Պատմութիւն Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԻԸ.
Թուղթ Հ. Թովմայ վարդապետին՝ ընդդէմ Վենկենտիոսի Քօռէսի եպիսկոպոսին Լատինացւոց:

ՁԵՌՔՍ մէկ թուղթ մի անցաւ, որ ունէր այս օրինակաւ վերնագիր. «Մենք Վենկենտիոս Քօռէսեան շնորհօքն Աստուծոյ եւ առաքելական սրբոյ գահին՝ արքեպիսկոպոս Սարդիոյ, եւ ՚ի պատրիարքութեան Կոստանդնուպօլսոյ առաքելական փոխանորդ» որ իբրեւ թէ կը գրէր ուղղափառ Հայկազուն եկեղեցականաց եւ ժողովրդոց:

Այս գիրս կարդացի եւ շատ զարմացայ, թէ ի՞նչպէս ասանկ մեկ մեծ արհիապատիւ Լատին եպիսկոպոս մը, ու առաքելական փոխանորդ մը՝ կարող ըլայ ասանկ մէկ տղայամտութեան ախտով մը ախտանալ, եւ զինքը ծաղր ընելու արժանի գործք մը գործել, ետեւ առջեւ չի մտմտալով, ու եկեղեցական կարգի կանոնքի բոլորովին անծանօթ ըլլայ, ու մէկ Հայ ազգի մը մէջ ծաղր ու ծանակ ըլլայ, եւ իմաստնոց առջեւը բոլորովին իրեն յարգն ու պատիւը կորսնցընէ, եւ ամենեւին տգէտ երեւանալ յանձն առնու, եւ հակառակասիրութեան հոգի մը բանեցընէ արտաքոյ իրեն պաշտօնին եւ վիճակին:

Ինչու որ՝ իրեն պաշտօնը եւ վիճակը եկեղեցական աստիճան եպիսկոպոսութեան է, ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ իրեն պաշտօնը չարաչար գործած է, եւ իրեն առաջնորդական վիճակին մէջ չարաչար սխալի եւ գայթակղութեան առիթ ըլլայ չիմանալով ըրածը, եւ չը գիտենալով իրեն գլխաւոր պարտքը, որն որ Պօղոս առաքեալը իր աշակերտին Տիմոթէոսի կը գրէ, զերիցուցէ զչարախօսութիւն մի ընդունիցիս, բայց եթէ երկու եւ երեք վկայիւք:

Բայց գուցէ այս վկայութեան գէմ ըսուի, թէ նասըլ երկու եւ երեք, ահա այսչափ բազմութիւն քահանայից, որ եկեղեցիներուն մէջ գոցուեր մնացեր են, ու դուրս չեն ելլեր, ու կը վկայեն, թէ՝ գէշ եւ աղտոտ գործքեր ըրին տէյի Վենետիկեան հարք Մխիթարեանք:

Վասն զի այսչափ բազմութիւն ժողովրդեան արք եւ կանայք խապար կը տանին կոր իրենց, քահանայք ալ անոնցմէ լսելով, եպիսկոպոսին խապար կուտան, ու կը վկայեն կոր (շահատ աղզընտան շահատ մը). այլազգիներուն մէհքէմէյին մէջ պլիէ ընդունելի չէ, ու՞ր մնաց, որ ուղղափառ քրիստոնէից կարգի կանոնի մէջ, եւ այն Հռովմէական անունով պարծողներու:

Բայց ատ ալ չէ, եպիսկոպոսը աղէկ գիտէ, որ ժողովուրդը պահուած քահանայոցմէ դրդուեր է ու խռովեր է. չէ թէ ժողովուրդը զքահանաները, այլ քահանաները զժողովուրդը կաւրեն կոր, ու առանց խղճմտանքի բարիին չար, չարին բարի կըսեն կոր ստութեամբ, իրենց իյձը չարաչար ՚ի գործ դնելով:

Ինչպէս փորձիւ ալ եպիսկոպոսը այսչափ տարիէն պէրի հասկցաւ, ու հինգ հարիւրի չափ աշխարհականաց մէջ՝ Աթանաս աղային տունը եղեալ ժողովքին մէջ ատ քահանաներուն երեսին դէմ վկայեց ըսելով, «Թէ սա քահանաները տասնըչորս անգամ է որ խաբեցին զիս, եւ զիս խայտառակ ըրին ժողովրդեան առջին, ու աս ալ տասնհինգ անգամն է, որ իրենց ստութեամբը կը խռովեն կոր ժողովուրդը, ես ասոնք չեմ ճանչնար». իսկ հիմա ի՞նչ զարմանք, որ այսպէս շուտով մոռցաւ իր ըսածը, ու անոնց սուտ վկայութեանը բոլորովին հաւատաց, ու ասանկ անարժան իր մեծութեանը անարգանաց թուղթ գրեց, ու ժողովրդեան մէջ տարածեց, որ մէկզմէկ անցնին:

Արդեօք որու՞ հաճոյ տէյի, Աստուծո՞յ թէ մարդոյ, յայտ է թէ՝ այս գործովք Աստուծոյ անկարելի է հաճոյ ըլալ, որովհետեւ աս հոգին չէ Քրիստոսի, այլ երկրաւոր՝ շնչաւոր՝ եւ դիւական է, հոգի է գրգռեալ ՚ի կրից, եւ մթագնեալ նախանձու, որ չի կրնալով ուղիղ դատաստան ընել՝ յամենայն հողմոց կը շարժի:

Իսկ սա անկարելի բան կերեւանայ, թէ այս թողթը եպիսկոպոսին գործքը ըլլայ, ու թէ իմ ճանչցած եպիսկոպոսն է նէ, այս չարը չի կրնար իրեն բարեպաշտութեան դէմ ընելով, յաւիտենական աղտ մը շահախնդրութեան յանձն առնուլ, ու գրչի տակ իյնալ, որ յետ ժամանակաց իր անունը չարաչար ատելութեան կրքով շարժելոց՝ ու ազգին բարիքը չուզողաց, ու ազգը աւրողներուն կարգը դասաւորուի:

Վասն զի՝ անձին շահախնդիր մարդը՝ միայն իրեն բարիքը կը մտածէ, ետեւ առջեւ չի նայիր, անոր համար միշտ կը սխալի, ու ետեւէ եկողներէն կանարգուի, ու գրոց մէջ նախատանքով կը յիշուի:

Իսկ այն մարդը՝ որ հասարակաց բարիքը իրեն անձին շահախնդրութենէն վեր կը դնէ, կը հոգնի, ու կը նեղի, ու կաշխատի, ու խելքով շարժելով Ֆրսանթը խայիպ չըներ, իբրեւ գիտուն նաւապետ մը՝ որ աղէկ կառավարելով նաւը, տալղավուն բռնութեանը դէմ զըթ չերթար, ու ծովուն մէջ քարերուն ժայռերուն ու վտանգաւոր կէչիտներուն աղէկ տեղեկութիւն ունենալով, նաւը այնպէս կուղղէ, որ անվնաս նաւահանգիստ հասցընէ:

Իրաւ որ՝ զինքն ալ կը փրկէ, եւ այնչափ ճամբորդներու կէմիճիներուն ալ փրկութեան պատճառ կըլլայ:

Ուստի՝ թէ որ սա թուղթը եպիսկոպոսին ըլլալու ըլլար նէ, խոհեմ ու անձին շահը չի փնտռող առաջնորդ տէյի համբաւ չէր ունենար:

Այս ըսելու էր թէ՝ կէլիշի կիւզէլ բան մըն է, կընէ, խօսք մըն նէ, կըսէ, խռովութիւն մըն է, կը հանէ, քրիստոնեայ ազգ մը մէկզմէկ կը ձգէ. եա ան է՝ որ կը վաստակի, ու իրեն իրաւունքին տակէն դուրս չի հանէր, եա ան է՝ որ բոլորովին ձեռք է կը հանէ, ու այսպիսի բօլիթիքայով իրեն աղէկ չընէ ալ նէ՝ ուրիշ ազգի գէշ կրնայ ընել եա:

Բայց եպիսկոպոսի մը վրայ այսպէս գահավէժական դատաստան չեմ կրնար ընել, եւ այսպիսի անարգական թուղթ մը անոր յարգելի անձին չեմ  կրնար ընծայել, վասն զի  նախատելը՝ զրպարտելը՝ ամբաստանելը շատ դիւրին բան է, բայց հաստատելը՝ խիստ դժուարին է:

Հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ աս անիրաւ հէմ ծաղու արժանի թուղթը, «Յանուն Վենկենտիոսի Քօռէսեան առաքելական փոխանորդի» կամաչեմ ըսելու, թէ այսպիսի բաներ աս քանի մը տարի է, որ պազի քահանաները իրենց մէկ գլխաւոր արհեստ մը ստացան, սովորութիւն ըրին, սուտ ու փուտ խօսքով ու թղթերով ժողովուրդը գայթակղեցնել, ու մէկզմէկ ձգել, ինչպէս երբեմն ալ Լիդդա կարտինալը ըրաւ ու Վենետիկի վանքին տպարանը գոցելու համար՝ Հռովմայէն վանքը գրեց՝ թէ չէ միայն սուրբ ժողովքը կարգիլէ, այլ եւ սուրբ աթոռը:

