ԳԼՈՒԽ
ԻԹ.
ՀԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ի
ԳՐԻԳՈՐ
ՎԱՐԺԱՊԵՏԷ
ՓԷՇՏԻՄԱԼՃԵԱՆ
ՈՒՂՂԱՓԱՌ
հաւատք
եւ
ողջամիտ
վարդապետութիւն
Հայոց
եկեղեցւոյն՝
որ
՚ի
սուրբ
Լուսաւորչէն
մինչեւ
ցայսօր
հաստատուն
ունիմք,
յայտնի
կը
քարոզի
մեր
ամեն
եկեղեցական
գրեանց
մէջը,
եւ
կրնայ
գիտենալ
ամեն
քրիստոնեայ,
ինչ
ազգ
ըլլայ՝
թող
ըլլայ
եթէ
ուզէ
իմանալ:
Իսկ
թէ
ի՞նչ
պատճառաւ՝
չեմ
գիտեր,
այժմեան
Վենկենտիոս
Քօռէսի
Լատինաց
արքեպիսկոպոսը՝
որ
Ստամպօլու
պատրիարքութեան
Վիքար
անուն
ունի,
մտքին
եւ
մարմնոյն
աչքերը
բոլորովին
խփեր
է՝
որ
այս
ճշմարտութիւնը
չի
տեսնայ,
եւ
հոգւոյն
ականջը
գլխովին
գոցեր
է՝
որ
Հայոց
եկեղեցւոյն
ուղղափառութիւնը
չի
լսէ,
քանի
մը
միւֆսիտ
Գոլէճցի
Ֆռանկացեալ
կարգաւորներու
խօսքով՝
Հայոց
եկեղեցին
հերձուածող
եւ
հերետիկոս
է
տէյի
գիր
կը
հանէ,
եւ
Աբբայեան
վարդապետները
Հայոց
հետը
սիրով
միացան
տէյի,
ուրացող
կը
կոչէ:
Ինչու՞
Եսայի
մարգարէին
ձայնը
չի
լսեր,
որ
կը
գոչէ.
Վա՜յ
այնոցիկ,
որք
ասիցեն
զլոյսն
խաւար՝
եւ
զխաւարն
լոյս,
որք
դնիցեն
զքաղցրն
դառն՝
եւ
զդառն
քաղցր:
Եւ
Յիսուսի
Քրիստոսի
մտիկ
չընէ՞ր,
որ
կը
վճռէ,
թէ՝
Որ
ասիցէ
ցեղբայր
իւր
յիմար,
պարտաւոր
լիցի
ատենի,
եւ
որ
ասիցէ
ցեղբայր
իւր
մորոս,
պարտաւոր
լիցի
գեհենի
հրոյն:
Եւ
չիւնքի
առաջին
քահանայապետ
սուրբ
եւ
ընդհանրական
եկեղեցւոյ՝
եւ
ճշմարիտ
դատաւոր
ամենայնի՝
Յիսուս
Քրիստոսէ,
ապա
պէտք
է
ամենայն
քահանայապետաց՝
որ
եկեղեցւոյ
դատաւոր
ենք
տէյի
կը
պարծին,
Յիսուսի
Քրիստոսի
ընդհանրական
դատաստանը
մտքերնին
բերեն,
եւ
իրենք
ալ
անոր
կէօրէ
դատեն:
Ահա
Յիսուս
Քրիստոս
դատաստանին
օրը՝
երբ
անզեղջ
մեղաւորները
պիտի
դատապարտէ,
անոնց
չարութիւնը
եւ
յանցանքը
առջեւնին
պիտի
դնէ,
այսպէս
ըսելով.
Երթայք
յինէն
անիծեալք
՚ի
հուրն
յաւիտենից.
