Հեղինակ
Theodik  

Բաժին

Թեմա

50. ԱՐՏԱՇԷՍ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ (ԹՈՐԳՈՄ).



Ծն. Սամաթիա, 45 տարու։ Պօլսոյ հին Դաշնակցականներէն եւ իր ծննդավայրին շրջանակին եռանդուն կազմակերպիչներէն։ Կը վարէ զանազան տէրօրներ մինչեւ 1895։ Յետոյ կ’անցնի Պուլկարիա, եւ Պօլիս դարձին՝ կը մասնակցի Պապը Ալիի ցոյցին եւ Պանք Օթօմանի դէպքին, փոխադրական գործով զբաղելով։ Եըլտըզի «դժոխային մեքենայ»ի պայթման իր դերակատարութենէն ալ վերջ՝ կը մեկնի արտասահման ուր կը մնայ մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակում, եւ կուգայ մայրաքաղաքս, հոն մնալով մինչեւ իր տարագրումը։