17. 
    
     ԲԱՐՍԵՂ 
    
     ՇԱՀՊԱԶ. 
    
     —
  
 
    
     Ծնած 
    
     է 
    
     Պօյաճըքէօյ 
    
     (Վոսփոր) 
    
     1883 
    
     Յունիսին։ 
    
     Ուսումը 
    
     կ’ստանայ 
    
     Մայր 
    
     Վարժարան, 
    
     Կեդրոնական 
    
     եւ 
    
     Մխիթարեանց 
    
     (Գատըքէօյ) 
    
     ուրկէ 
    
     ընթացաւարտ՝ 
    
     կ’ուղարկուի 
    
     Վենետիկ։ 
    
     Հոն 
    
     2 
    
     տարի 
    
     մնալով 
    
     կը 
    
     վկայուի, 
    
     եւ 
    
     Ահարոնեանի 
    
     մէկ 
    
     այցելութեան 
    
     առթիւ՝ 
    
     Դաշնակցական 
    
     կը 
    
     մկրտուի։ 
    
     Պօլիս 
    
     դարձին՝ 
    
     Շամտանճեանի 
    
     հետ 
    
     կը 
    
     հրատարակէ 
    
     «Ծաղիկ» 
    
     թերթը: 
    
     1903ին, 
    
     Օրմանեան 
    
     Ս[րբազան]ի 
    
     վրայ 
    
     կատարուած 
    
     մահափորձին 
    
     հետեւանօք 
    
     երբ 
    
     կարգ 
    
     մը 
    
     հայ 
    
     տղաք 
    
     կը 
    
     ձերբակալուէին՝ 
    
     կը 
    
     փախչի 
    
     Եգիպտոս, 
    
     ուր 
    
     5 
    
     տարի 
    
     կը 
    
     մնայ 
    
     առեւտր. 
    
     ասպարէզի 
    
     մէջ, 
    
     չմոռնալով 
    
     իր 
    
     կրակոտ 
    
     մասնակցութիւնն 
    
     ունենալ 
    
     ազգ. 
    
     խնդիրներու 
    
     եւ 
    
     բանախօսութեանց 
    
     ատեն, 
    
     նաեւ 
    
     աշխատակցիլ 
    
     արտասահմանի 
    
     թերթերու։ 
    
     Աղեքսանդրիա 
    
     հրատարակած 
    
     է 
    
     Կրակ 
    
     թերթը 
    
     (2 
    
     թիւ), 
    
     Այլասիրութիւն 
    
     եւ 
    
     Եսասիրութիւն 
    
     գրքոյկը, 
    
     Մտրակ 
    
     կիսամսեան 
    
     եւ 
    
     Հայիւններ 
    
     թռուցիկը։ 
    
     Սահմանադրութեան 
    
     վաղորդայնին 
    
     Պօլիս 
    
     կուգայ 
    
     եւ 
    
     կ’ուղեւորի 
    
     ներքին 
    
     գաւառներ, 
    
     հասարակական 
    
     գործիչի 
    
     իր 
    
     դերին 
    
     հաւատարիմ։ 
    
     Նոյն 
    
     պաշտօնով 
    
     կ’անցնի 
    
     Պուլկարիա, 
    
     Եգիպտոս՝ 
    
     ուր 
    
     1912ին 
    
     ամուսնանալէ 
    
     վերջ 
    
     կը 
    
     մեկնի 
    
     Բարիզ 
    
     իրաւաբանութիւն 
    
     սորվելու։ 
    
     Մ. 
    
     Վարանդեանի 
    
     հետ 
    
     կը 
    
     շարունակէ 
    
     Pro 
    
     Armeniaն 
    
     ու 
    
     կ’աշխատակցի 
    
     «Հայրենիք»ի 
    
     եւ 
    
     «Հորիզոն»ի։ 
    
     Քիչ 
    
     մնացած 
    
     էր 
    
     փաստաբանի 
    
     վկայականն 
    
     ընդունելու, 
    
     երբ 
    
     Ընդհ. 
    
     Պատերազմի 
    
     նախօրեակին 
    
     Պօլիս 
    
     դարձաւ՝ 
    
     Վիքթօռ 
    
     Պէռառի 
    
     կողմէ 
    
     իրեն 
    
     վստահուած 
    
     պաշտօնով 
    
     մը։ 
    
     — 
    
     Օժտուած 
    
     էր 
    
     դիւրասահ 
    
     գրելու 
    
     եւ 
    
     խանդավառօրէն 
    
     հրապարակախօսելու 
    
     կրկնակ 
    
     կարողութիւններով։
  
 
    
     Ք 
    
     Ա 
    
     Ղ 
    
     Ա 
    
     Ք 
    
     Ա 
    
     Կ 
    
     Ա 
    
     Ն 
    
     Ո 
    
     Ւ 
    
     Թ 
    
     Ի 
    
     Ւ 
    
     Ն 
    
     Ը
  
 
    
     Ի՜նչ 
    
     եղկելի 
    
     «պայմանադրական 
    
     սուտ» 
    
     մըն 
    
     է 
    
     Քաղաքականութիւնը։ 
    
     Ի՞նչ 
    
     յիմար 
    
     են 
    
     մարդիկ։ 
    
     Ի՞նչ 
    
     է 
    
     պատերազմը, 
    
     ի՞նչ 
    
     է 
    
     պետութիւնը, 
    
     ի՞նչ 
    
     է 
    
     յեղափոխութիւնը։ 
    
     Ինչո՞ւ 
    
     քանի 
    
     մը 
    
     հոգիներ 
    
     տառապին  
    
     յեղափոխելով, 
    
     ուրիշներ 
    
     տառապին՝ 
    
     զանոնք 
    
     զսպելու 
    
     համար. 
    
     ինչո՞ւ 
    
     այս 
    
     ինչ 
    
     ազգին 
    
     պատկանող 
    
     երիտասարդներ 
    
     տանջուին՝ 
    
     սպաննելու 
    
     համար 
    
     այն 
    
     ինչ 
    
     ազգէն 
    
     ուրիշ 
    
     տանջուող  
    
     երիտասարդներ. 
    
     ո՞վ 
    
     է 
    
     իրաւունք 
    
     տուեր 
    
     դասակարգ 
    
     մը 
    
     մարդոց՝ 
    
     ըսելու 
    
     թէ 
    
     հողի 
    
     այս 
    
     պատառը 
    
     «իրենց»ն 
    
     է 
    
     եւ 
    
     այն 
    
     պատառը 
    
     «ուրիշներուն»։ 
    
     Ո՞վ 
    
     է 
    
     տուեր 
    
     սահմանները. 
    
     ա՜հ, 
    
     յիմա՜ր 
    
     մարդիկ 
    
     որոնք 
    
     Կեանքին 
    
     քովէն 
    
     կ’անցնին 
    
     անտարբեր՝ 
    
     առանց 
    
     զայն 
    
     ապրիլ 
    
     գիտնալու, 
    
     եւ 
    
     փոխանակ 
    
     պարզելու՝ 
    
     կը 
    
     խճողեն 
    
     միտքերը, 
    
     Երազը 
    
     Երկունքի 
    
     կը 
    
     վերածեն  
    
     եւ 
    
     կ’ուզեն 
    
     անպատճառ 
    
     որ 
    
     «Արցունքի 
    
     ծովեր»ը 
    
     «Արցունքի 
    
     Լիճ»ի 
    
     վերածուին։
  
 
    
     Իր 
    
     անտիպ 
    
     մէկ 
    
     նորավէպէն  
    
     արտագրուած
  
 
    
     Բ. 
    
     ՇԱՀՊԱԶ