(սէպէպ)
զի
քաղցեայ
եւ
ոչ
ետուք
ինձ
ուտել,
ծրաւեցայ
եւ
ոչ
արբուցիք,
մերկ
էի,
եւ
ոչ
զգեցուցիք,
եւայլն:
Այսպէս
է
առաջին
սուրբ
հայրապետները
իբրեւ
ճշմարիտ
աշակերտ
Քրիստոսի՝
իրաւամբ
դատաստան
կը
տեսնային:
Ահա
երբ
Արիոս
երէցը
չարաչար
մոլորութիւն
կը
քարոզէր,
երեք
հարիւր
տասն
եւ
ութ
հայրապետ
իկիա
քաղաքը
ժողովեցան,
խրատեցին,
որ
իւր
ամբարշտութենէն
դառնայ.
երբ
տեսան՝
որ
չի
դառնար,
այն
ժամանակը
նզովիւք
դատապարտեցին:
Այսպէս
Նեստոր
հերետիկոսին
համար՝
երկու
հարիւր
հայրապետ
Եփեսոս
քաղաքը
ժողովեցան,
գրով
եւ
խօսքով
իւր
մոլորութիւնը
իրեն
ցոյց
տուին.
տեսան՝
որ
յամառեալ
խավի
կեցեր
է,
ապա
դատապարտեցին:
Ո՞ւր
թողունք
Եւտիքէ
հերետիկոսը՝
որ
մէկ
կրօնաւոր
մըն
էր,
լաքին
անոր
համար
վեց
հարիւր
երեսուն
եւ
վեց
եպիսկոպոս
ժողովեցան,
իւր
մոլորութիւնը
մէյտան
բերին,
եւ
անոր
անդարձ
ըլլալը
գիտնալով՝
նզովիւք
դատապարտեցին:
Ասանկ
կ՚ընէին
ամեն
սուրբ
հայրապետները,
երբոր
հերետիկոս
մը
հարկ
ըլլար
դատապարտելու:
Ապա
յայտնի
կ՚երեւանայ
ամեն
մարդու՝
որ
մտաց
աչօք
կոյր
չէ,
որ
Քօռէսի
լատին
արքեպիսկոպոսը՝
ոչ
Քրիստոսի
հետեւող
է,
եւ
ոչ
առաջին
սուրբ
հայրապետաց,
իլլա
հակառակ
է
անոնց,
ինչպէս
այս
մօտ
ժամանակս
յայտնի
եղաւ
իւր
գործքովը:
Որ
իւր
մէնֆայէթին
եւ
օգտին
համար՝
որ
Լատինաց
եկեղեցին
գացող
պարզամիտ
ժողովուրդներէն
կը
շահէր,
Աստուածոյ
ահը
սրտէն
հանելով՝
մէկ
ապօրինաւոր
գիր
մը
հանեց,
թէ
Հայոց
եկեղեցին
հերձուածող
հերետիկոս
է,
եւ
Աբբայեան
վարդապետները՝
որ
Հայոց
հետ
սիրով
միացան,
հերետիկոս
եւ
ուրացող
են,
եւ
մարդկային
ամօթը
բոլորովին
վերցընելով՝
Գոլէճցի
կարգաւորներուն
ձեռօքը
ասդիս
անգին
տարածեց:
Ապա
թէ
մէկը
իրեն
հարցընէ
նէ,
թէ
ի՞նչ
է
Հայոց
եկեղեցւոյն
հերետիկոսութիւնը
կամ
հերձուածը,
եւ
ի՞նչ
է
Աբբայեան
վարդապետաց
ուրացութիւնը,
յայտնի
կերեւայ
որ՝
պիտի
պապանձի,
կամ
Գոլէճցիները
ինծի
այսպէս
հաւատացուցին
պիտի
ըսէ:
Յիրաւի
մենք
ալ
կը
վկայենք
թէ
Գոլէճցի
ստախօսները
խաբեցին
այն
տիլ
պիլմէզ
եպիսկոպոսը,
զէրէ
այսպէս
կուրաբար
գրուածը
հասարակ
մարդու
պիլէ
թէօհմէթ,
ու՞ր
մնաց
Հռովմայու
աստուածաբան
արքեպիսկոպոսի
մը.
