Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

26. ԱՐԻՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ.



Ծնած է Կիւմիւշհանէ 1885ին։ Վենետիկի Մ. Ռափայէլեան վարժարանէն ընթացաւարտ։ Ամերիկա անցնելով՝ հողատնտեսութիւն կը սորվի եւ կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքին մէջ։ Բրօբականտիսթ եւ աշխատակից «Հայրենիք» թերթին (Պօսթըն) ուր լոյս կ’ընծայէ ուսումնասիրութիւն մը Ամերիկահայ գաղթականութեան վրայ։ 1910ին կուգայ Պօլիս ու կը պարապի ուսուցչութեամբ։ «Ազատամարտ»ի յօդուածագրութեամբ եւ բրօբականտի գործով։ Ունի քանի մը գրքոյկ թարգմանածոյ։ Գրական ծածկանունը՝ «Իսրայէլ Տխրունի»։