Բայց յետ ժամանակաց յայտնի եղաւ իւր ստութիւնը, եւ ամենքը գիտցան, թէ Ս. աթոռը՝ սա բանին ամենեւին խապար չունի եղեր, որուն համար ալ իր իշխանութենէն փոխուեցաւ:

Դարձեալ՝  որչափ  որ  Հռովմայէն  թուղթ  եւ  վճիռ  եկաւ թէ գրոյ համար, թէ Մխիթարեանց միաբանից ուղղափառութեան համար նէ՝ ասոնք չի հրատարակեցին, այլ եպիսկոպոսին խափանել տուին, ու ժողովրդեան ալ ասոր հակառակը ստութեամբ չավ ըրին, եւ ասոնց նման որչափ բան բանեցան ու կը բանին կոր մինչեւ հիմա՝ ստութիւնը իրենց գլխաւոր սիլահ ընելով, ասոր պէս ալ աս սուտն ալ յանուն եպիսկոպոսին դուրս հանեցին ժողովուրդը խռովելու համար:

Զիրէ աղէկ գիտեն որ՝ իրենց թշնամութիւնը յայտնի ըլալով, ժողովուրդը իրենց սովորական ստութիւնը մտիկ չըներ տէյի, եպիսկոպոսին անունովը դուրս հանեցին այս թուղթը, լի հակառակ իրաւանց  եւ  արդարութեան խօսքերով:

Էն առաջ կսկսի աղօթք ընել՝ եւ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրել, որ այս մեծ փորձանքէն ազատին, բայց չեմ  գիտել թէ այս փորձանքները ինչո՞վ դադարեցան Աբբացիները  մասլահաթի մէջ մտնալո՞վ, թէ հեռու կենալով, յայտ է թէ՝ Եհնիխափու երթալով, բուն Հայոց ազգը յորդորելով այս ալէկոծութիւնը թէսքին ըրին, ինչպէս՝ որ յայտնի է ամենուն:

«Երկրորդ՝ կըսէ թէ՝ անզգոյշ զաւակները տահս չի որսացած՝ եւ ձեռք չի բերած, եօթն անարժան քաանաներուն անկումը տեսեր են տրտմութեամբ»:

Սոսկացաւ երկինքը, թէ կարելի՞ է մի եղեր մարդուս չարութիւնը մինչեւ աս աստիճանը հասնի, որ աս մեծ զրպարտութեամբ ժողովուրդը գայթակղեցնէ, աս քահանաները ի՞նչ չարութիւն եւ վնաս ըրին, ահա ըրածնին յայտնի է, էզ մը մարդ վտանգէ ազատելու պատճառ եղան, Քաղկեդոնի ժողովոյն եւ Լեւոնի պապին եւ անոր տօմարին համար եղած նզովքը Շարականէն եւ ձեռնադրութեան գրքերէն վերցուցին:

Սուրբ Շնորհալի հայրապետէն ետեւ՝ ինչ  նորամուտ  անուն կար նէ, թէ ՚ի Ժամագրքէն եւ թէ ՚ի Տօնացուցէն հանել տուին: Ի սուրբ  Լուսարւորչէ  անտի  ունեցած  հաւատոյ  ճշմարտութիւնը՝ գրով եւ բանիւ հրատարակել տուին, եւ սիրով միացան:

Ահա եօթն անարժան ըսուած քահանաներուն գործքը աս է, աճապա ասոնցով հերետիկոս եւ ուրացո՞ղ են եղեր: Հապա ի՞նչպէս կը համարձակի իր մաթ ու մասխարա թղթովը՝ մէկ ուղղափառ ազգի եղբարքը՝ մէկզմէկէ քակել աս սատանայական նախանձով որ  առաքելական նախանձ  կանուանէ:

Ահա Հայոց եկեղեցւոյն ուղղափառութիւնը յայտնի է, ի՞նչպէս ստութիւն եւ խաբէութիւն եւ ուրացութիւն ըսել կը համարձակի, եւ ան քահանաները ստասաց, խաբեբայ եւ ուրացող կանուանէ, աղէկ գիտէ ու խղճի մտօք կը վկայէ. բայց անիրաւ դատաւոր ըլլալուն համար, չարաչար դատաստան կընէ՝ ով որ է նէ ատ թղթին շինողը: Ան դատաւորն՝ որ Աւետարանին ըսածին կէօրէ, յԱստուծոյ չի վախնար, ՚ի մարդկանէ չամաչեր, կրնայ ամեն թիւրլիւ չարութիւն գործել:

Ասյ ըսածները բաւական չի համարելով, վերջը այս զրպարտութիւնն ալ կընէ, իբրեւ թէ ըսած ըլլան ան անարժան քահանաները, թէ «Հռովմեական սուրբ աթոռին գիտութեամբը աս միաբանութիւնը ըրինք», բայց Հռովմ խապար չունի եղեր, եւ իմացածին պէս ալ՝ զիրենք պիտի անարգէ եղեր, եւ թէ՝ եպիսկոպոսն ալ Հռովմայի աթոռին փոխանորդը ըլլալով, սա թղթովը ամենայն հաւատացելոց կը հրամայէ կոր, որ զանոնք չի ճանչնան, ու անոնցմէ պիւսպիւթիւն փախչին, որ Հռովմէական սուրբ հաւատքը թէրք ըրին, ու ճշմարիտ ուրացողք եղան խաբեբայք եւ մոլորեցուցիչք:

Ահա այսպէս կը հրամայեմք եւ կը պատուիրեմք ամենեցուն կըսէ կոր, եւ մասնաւորապէս մեր միսիօնարներուն՝ եւ հոգւոց հոգ  ունեցողներուն:

Տես, թէ ո՞ր աստիճան յանդգնութիւն է, ո՞ր աստիճան անիրաւ  դատաւորի  գործ ուղղափառութիւն  եւ  ճշմարտութիւն  կը փնտռէ, ու փնտռելնիքէն, ինքն բոլորովին կուրանայ, կոյր զկուրայն կը շրջի ըրածը թողածը չի գիտեր:

Ա՞ս է մի եղեր միսիօնարութիւնը, ա՞ս է մի եղեր հոգւոց հոգ ունենալը: Միսիօնարութիւնը եղեր է հիմա՝ գայթակղութիւն ձգել, եղբայր եղբօրէ զատել, ընկեր ընկերի թշնամի ընել:

Արդեօք ո՞ր իրաւմամբք, ո՞ր խղճի մտօք կը համարձակի հերետիկոս եւ հերձուածող կանչել զազգն Հայոց, որ մինչեւ հիմա ինչ ամբաստանութիւն եւ զրպարտութիւն եղեր էր նէ իրեն վրայ հաւատոյ մասանց կողմանէ, իր յայտարարական թղթովը հրատարակեց  իրեն  ուղղափառական  միտքը:

Ի՞նչպէս կը կանչէ հերետիկոս եւ ուրացող ան քահանաները, որ իրեն ուղղափառ ազգին եկեղեցին են գացեր, ու մէկտեղ հաղորդութիւն ըրեր են:

Որո՞վ իրաւամբք կըսէ թէ Հռովմէական ուղղափառ հաւատքը թէրք ըրին, ահա մենք ուղղափառ եկեղեցին մէկ գիտենք, սուրբ եւ ընդհանուր առաքելական եկեղեցւոյն հաւատքը ՚ի սկզբանէ անտի ունիմք, եւ թէրք չենք կարեր ընել մինչեւ ՚ի մահ: Հռովմէական աթոռէն հրաման չի կայ եղեր, ի՞նչ բանի միաբանութիւն ընել հրաման չիկայ:

Միբանութիւն ի՞նչ ըսել է, գիտե՞ս մի, օտար ազգ մը օտար ազգի մը հետ ծէս փոխելով հաղորդակցի նէ՝ միաբանութիւն կըսուի, միեւնոյն ազգը իր մէջի փէյտահ եղած խռովութեան առիթը վերցընելով սիրով միանայ նէ, հաշտութիւն կըսուի, հաշտուելու հրաման պէ՞տք է մի, ո՞ր սուրբ գրոց խօսքը, ո՞ր ընդհանուր ժողովքին վճիռն է, որ պարտաւորէ ընդ մեղօք զքրիստոնեայս, թէ մի հաշտիր եղբօրդ հետ, մինչեւ որ հրաման չըլլայ Հռովմայէն:

Միթէ Հռովմայու հակառա՞կ բարի խաղաղութիւնը, որ հրաման չունենայ կամ արգիլէ:

Ի՞նչ աճայիպ վարդապետութիւնք են, եւ ո՞ր Աստուածաբան սորուեցուցեր է, թէ ուղղափառ եղբարք առանց հրամանի ընդ միմեանս սիրով չեն կրնար հաղորդակցիլ:

Որ ունիցի ականջս լսելոյ, լուիցէ:

 

Գրեցաւ ՚ի մայիսի 3, 1820:

Թովմայ  վարդապետ  Մաքսէթեան

՚ի միաբանութենէ Մխիթարեան: