Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

38. ՍԱՐԳԻՍ ՍՈՒԻՆ (ՍԻՒՆԿԻՒՃԵԱՆ).



Ծնած է Պէշիքթաշ 15 Օգոստ. 1870ին Միլքիէէ ընթացաւարտ։ Ծով. նախարարութեան թրգմ. սենեակին ու Հանր. Պարտուց Վարչութեան մէջ պաշտօնավարած 1892-6, մինչեւ իր ձերբակալումը 1 Յունիսին, իբր Ւզմիրլեանի եւ օտար թղթակիցներու յարաբերութեան միջնորդ։ Եօթնամսեայ բանտարկութենէ մը վերջ՝ ընդհ. ներումէն օգտուելով փախած է Եգիպտոս եւ հոնկէ Պուլկարիա, ուր ուսուցչութեամբ եւ առեւտուրով պարապած. 2 տարի յօդուածագիր Իրաւունքի, Ս. Ս. սկզբնատառերով։ Օսմ. Սահմանադրութեան հռչակումին Պօլիս դառնալով՝ երեսփոխան ընտրուած Գումգափուէն, եւ Ատանայի կոտորածին՝ պատուիրակ ղրկուած։ Անդամ Քղք. Ժողովի, Պատրիարքարանի Քննիչ Յանձնաժողովի, Որբախնամի եւլն. ։ Գանկաբան եւ դիմագէտ։