբա՛ն է որ կ’երթայ մինաւոր…:

Բասթէլի մութ դաշտանըկար մ’է հոգիս:

 

Խոպան ճամբուն եզերքն ’ի վար իմ մոլոր

Բագիններուս ու մեղքերուս, վէրքերուս

Կըրանիթէ մահարձաննե՛րն են բոլոր:

 

Պուրակ, աոու իր դաշտերուն մէջ չի կան.

Իր ձորերուն մէջ ո´չ լելակ, ոչ նարկիս,

Որ քաղէի իմ սիրտիս քո´յր աղջըկան:

 

Մոռցուած ա´փ մը ջուրի վըրայ հեռաւոր,

Աչքէ հեռու, սէզերու մէջ կը սահէ

Անուրջներուս վայրի կարապը աղւոր…։

 

Ու այս բոլո՜րը կը դողայ, կը հալի

Մըշուշի մը տարտամութեա´նը մէջ ուր

Լացող դէմքի մ’ստուերը կայ պաշտելի…։

Հոգիս նիհար նըկար մըն է Բասթէլի:

Անտիպ 

Ռ. ՍԵՒԱԿ