լաքին
խիստ
թաաճիւպ
քաշելու
մասլահաթ
չէ:
Զէրէ
այս
Գոլէճցիները՝
այնպէս
անխղճմտանք
եւ
սուտ
զրուց
մարդիկներ
են,
որ
իրենց
րահաթութեանը
եւ
սէֆային
համար՝
շատ
անգամ
Հռովմայու
պապերը
խաբեր
են
եւ
կը
խաբեն,
եւ
ծոուռ
դատումներ
ընել
կուտան:
Լաքին
որպէս
եւ
իցէ
մեծ
ամօթ,
որ
մէկ
Լատին
եպիսկոպոս
մը՝
ինչպէս
այս
Քօռէսին,
համարձակի
մէյտան
իյնայ,
եւ
Հայոց
եկեղեցին՝
եւ
այսքան
միլիոնաւոր
բազմութիւնը
ազգին՝
հերձուածող
եւ
հերետիկոս
կոչէ:
Եւ
չիւնքի
Հռոմայու
պապին
այնչափ
ընդունելի
չէ,
մինչեւ
որ
ընդհանուր
եկեղեցին
անոր
չի
հաւնի.
ապա
ի՞նչպէս
այս
անզգոյշ
մարդը
համարձակեցաւ
զայս
գիրը
հանել,
եւ
պարզամիտ
ժողովրդեան
Հայոց
ընդունելի
ընել:
Էկէր
քի
Հայոց
եկեղեցւոյն
վարդապետութիւնը՝
որ
ընդհանրական
եկեղեցւոյն
հաւատք
եւ
ուսմունք
են,
սա
ինքն
Քօռէսին
իւր
Գոլէճցիներովը
մոլորական
եւ
հերետիկոսական
կը
համարի,
կը
հետեւի՝
որ
խապուլ
չեն
ըներ,
ուրեմն
իրենք
են
ընդհանուր
եկեղեցւոյ
ճշմարիտ
վարդապետութիւնը
ինքեար
ընող
եւ
ուրացող:
Ահա
Հայոց
եկեղեցին
կը
հաւատայ
եւ
կը
խոստովանի՝
երեք
անձինք
եւ
մի
բնութիւն
Աստուածութեան:
Կը
խոստովանի
զՅիսուս
Քրիստոս
կատարեալ
Աստուած
կատարեալ
մարդ,
երկու
բնութիւն
անշփոթ
եւ
անբաժանելի
միաւորեալ
՚ի
մի
անձն
բանին
Աստուծոյ:
Կը
դաւանի
թէ
Հոգին
սուրբ
՚ի
Հօրէ
կը
բղխի
անքննաբար,
եւ
յՈրդւոյ
զինքն
կառնու
անճառաբար:
Յայտնի
խոստովանելով
ըստ
սրբոյ
Շնորհալւոյն
այսպէս,
՚ի
Հօրէ
բղխումն
հոգւոյդ
ոչ
քննեցան,
եւ
հոսման
յՈրդւոյ
առումն՝
ոչ
պատմեցան:
Կը
հաւատայ
եւ
կուսուցանէ,
թէ
սրբոց
հոգիքն
արդէն
փառաւորեալ
են
Աստուածային
տեսութեամբ
՚ի
յերկինս,
եւ
անզեղջ
մեղաւորաց
հոգիքն
դատապարտեալք
՚ի
գեհեանն,
եւ
ներելի
մեղօք
մեռելոց
հոգիքն
են
՚ի
կայանս,
զոր
այլք
քաւարան
կանուանեն,
եւ
կը
կարօտին
սուրբ
պատարագին
օժանդակութեան,
եւ
կենդանեաց
աղօթքին
եւ
ողորմութեանն,
որ
հանգիստ
եւ
արքայութիւն
գտնան,
եւ
Աստուածային
լոյս
տեսուն
արժանի
ըլլան:
Կը
քարոզէ՝
թէ
սուրբն
Պետրոս
առաքելոց
գլխաւորն
է,
եւ
ամեն
առաքելոց
յաջորդները
այնպիսի
իշխանութիւն
եւ
արժանապատուութիւն
ունին,
ինչպէս
իրենց
նախաթոռ
առաքեալները
ունէին:
Ասոնք
նոր
վարդապետութիւն
չեն,
այլ
սուրբ
Լուսաորչէն
մինչեւ
ցօրս
այսպէս
կը
հաւատար
Հայոց
եկեղեցին
եւ
կը
հաւատայ,
եւ
ասոնց
հակառակ
հաւատացողը
դատապարտեր
է
եւ
կը
դատապարտէ:
Եթէ
Վեկենտիոս
Քօռէսին
եւ
իւր
արբանեակ
Գօլէճցիները
այս
ճշմարտութիւն
չեն
հաւատար
կամ
հաւատացողը
չեն
ընդունիր
նէ,
զանոնք
ալ
հերետիկոս
եւ
ուրացող
կը
համարի,
եւ
առ
ընդհանուր
եկեղեցին
ուղղափառաց
կը
բողոքէ
եւ
իրաւունք
եւ
դատաստան
կը
խնդրէ:
Գանք
Աբբայի
միաբաններուն,
եւ
այլ
երկու
վարդապետաց,
որ
այժմ
սիրով
միացան
մեր
հետ:
Ասոնք՝
եւ
ասոնց
բոլոր
միաբանութիւնը՝
՚ի
սկզբանէ
անտի
այս
ուղղափառ
հաւատքը
ունէին
եւ
կը
խոստովանէին,
զէրէ
գիտէին,
որ
առաքելական
եւ
ընդհանրական
սուրբ
եկեղեցին
ալ
այսպէս
կը
հաւատայ
եւ
կուսուցանէ:
Մնաց
որ՝
մեր
ազգը
հին
ժամանակէ
՚ի
վեր
այնպէս
հասկցեր
էր
քի,
Քաղկեդոնի
ժողովքը
եւ
Լեւոն
պապը՝
Նեստորի
մտօք
երկու
բաժանեալ
բնութիւն
կըսեն
՚ի
Քրիստոս,
անոր
համար
կը
նզովէր:
Այժմ
Աբբայեան
վարդապետները
անոնց
ուղիղ
մտօք
ըսելնին
պէյան
ըրին,
եւ
այն
նզովքը
վերցաւ
թէ
Շարականէն՝
եւ
թէ
ձեռնադրութեան
գրքերէն:
Երկրորդ՝
Դեոսակորոս
Աղեքսանդրու
պատրիարքը՝
Եւտիքէսի
հակառակ
է
տէյի՝
սուրբ
կը
կոչէինք
Շարականին
մէջը,
այժմ
Եւտիքէսի
ջատագով
ըլլալը
պէյան
ըրին,
ան
ալ
Շարականէն
դուրս
հանեցինք:
Երրորդ՝
Յօհան
Որոտնեցին
եւ
Գրիգոր
Տաթեւացին
կը
տօնէինք
յեկեղեցին,
եւ
կը
յիշէինք
սուրբ
պատարագի
մէջ,
ասոնք
ալ
նորամուտ
է
տէյի
մեզի
ստիպեցին,
մենք
ալ
Տօնացուցէն
եւ
Ժամագրքէն
վերուցինք:
Չորրորդ՝
վերջին
օծման
գործածութիւնն՝
որ
շատ
ժամանակէ
՚ի
վեր
խափանեալ
էր,
ասոնց
խնդրանօքը
նորէն
պատուէր
տրուեցաւ
՚ի
գործ
դնել
ծանր
հիւանդաց
վրայ:
Այս
ըսածներուս
համար
արժա՞ն
է
մի
ուրացող
ըսել:
Եւ
գիտեմ
որ
Քօռէսին
դատաստանին
օրը
Քրիստոսի
դատաւորին
չի
կրնար
պատասխան
տալ՝
իւր
ընդդէմ
ամենայն
իրաւանց
գրած
խօսքերուն:
Լաքին
սա
կուզեմ
իմանալ,
աճապա
երբ
Քրիստոսի
ընդհանրական
սուրբ
եկեղեցին
իրմէն
պատասխան
խնդրէ
նէ,
կրնա՞յ
մի
զինքն
արդարացնել,
այսպէս
կերեւայ
ինձ,
թէ
պապանձի
պիտի,
զէրէ
ընդհանուր
սուրբ
եկեղեցին
անսխալ
է
եւ
չի
խաբուիր:
Իսկ
եթէ
Հռովմայ
եկեղեցւոյն
ատեանը
կանչուի,
աճապա
ճէվապ
կրնա՞յ
մի
տալ,
այս
ճշմարիտ
է,
որ
եթէ
թարաֆկիրութիւն
չընեն
նէ,
այն
տեղն
ալ
չի
կրնար
արդարանալ:
Զէրէ
Հռովմայու
ատեանը
մինչեւ
հիմա
ինչ
գործքի
վրայ
սխալեր
է,
եւ
ծուռ
դատում
ըրեր
է
նէ,
շատը
կարտինալներուն
թարաֆկիրութենէն
է,
որ
պարտաւորին
տէր
կըլլան,
եւ
ճշմարտութիւնը
իպթալ
ընել
կուտան:
Լաքին
մեր
խօսքը
Հռովմայի
հետ
չէ,
որովհետեւ
անոր
ժողովը
մինչեւ
հիմա
մեր
Հայոց
եկեղեցւոյն
հերետիկոս
ըսած
չէ,
եւ
չըսեր.
միայն
այս
Քօռէսի
եպիսկոպոսին
համար
կը
խօսիմ,
որ
Հռովմայու
կողմէն
վիքար
եմ
տէյի
մեծաբանելով՝
զայս
ապօրինաւոր
թուղթը
հանեց,
եւ
Հռովմայի
եկեղեցին՝
արեւելեան
քրիստոնեայներուն
ատելի
երեւցուց:
Այս
երեւելի
մարդը
ինչու՞
միտք
չի
առներ
անգամ
մը,
թէ
նա
ինքն
Հռովմայ
եկեղեցին՝
մինչեւ
որ
ամեն
ուղղափառ
ազգաց
ընդհանուր
ժողով
չի
գումարէ
նէ՝
կարող
չէ
այսպէս
մէկ
արեւելեան
մեծ
ազգի
մը՝
ինչպէս
որ
մեր
Հայոց
ազգն
է,
հերետիկոս
տէյի
վճռել,
ապա
ինքը
ի՞նչ
ճէսարէթով
այս
գիրը
հանեց,
խիստ
զարմանալի
բան
է:
Երբ
իւր
համբաւին
կը
նայիմ,
որ
խոհեմ
եւ
իմաստուն
տէյի
կը
գովուէր,
իսկապէս
իւր
ըլլալը
հաւատալս
չի
գար,
այլ
Գոլէճցի
մնաֆըխ
միսիօնարներուն
շինուածն
է
կըսեմ.
սակայն
միւս
կողմանէ
կը
հարկաւորիմ
իւր
գրածն
է
ըսել,
որովհետեւ
Գոլէճւոց
վրէժխնդիր
չըլլար,
որ
գիշեր
ցորեկ
կը
գրեն
կը
տարածեն,
եւ
ինքն
ալ
անոնց
դէմ՝
ես
ան
գրէն
խապար
մը
չունիմ
տէյի՝
իւր
ստորագրութեամբը
թուղթ
մը
չի
հրատարակէր:
Ահա
այս
ծանուցման
գրովս
ամենայն
ազգաց
քրիստոնէից
յայտ
կընեմ,
որ
իրենց
յայտարարութեամբը
իւրաքանչիւրոց
իրաւունքը
պէյան
ընեն:
Ի
մայիսի
5,
1820
Գրիգոր
Փէշտիմալճեան
դասատու
դպրոցին
Օրթագիւղի: