Պատմութիւն Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԿԱ.
Յաղագս փոխադարձ այցելութեան Ֆէրիէրի Կարդինալին Հռովմայ ՚ի պատրիարքարանս Յունաց եւ Հայոց, ուր եւ յաղագս բանախօսութեան ՚ի վերայ  հաւատոյ:

  (1848) Ի սմին ամի առաքեցաւ Ֆէրիէրի Կարդինալն Հռովմայ ՚ի  Կոստանդնուպօլիս մեծագին ընծայիւք, եւ ընկալաւ զնա արքայ արժանավայել յարգանօք, եւ վարձեալ զհիւրանոցն Պլօնտէլ ՚ի Բերա ամենայն կարեւոր հանդերձանօք, հրաւիրեաց զնա նստիլ անդ, ցորչափ եւ կամք իցեն նմա մնալ ՚ի Կոստանդնուպօլիս: Կարգեաց ՚ի նմա հիւրընկալ եւ տնտես զՍրապիոն թարգման Բ. Դրան, եւ առաքեաց հրաման ՚ի պատրիարքարանս Յունաց եւ Հայոց երթալ առ նա յայցելութիւն քաղաքավարական օրինօք:

Ոչ կամեցաւ պատրիարքն Յունաց երթալ յոտս նորա, փոքրկութիւն  եւ  անպատուութիւն  իմն  համարելով  իւրումն  բարձր աստիճանի, որ տիեզերական պատրիարք գոլով՝ հաւասարապատիւ ճանացէր զինքն Պապին Հռովմայ՝ որ առաքեալն էր զնա, բայց եւ ոչ կարելով անցանել ըստ հրաման Բ. Դրան, պատճառեաց փոխանորդաբար զմետրապօլիտն Թրակիոյ զԱթանասիոս ընդ երկուց եպիսկոպոսաց ողջունել զգալուստ նորա. եւ գնացեալ նոցա տեսին ընդունելութիւն մեծ, բայց քառորդ մի ժամու կեցեալ վերադարձան յետս:

Գնաց եւ Մատթէոս պատրիարք, առեալ ընդ իւր զՎրթանէս վարդապետ, զՏէրոյէնց Յովհաննէս պատուելին, եւ զքարտուղար իւր զԱւետիս Պէրպէրեան, եւ զթարգման Մկրտիչ Աղաթոն, եւ մտեալ առ նա՝ ողջունեաց զգալուստ նորա, եւ քաղաքավարութեամբ խօսակցեալ ընդ նմա իբրեւ ժամ մի, ետես պատիւ մեծ եւ վերադաձաւ:

Յետ տասն աւուրց գնաց եւ Ֆէրիէրի ՚ի պատրիարքարանն Յունաց փոխադարձ այցելութեամբ, եւ ոչ՝ որպէս արժանն էր, պատուեցաւ. բայց իբրեւ եկն ՚ի պատրիարքարանն Հայոց, ընդ առաջ ելին նմա երկոտասան քահանայք փիլոնազգեացք, եւ յետ նոցա վեց վարդապետք եւ երկու եպիսկոպոսք վեղարաւորք, եւ յետուստ  նոցա  ինքն  իսկ  Մատթէոս  պատրիարք  խաչաձեւ գլխարկաւ. եւ բազմեցուցեալ զնա ՚ի վեր կոյս նստարանին՝ որ վասն նորա պատրաստեալն էր ոսկեթել եւ աստեղազարդ հանդերձանօք, նստաւ եւ ինքն առընթեր նորա, եւ երկու եպիսկոպոսքն յաջմէ եւ յահեկէ, եւ պատուեաց զնա թէյիւ եւ քաղցր օշարակաւ Հիւմմաս կոչեցեալ, եւ քաղցրաւենեօք վարդի եւ պէրկամօթի, եւ սիրալիր յարգութեամբ դարձոյց յետս:

Յետ միոյ ամսեան առաքեաց Ֆէրիէրի առ Մատթէոս պատրիարք զկոնդակ մի տպեալ Հայերէն, յորում յետ ցաւակցաբար խօսելոյ ՚ի վերայ հերձուածոց եւ մոլորութեանց, որք երեւեցան յեկեղեցւոջ ՚ի սկզբանէ անտի՝ գրէ, թէ «Այժմեան եկեղեցին Հայոց է մոլորեալ եւ անջատեալ ՚ի յուղղափառ չաւղաց նախնի հարց իւրոց». եւ հրաւիրէ զմոլորութիւնսն ՚ի բաց քեցել յանձնէ իւրեանց, եւ ողջամիտ վարդապետութեամբ ընդունել զնախնի ուղղափառութիւն իւրեանց, եւ միանալ ընդ գլխոյն եկեղեցւոյ:

Այսմ ոչ կարելով տանել Մատթէոս պատրիարք, կոչեաց առ ինքն  զվառոդապետսն  Տատեան զՊօղոս  եւ  զՅովհաննէս եւ զճարտարապետն արքունի զԿարապետ Պալեան, եւ խօսեցաւ ընդ նոսա առնել գանգատ ՚ի Բ. Դուռն զայսմ անվայել քաղաքավարութենէն՝ զոր արար Ֆէրիէրի. բայց նոքա լաւչհամարեցան զխորհուրդ նորա առնել այսպիսի ինչ. եւ ինքեանք յանձն առին երթալ առ նա այցելութեան աղագաւ, եւ ՚ի լինել խօսից՝ ծանուցանել նմա զցաւ սրտի պատրիարքին Հայոց  վասն տետրակին այնմիկ՝ զոր առաքեալն է առ նա:

Գնացին վառօդապետքն երկոքին, եւ յետ  քաղաքավարական բանից ծանուցին նմա՝ որպէս խորհեալ էին. եւ խնդրեցին ՚ի նմանէ, զի ցուցցէ զմոլորութիւնսն զայնոսիկ, յորս անկեալ է այժմ եկեղեցին Հայոց ըստ բանի կոնդակին:

(1848) Յանձն էառ Ֆէրիէրի ուրախութեամբ զառաջարկութիւն սոցա, եւ խոստացաւ գալ ՚ի տուն Յովհաննու Տատեան ՚ի Պէշիկթաշ, յոր հրաւիրէին զնա վառօդապետքն, եւ խօսիլ ՚ի վերայ այնց՝ զորոց կարծիս ունէր Հռովմայ եկեղեցին ՚ի վերայ Հայոց:

Ազդ արարին եւ Մատթէոս պատրիարքին զորոշումն իւրեանց. եւ նա գնաց ՚ի տուն Յովհաննու Տատեան:

Եկն անդ եւ կարդինալն թարգմանաւ իւրով. եւ յետ մեծածախ ընթրեացն մտին ՚ի քարուկիր սենեակն, եւ հանեալ զսպասաւորսն արտաքս բակեցին զդուռն, եւ սկսան խօսիլ:

Առաջարկեաց Մատթէոս պատրիարք առ կարդինալն, զի ցուցցէ  զմոլորութիւնսն  Հայոց եւ  նա սկսաւ  զհին  սնոտի զրպարտութիւնսն յառաջ բերել. յորոց վերայ բազում անգամ եղեալ են վէճք, եւ ցուցեալ են Հայք զուղղափառութիւն իւրեանց համաձայն յամենայնի սուրբ գրոց եւ սրբոց հարց, որպիսի է խնդիրն ՚ի վերայ երկուց բնութեանց, ՚ի վերայ բղխման սուրբ հոգւոյն, ՚ի վերայ կայանին ննջեցելոց, ՚ի վերայ վերջին օծման, եւ  ՚ի  վերայ  գլխաւորութեան  Հռովմայ  աթոռոյն:

Զպատասխանիս սոցին խօսեցաւ Մատթէոս պատրիարք ըստ դաւանութեան եկեղեցւոյն Հայոց, զոր դաւանի մինչեւ ցարդ. զի ոչ եթէ յառաջն այնպէս դաւանէր, եւ այժմ այլազգ. եւ մի առ մի բացատրեաց առաջի նորին զճշմարիտ դաւանութիւնս Հայոց, եւ զթշնամեաց նոցին զհռովմէական գօլէճեանց զանխիղճ եւ զաստուածընդդէմ զրպարտութիւնսն, յոր ժպրհեցան յայսչափ ժամանակաց հետէ ծեփել տղմաւ բերանոյ իւրեանց զլոյս արեւու եկեղեցին Հայոց:

Զարմացաւ կարդինալն, զի ոչ՝ որպէս կարծէրն եւ լուեալ էր, ետես այնպէս, եւ խոստացաւ միանգամ եւս տեսանել զմիմեանս եւ խօսել. եւ ըստ վերջին որոշման գրել ՚ի Հռովմ առ Պապն զվկայական իւր յաղագս ուղղափառութեան Հայաստանեայց եկեղեցւոյ. եւ որոշեցաւ յերկրորդում նուագին խօսիլ յԱյի Ստէֆանայ ՚ի տան Պօղոսի Տատեան:

Յայսմ միջոցի առաջարկութեամբ կարդինալին եղեւ խօսակցութիւն ՚ի մէջ իւր եւ Պրուսացի Տէրոյենց Յօվհաննէս պատուելւոյն, որոյ իսկական ձեռագրովն գտեալ զբնագիր խօսակցութիւնն, կարեւոր դատիմք աստ դնել զիսկական օրինակն:

 

Պատմութիւն խօսակցութեան Մօնսինեօր Ֆէրիէրի դեսպանի սրբազան Քահանայապետին Հռովմայ ՚ի Դուռն Օսմանեան մեծի տէրութեան, եւ Պրուսացի Յովհաննէս Տէր Կարապետեան Տէրոյէնց. 6/18 Փետրվար 1848:

 

Յունվար 29 հինգշաբթի օրը Տ. Ֆէրիէրի արքեպիսկոպոսը պատրիարքարան գալով, եւ սրբազան պատրիարքը եւ Կրճիկեան Յակոբ աղայն եւ վերոյիշեալ Պրուսացի Յովհաննէսը մէկ կողմէն, եւ Տ. Ֆէրիէրին, եւ հետը իբրեւ թարգման գտնուող Հ. Արսէն վարդապետը մէկ կողմէն, բաւական ժամանակ տեսութիւն ընելէն ետքը, փետրվար 3 երեքշաբթի օրը Լազարիսթ քահանայներէն միւսիւ Կամպա անուն քահանայն գիր խրկեց Պրուսացիին, որ Տ. Ֆէրիէրին առանձին տեսութիւն ընել կուզէ հետը. գրով պատասխանելով օր որոշուեցաւ փետրվար 6 ուրբաթ օրը, եւ այն միւսիւ Կամպա եւ միւսիւ Ֆուժըրէ քահանայներուն ընկերակցութեամբ Տ. Ֆէրիէրին դեսպանատունը երթալով, այն տեղի խօսակցութիւնը այս տեղս գրեցանք: Եւ որովհետեւ այս գիրս նոյն օրը չգրուեցաւ, ուստի չեմ կրնար ապահովցնել որ հոն եղած խօսակցութիւնը բառ առ բառ հոս գրուած է. այլ խօսակցութեան նիւթը եւ խօսուած խօսքերը մէկ մտքի վրայ են հոս գրուածներուն հետ:

Տ. Ֆէրիէրին առաջին խօսքը բացաւ ըսելով. ձեր պատրիարքին հետ տեսունելով շատ ուրախացայ, որ սիրոյ եւ միաբանութեան փափաք մը ունի. այս փափաքը Հռովմէական Հայոց պատրիարքին քովն ալ կը տեսնեմ. եւ ինձի այս զարմանք կուգայ, որ երկու իրարմէ բաժանեալ կողման գլուխները նոյն ոգւով վառուած ըլլալով՝ ի՞նչպէս եղեր է որ այսպէս մէկ բարի եւ օգտակար գործ մը մինչեւ հիմայ ետ մնացեր է, եւ խօսքը անգամ չէ եղեր:

Պ. Ասոր պատճառը այն է որ՝ թէպէտ երկուքին ալ մտքին մէջ դրած նպատակը նոյն է, բայց այն նպատակին հասնելու համար ընտրած միջոցներին տարբեր է: Հասունեանը կուզէ որ՝ Հայերը խոստովանին թէ մեր Հայաստանեայց եկեղեցին մոլորած է. մենք քննեցինք, ստուգեցինք, եւ գտանք որ Հռովմայ եկեղեցին անմոլար է. անոր համար մեր եկեղեցին միութիւն ընելու մեզնէ մարդ յանձնառու չըլար. որովհետեւ ամենն ալ գիտեն որ Հռովմէացւոց եւ Հայոց եկեղեցիներուն մէջ հաւատալեաց տարբերութիւն չկայ: Ֆ. Լսած եւ կարդացած եմ գրոց մէջ, որ Հայք Եւտիքականեն:

 

Պ. Բոլորովին սուտ եւ անհիմն զրպարտութիւն է:

Ֆ. Ուրեմն Հայք կը խոստովանին, որ տէրն մեր Քրիստոս որ հօր Աստուծոյ համագոյ կատարեալ Աստուած  էր կատարեալ մարդ եղաւ սուրբ կուսէն ծնանելով, եւ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները բնաւ իրարու հետ չշփոթեցան. աստուածային բնութեամբ աստուածային գործերը, եւ մարդկային բնութեամբ մարդկային գործերը կը կատարէր:

 

Պ. Ամեն կերպով այդպէս կը դաւանին Հայք, եւ թէ որ մտքէդ անցնի որ ես ուրիշ լեզուներու տեղեակ ըլլալով ուղղափառ հայրապետներուն  եւ  աստուածաբաններուն  գիրքերը  կարդացեր  եւ այս ուղղափառ դաւանութիւնս անոր համար կը խոստովանիմ, Հայոց եկեղեցւոյն դաւանութիւնը ձեր ըսածին պէս Եւտիքական է, կրնաք ասանկ բաներու բոլորովին հմտութիւն չունեցող տգէտ աշխարհականի մըն ալ հարցնել. այն ալ իմ ըսածիս պէս կըսէ: Կրնայ ըլլալ որ մէկ ժամանակ մը տգէտ մարդ մը հոգեւորական իշխանութեան հասած ըլլալով ազգին մէջ, Եւտիքականներուն յարած ըլլալով այս մոլորութիւնս քարոզած ըլլայ. որովհետեւ չեմք ըսեր եւ չեմք կրնար ըսել որ մեր հոգեւոր գլուխները անսխալութիւն ունին: Այսպիսիներ թէ որ եղած ալ են նէ՝ բոլոր ընելիքնին այնքան կրնայ ըլլալ որ, ուղղափառութիւն քարոզողներուն ձայնը կտրելու բռնութեան ճամբայ մը բռնեն. եւ իրենց օրը ուղղափառութիւնը քարոզուած չըլլայ Հայոց եկեղեցիւոյն մէջ, ինչպէս որ ատեն ատեն Յունաց մէջ  եղած ըլլալը  եկեղեցական պատմութեանց մէջ կը կարդամք. մեր եկեղեցւոյ մէջ այսպիսի բան մը եղած ըլլալուն յիշատակը չունիմք. բայց եղած ալ է նէ, որովհետեւ այնպիսի բռնութիւնը եկեղեցւոյն վրայ մնայուն վիճակ մը չէ, բռնութիւնը վերցածին պէս ուղղափառ վարդապետութիւնը նորէն ուժ կը գտնէ, առաձգական նիւթերու նման, որ քաշած տեղդ կերթայ. բայց քաշող ուժը դադարելուն պէս անիկայ ինքնին իր առաջին եւ բնական տեղը կը դառնայ:

 

Ֆ. Էվէլօք շնորհակալ եմ որ այս նիւթոյս վրայ ունեցած տարակոյսս լուծեցիր, եւ միտքս բժշկեցիր:

Պ. Տարակոյս ըլլալու ալ տեղի չկար: Ատեն ատեն մեր ազգին դաւանութեանը վրայ զրպարտութիւններ ըրած են ազգին թշնամիները, մանաւանդ խաչակիրներուն ատենը եւ ետքը ունիթօրներուն ատենը: Բենեդիկտոս երկոտասաներորդ պապին օրը  Հայոց ընտանի թշնամիներէն երկու հոգի մինչեւ Ավինեօն երթալով՝ Հայոց ազգին վրայ 117 տեսակ մոլորութեան մէկ ցանկ մը ներկայացուցին պապին: Անիկայ խոհեմութեամբ վարուելով ուզեց նոյն իսկ Հայերէն տեղեկանալ բանին էութիւնը. Հայոց Մխիթար կաթողիկոսին գրեց. այն ալ ազգային ժողով ըրաւ Սիս, այն զրպարտութիւնները մէկիկ մէկիկ քննելով պատասխանը գրեցին եւ պապին խրկեցին: Թէ որ ամեն ատեն այս ճամբան բռնուէր նէ՝ երկու ազգի մէջ այս պաղութիւնը չէր ըլլար: Ուստի կաղաչեմ. թէ որ Հայերը թշնամի ունին. անոնց ըրած զրպարտութիւնը անոնցմէ ստուգել չըլլայ. որովհետեւ այս պարզապէս անոնց խօսքին առանց քննելու եւ առանց Կոստանդնուպօլիս պատրիարք ունի. Էջմիածին կաթողիկոս ունի. ասոնք ալ հոգեւորական ժողովք ունին. անոնցէ հարցուի եւ ստուգուի: Չեմ յիշեր որ ասանկ բան մը մեր պատրիարքին մէկուն հարցուած ըլլայ. եւ այն ալ պատասխանուց արժան չսեպելով պատասխան չտայ: Ես հոս եկեր եմ նէ իբրեւ պատրիարքէ խրկուած կամ իբրեւ ազգային հոգեւոր ժողովոյ անդամ չեմ. ազգին լրութիւնը ներկայացնելու արտօնութիւն մը չունիմ հիմայ այս տեղս. այլ մասնաւոր մարդ մը, մասնաւորապէս իմ գիտցածս խօսելու եկեր եմ. իմ ըսածս ազգին ըսածնէ ըսելու մէկ իրաւունք մը չունիմ. եւ դուք աւելի ապահովութեան համար՝  այդ  բանին  վրայօք  կրնաք  պատրիարքէն եւ ազգային հոգեւոր ժողովքէն ստուգել:

 

Ֆ. Այդ խօսքերուդ իրաւունք ունիս. բայց կուզէի իմանալ թէ Հռոմայ աթոռոյն եւ Քահանայապետին վրայ ի՞նչպէս կըսէք:

Պ. Ատոր վրայօք ալ կրնաք ազգիս մէջէն պինդ տգէտ մարդու մը հարցնել թէ, երբ որ ամեն քրիստոնեայ ազգաց առաջնորդները եկեղեցւոյ մէկ պիտոյիցը համար ժողովք ընելու ըլլան եւ մէկ տեղ գան նէ՝ ժողովքին գլուխը նստելը որու՞ կիյնայ. ամենքը միաբան կը պատասխանեն թէ՝ Հռովմայ հայրապետին կիյնայ: Ըսել է որ՝ Հռոմայ հայրապետին նախագահութիւնը ազգը բոլոր կը ճանչնայ:

 

Ֆ. Բայց նախագահութիւնը այլ է, իրաւաբանութիւնը այլ է. Հայք չե՞ն մի ճանչեր որ Պապը յաստուածային իրաւանց բոլոր քրիստոնէից եւ բոլոր քրիստոնէից եւ բոլոր եկեղեցւոյ վրայ իրաւաբանութիւն ունի, եւ ով որ զինքը անոր իրաւաբանութենէն ազատ կը սեպէ նէ՝ հաւատքի յօդուածոց վրայօք մոլորութիւն մը չունենայ ալ նէ՝ եկեղեցիէն զատուած եւ հերձուածող (չիզմադիքօ) կը սեպուի:

Պ. Հայք այդ ընդհանուր իրաւաբանութիւնը չեն ճանչնար, ինչպէս որ Կալլիքան եկեղեցին ալ որ շիզմադիք ըսուած չունի, չճանչնար: Կալլիքնները կ՚ըսեն որ ժողովքը Պապէն վեր է իրաւաբանութեան կողմանէ. մենք ալ կ՚ըսեմք որ՝ եկեղեցւոյ մէջ ամեն առաջնորդներուն եւ եպիսկոպոսներուն միութիւնն է բուն իրաւաբանութեան տէրը, եւ այս իրաւաբանութիւնս առանձին մարդու չեմք տար, ինչպէս որ Կալլիքաններն ալ չեն տար:

 

Ֆ. Այս վէճիս սկիզբը Կոստանդեայ ժողովքէն է. այն ատենը մի եւ նոյն ժամանակի մէջ քանի մի Պապ կային, եւ ասոնց ճշմարիտ Պապ որը ըլլալը վէճի առարկայ եղած էր: Վէճը կտրելու համար Կոստանդեայ ժողովը ըսաւ որ, ով որ այս ժողովոյս վճռոյն չհնազանդի նէ՝ ժողովը անիկայ պապ չըճանչնար: (Այս խօսքս քիչ մը ընդարձակ ընելով պատմութիւնը՝ երկար քշեց. բայց հոս գրածս այն երկար պատմութեանը ամփոփումն է):

Պ. Սակայն Կոստանդեայ ժողովքէն  երկու  հարիւր  տարի  ետքը  Բիէր  Տէմարք  Փարիզու  արքեպիսկոպոսը եւ  անկէց  քիչ  մը ետքը Պօսիւէ, Մօ քաղաքին եպիսկոպոսը, եւ  Կալլիքան  եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցականները Փարիզ ժողվուելով 1682ին վճիռ ըրին թէ ժողովքը պապին վրայ իրաւաբանութիւն ունի, եւ Պօսիւէ՝ ինչպէս  որ  յայտնի  է մեծ  գիրք  մըն  ալ  գրեց  Կալլիքաններուն այս ժողովքին վճիռը արդարացնելու համար: Բայց թէ որ պապը հաւատոյ յօդուածներուն վրայօք մոլորի նէ՝ այն ատենը անոր ընդհանուր եկեղեցւոյ վրայ ունեցած իրաաւաբանութիւնը ի՞նչ ընելու է:

 

Ֆ. Անհնար է որ Պապը հաւատալեաց վրայ սխալի, որովհետեւ Քրիստոս տէրն մեր յայտնի խօսքով ըսաւ Պետրոսի, եւ անով անոր ամեն յաջորդներուն որ, եւ դու երբեմն դարձցիս եւ հաստատեսցես զեղբարս քո: Բոլոր քրիստոնեայ եղբարց հաւատքը Պետրոսի առաքելոյն յաջորդը պիտի հաստատէ. եւ թէ որ ասանկ հաւատքը հաստատող հեղինակութիւն մը չըլլայ նէ՝ հաւատալեաց վրայ հերետիկոսութիւն մը եղած ատենը վէճը լուծելու եւ քրիստոնէից հաւատքը հաստատելու միջոց մը չմնար:

Պ. Կը մնայ այն ատենը համօրէն քրիստոնեայ եկեղեցիներուն միաձայն  աւանդութիւնը որովհետեւ  հերետիկոսութիւնը նոր է, անհնար է որ ամեն քրիստոնեայք եւ անոնց առաջնորդները գիտնան, եւ գիտցողները հաճութիւն տան: Այս կերպով այն բանը չը լսուած եւ նոր վարդապետութիւն ըլլալը  ապացուցուելէն ետքը՝ հերետիկոսութիւն ըլլալը ինքնին կը հետեւի. եւ ասով քրիստոնեայք իրենց նախնի հաւատքին վրայ չհաստատուին նէ՝ իրենց յարգած նախնեաց հաւատքը ըլլալը գիտնալով այն հաւատքը չը բռնեն նէ, իրենց ժամանակակից գտնուող Հռովմայ հայրապետին այն հաւատքը ունենալը  իրենց  վրայ  ազդեցուիթիւն չըներ, իրենց նախնեացը համար եւ իրենցմէ զատ բոլոր քրիստոնէից համար սխալած են ըսողները ամենեւին խիղճ չեն ըներ ըսելու թէ Հռովմայու պապն ալ սխալած է: Սակայն վերոյիշեալ Տէմարք եւ Պօսիւէ եպիսկոպոսները, եւ ուրիշներն ալ անոնցմէ առաջ եւ ետքը՝ պապերուն մէջ հաւատոյ յօդուածներուն վրայօք ալ մոլորածներ գտան, եւ կը յիշեն Լիբերիոս պապը որ Արիոսականներուն հաւատոյ դաւանութիւնը ստորագրեց. եւ Ոնորիոս պապը, որ Եւտիքականաց մէկ ճիւղը եղող միակամեան ըսուածներուն կուսակից եղաւ:

 

Ֆ. Հռովմայ աթոռոյն թշնամիները (այսինքն աղանդաւորները) ասոնց վրայ ասանկ ձայներ հանեցին, հին պատմութիւններուն գրածներէն իրենց կամացը ուզածին պէս ծուռ բաներ հանելով: Այն ատենը քրիթի քայի արուեստը շատ ընդարձակ նիւթ չունենալովը հիմակուան պէս ծաղկեալ չէր. հիմայ բանին ստոյգը երեւան ելլելուն միջոցները շատցած են, անոր համար Պօսիւէ եւ անոր պէսերը պապերուն մէկ քանին հաւատոյ մէջ մոլորած կարծեցին նէ՝ մեղադրելի չեն. հիմայ բանին ճշմարտութիւնը ինչ ըլլալը երեւան ելլելէն ետքը տակաւին այդ հին եւ սխալ կարծիքին վրայ պնդելով հերետիկոսութեան մէջ ինկած պապ ցըցընելնին մեծապէս մեղադրելի է:

Պ. Ես ալ գիտեմ որ Լիբերիոս Արիոսականներուն շինած դաւանութիւնը ստորագրած ատենը պապական պաշտօնի վրայ չէր. Փելիքս նստած էր Հռովմայի աթոռը, եւ Լիբերիոս աքսոր խրկուած էր, եւ ստորագրած դաւանութիւնը թէպէտ Արիոսականներուն շինածն էր, բայց Արիոսական մոլորութեան նշան չկար մէջը, կասկածելի անոր համար էր որ՝ համագոյակից բառը չէր դրուած: Ասանկ յայտնապէս հերետիկոսութիւն չպարունակող դաւանութիւն մը՝ աքսորի ժամանակ ինքնագլուխ ստորագրելը մարդկային տկարութիւն մը ցըցընել է, հերետիկոսութեան մէջ իյնալ չէ: Նմանապէս Ոնորիոս պապն ալ իրեն եղած խնդիրէն խաբուեցաւ: Քրիստոսի մարդկային կամք ունենալը ուրացող միակամեանները հարցուցին Ոնորիոսի, թէ Քրիստոս մարդկային կամք ունէր արդեօք ուրիշ մարդոց պէս, որոց համար առաքեալը կըսէ. “Մարմին ցանկայ հակառակ հոգւոյ, եւ հոգի հակառակ մարմնոյ”: Ոնորիոս պատասխան տուաւ թէ չէ: Այս չէ ըսելովը լսել կուզէր թէ Քրիստոսի մարդկային կամքը Աստուածային կամացը հակառակ չէր, մէկ էր միաբանութեամբ, չէ թէ թուական՝ այլ բարոյական միութեամբ: Պատասխան ուզողները այս պատասխանը իրենց ըսածին հաստատութեանը գործածեցին. բայց այն ատենը հաւատացեալք՝ եւ այս աղանդոցս դէմ եղած ժողովքը մտիկ չըրին Ոնորիոսի անունով զրուցուած խօսքը. միակամեանները ով կըլլան նէ ըլլան՝ նզովեցին: Ետքը Սերգիոս եւ  Պօղոս  միակամեան  աղանդաւոր  պատրիարքներուն  Ոնորիոս գրած նամակին  օրինակը  գտնւած ատենը  իմացուեցաւ  որ  այս երկու  աղանդապետները  խարդախութիւն  բանեցնելով  Ոնորիոսի գրած նամակին  օրինակը  գտնւած ատենը  իմացուեցաւ  որ  այս երկու աղանդապետները խարդախութիւն բանեցնելով Ոնորիոսը խաբեր եւ անոր անունովը ուրիշ պարզամիտներն ալ խաբելու համար անանկ գիր մը առեր են ձեռքէն:

 

Ֆ. Այո այդպէս է, այդ պատմութիւնները աղէկ գիտես եղեր:

Պ. Բայց մեր բուն խնդիրը այս չէ: Լիբերիոսի եւ Ոնորիոսի վրայօք ճշմարիտ պատմութիւնը գիտուցելէն առաջ այս երկուքը հերետիկոսութեան մէջ ինկան ըսող ուղղափառ վարդապետները եւ աստուածաբանները հաւատոյ դէմ մոլորած չեղան, շիզմաթիք չսեպուեցան: Անանկ է նէ՝ պապը հաւատալեաց մէջ կրնայ սխալիլ ըսելը Քրիստոսի յայտնի բանին դէմ պիտի չըլլայ, եւ կրնայ սխալիլ տէյի ենթադրուինէ՝ ընդհանուր եւ անկոպար իրաւաբանութիւն մը տալ չի վայելր, անոր համար Կալլիքանները՝ որ պապին անսխալութիւնը չեն ընդունիր, ընդհանուր իրաւաբանութիւնն ալ չեն ընդունիր: Ֆրանսըզները՝ որ Հռովմէական են, եւ Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորին օրը Հռովմէականութիւնը տէրութեան կրօնք բռնուած էր, եւ մինչեւ 1789ին խռովութիւնը ասանկ տեւեց, պապին կողմէն եկած կոնդակ մը մինչեւ որ բարլամէնթին մէջ քննութեան չառնուէր նէ չէին հրատարակեր. ըսել է որ բարլամէնթին վրայ պապէն աւելի իրաւաբանութիւն մը կը ճանչնային, եւ բարլամէնթը պապին հանած կոնդակին քննութեանը իշխանութիւն ունեցած կըլլար, եւ յարմար չտեսածներն ալ կրնար խափանել. քանզի բարլամէնթը չտեսած պապին կոնդակը չհրատարակուի ըսելը այս ըսել է: Այս ալ դիտելու բան մըն է որ՝ ունեցած կասկածնին որով պապին կոնդակը քննութեան առնել կուզեն. քաղաքականութեան վերաբերեալ բան պիտի չըլլայ, որովհետեւ Հռովմայ պապին հանած կոնդակը միշտ եկեղեցական նիւթոց վրայ կրնայ ըլլալ: Ֆրանսըզներն աշխարհական մարդոցմէ բաղկացեալ բարլամէնթը պապին  կոնդակին քննիչ ընդունելովնին շիզմաթիք չսեպուեցան:

 

Ֆ. Հռովմայ պապերուն համար համբաւ ելած էր, որպէս թէ եկեղեցական իրաւաբանութիւննին ամուր բռնելու պատճառաւ ժամանակաւոր իշխանութիւննին ալ եւելցնելու միտք ունին, եւ որովհետեւ պապին ժամանակաւոր իշխանութեան եւելնալը Եւրոպայի թագաւորները չեն քաշեր, այն կարծած միտքերնին առաջ երթալու միջոց չը ձգելու համար էր որ պապին կոնդակը բարլամէնթին  քննութեանը  տակը  ձգեցին Սակայն  պէտք  էր գիտնային որ, պապերը ինչ ժամանակ որ թէ Իտալացի իշխաններուն, թէ Գերմանիայի եւ թէ Գաղղիայի դէմ կռիւ բացեր են նէ, կամ Հռովմայու աթոռոյն ժառանգութիւն եղած երկիրները պաշտպանելու համար էր, ինչպէս են Յուլիոս Բ. պապին Վենետիկցիներուն  հետ  բացած  կռիւը կամ  հասարակաց  մէջ  իրեն զեղխ վարովը գայթակղութիւն ձգող իշխան մը զսպելու համար, ինչպէս Գրիգոր Է. պապին Նէմցէի Հենրիկոս Դ. կայսեր դէմ բացած կռիւը, կամ աստուածային օրինաց վրէժխնդրութեան համար, ինչպէս է Վոնիփակիոս Ը. պապին բացած կռիւը Ֆրանսայի Ֆիլիբ Լը Պէլ թագաւորին դէմ. ասոնց եւ ուրիշ կռիւներուն վրայ թիզմը տեղ չաւելցուց. ինչ երկիր ունէր նէ՝ այն երկիրներուն տիրոջը առատաձեռնութեամբը նուէրք տրուած էին. եւ պապը ետքը աս երկիրներէս մէկ քանին կորսնցուց, նոր երկիր չստացաւ: Բայց թագաւորները պապէն ասանկ բաներու վրայ վախնալով՝ կոնդակները քննութեան տակ ձգելնին քաղաքական նպատակ մը ունի. շիզմաթիք չեն ըսուիր ասոր համար:

Պ. Ուրիշ բան մը ունիմ պատմելիք, որուն մէջ ոչ քաղաքական նպատակ կայ, եւ ոչ երկիր առնելու կամ բռնանալու երկիւղ. լոկ աստուածաբանական խնդրոյ մը վրայ է. որ մէկ կրօնաւորական միաբանութիւն մը յայտնի հակառակած է Հռովմայ աթոռոյն, եւ շիզմաթիք ըսուած չէ. Կլէմէս Կալանոս մատենագրին օրէն ՚ի վեր անանկ կարծիք մտած էր Հայոց պատմութեան աղէկ հմտութիւն չունեցող Հայազգի Հռովմէականներուն մէջ, թէ Յովհան Օձենցի Հայոց հայրապետը Եւտիքական է. Վենետիկու Մխիթարեաններէն Հ. Միքայէլ Չամչեանը ասոր ուղղափառութիւնը աղէկ յայտնեց Հայոց պատմութեան մէջ. բայց Բրոպականտայի աշակերտ Հայազգի վարդապետները ծանր վէճ հանեցին ասոր դէմ: Օձնեցիին երեւութական հերետիկոսաց դէմ գրած ճառին հին օրինակը Փարիզու դրատանը մէջ գտնուելով՝ նոյն Վէնէտիկի   Մխիթարեաններէն   Հ.   Մկրտիչ   Աւգէրեանը   ծանօթութեամբ տպեց: Վէճը նորոգեցաւ. հարկ սեպեց Հ. Աւգէրեանը այս ճառը Լատիներէն թարգմանել եւ տպել, եւ Հռովմայու երեւելի աստուածաբաններուն քննութեանը յանձնել: 1816 թուին տպուեցաւ. աստուածաբանները տեսան եւ քննեցին, որոց մէջէն հիմայ անուննին միտքս մնացածներն են կարդինալ Ծուրլա բազմահմուտ աստուածաբանը, եւ կարդինալ Մաւրօ Գաբէլլարի, որ ետքը պապ ալ եղաւ Գրիգոր ԺԶ. անունով, ասոնք գրով եւ նամակաւ վկայութիւն կուտան որ Յովհան Օձնեցիին ընդդէմ երեւութականաց ճառին մէջ ուղղափառ հաւատոյ դէմ բան չկայ. եւ ընդարձակ նամակներով գովութիւններ կելլեն նոյն Յովհան Օձնեցւոյն այն ճառին մէջ մոլորութիւն գտածի պէս, որպէս թէ իրենք Հռովմայու կարդինալներէն աւելի հմուտ են աստուածաբանութեան, գիրք կը գրեն, կաշխատին Յովհան Օձնեցին հերետիկոս եւ Եւտիքական ցուցընելու, չէ թէ այն Լատիներէնի թարգմանուած գիրքը անորը չէ ըսելով, որ ասանկ ըսէին նէ յիշեալ աստուածաբաններուն վճռոյն դէմ բան մը ըսած չէին ըլլար. այլ ընդունելով թէ անորն է, եւ մէջէն մոլորութիւն գտնելով: Սակայն այսպէսով ալ՝ այն Վիէննայի Մխիթարեան վարդապետները շիզմաթիք չըսուեցան. թէեւ ասոնք ալ Հռովմայու աթոռոյն աստուածաբանից վճիռը քննութեան տակ առին:

 

Ֆ. Ասիկայ պապին վճռոյն չհնազանդիլ եւ անիկայ քննութեան տակ առնել չէ, քանի մի աստուածաբանից վճիռը դիմադրել է, որ շիզմաթիք անուան արժանի յանցանք մը չէ:

Պ. Գիրքերուն քննութիւնը կարդինալներ է բաղկացեալ ժողովքի մը մէջ կըլլայ միշտ. եւ հերետիկոսական խօսք պարունակող գիրքերուն ցանկն ալ հոն է, որ Ինտիզէ կըսուի. անանկ որ՝ Ինտիզէի մէջ անունը գրուած գիրք ըսելը՝ հերետիկոսական գիրք ըսել է. եւ ամեն Հռովմէական կը պարտաւորի այն գիրքը ձեռք չառնելու եւ չկարդալու, եւ հնազանդ չեղողը հաւատոյ կողմէն կասկածելի եւ անհնազանդ կըլլայ: Անանկ է նէ՝ նոյն ժողովոյն աստուածաբաններուն իբրեւ ուղղափառ հրատարակած գիրքերնին ալ հերետիկոսական է ըսողը՝ աթոռոյն վճռոյն անհնազանդ սեպուելու է:

 

Ֆ. Այդպիսի խօսքերուն ամենուն ալ վերջը կուգայ, երբ որ հրատարակուի այն շրջաբերականը որ Պիոս Թ. սրբազան քահանայապետը գրեց բոլոր արեւելեան քրիստոնէից, որ Հռովմայէն բաժնուած են. եւ մօտ ատենս հրատարակելով մեզի  ալ խրկեց, հրաման ալ ունիմք որ այս շրջաբերականը արեւելեան քրիստոնէից մէջ գործածուած լեզուներու թարգմանուի եւ տպուի որ ամենքն ալ իմանան. թէ որ Լատիներէն գիտես նէ՝ բերեմ որ տեսնես:

Պ. Գիտեմ. եւ տեսնելու ալ կը փափաքէի:

 

Տ. Ֆէրիէրի գնաց մէկ հատ մը բերաւ. եւ սկիզբէն սկսելով մէկ երկու թուղթ բան ՚ի միասին կարդացինք. ետքը ըսաւ Պրուսացին:

Այս բաներս աղէկ են. բայց աստուածաբանական փաստերով վիճաբանական ոճով բարակ  տրամաբանութեամբ  գրուած  բաները հասարակութեան մտքին շատ յարմար գալու բաներ չեն. այսպիսի  բաներ առաջկուց ՚ի  վեր մէկ  կողմէն  եւ  մէկալ  կողմէն զրուցուած, եւ յարմար կամ անյարմար պատասխան մը առած են: Հասարակութեան դիւրաւ հասկանալու բաներ են, որ ինչ նախադասութիւն պիտի հաստատուի նէ պատմական ձեւով հաստատուի՞ ինչ բանի վրայօք հասարակաց մտքին մէջ տպաւորուած թիւր կարծիքներ կան նէ պատմութեամբ հերքուին. եւ ասիկայ աստուածաբանական  խնդրոց  մէջ  աւելի  դիւրին  է որովհետեւ ճշմարիտ  հաւատքը  եւ  եկեղեցին  եւ  ստոյգ  աւանդութիւնը  հինն է. եւ հին բաները պատմութեամբ գիտեմք, եւ պատմութեամբ կրնամք ռամիկներուն գիտցունել: Այս շրջաբերականը  պատմական քանի մի բաներ պարունակելուն համար աղէկ է. միայն սա կը  փափաքէի  որ՝  հայերէնի  թարգմանողը  աստուածաբանական եզերքները ճիշդ թարգմանէր հայերէն լեզուին, որպէս զի կարդացողները իրենց ընտել եւ սովորական լեզուն հոն գտնելով հակառակութեան խմորը վերնար, Քաղկեդոնի ժողովոյն եւ Լէոնի տոմարին ծուռ թարգմանութեանը պէս եւ մօտ ատեններս քանի մի լատինական բառերու անտեղեակ թարգմանութեանց պէս նոր հակառակութեան առիթ չըլար:

 

Ֆ. Այս շրջաբերականիս թարգմանութեանը մեր Հ. Արսէնը պիտի աշխատի. բայց ըսած խօսքերէդ այն միտքս եկաւ որ դուք Քաղկեդոնի ժողովը եւ սուրբն Լեւոն Հռովմայ հայրապետը կը նզովէք եղեր: Թէ որ Եւտիքական չէք նէ՝ ասոնք ինչու՝ կը նզովէք որ  Եւտի  քէսի  աղանդը  դատապարտեցին:

Պ. Որովհետեւ ատեն մը թէ Յունաց եւ թէ Հռովմայեցւոց եւ մեր մէջը վէճ եղած է ասոր համար. եւ ձեր յարգութիւնը յատուկ չխօսեցաք  ասոր  վրայ դիպուկ  առիթ  գտայ այս  տեղս  ձեզի  յիշեցնե, որ ասոր վրայօք ալ եղած կասկածը վերնայ: Քաղկեդոնի ժողովքը եղած տարին Հայերը Պարսից դէմ հաւատոյ վրայ կռիւ ունէին. քրիստոնէական եկեղեցին պաշտպանելու համար արիւն կը թափէին, Մարկիանոս կայսրէն ալ օգնութիւն ուղած էին եւ գտած չէին: Այն շփոթներուն ատենը Քաղկեդոնի ժողովքը Հայոց վարդապետներէն մարդ չգտնուեցաւ. ժողովը լմննալէն ետքն ալ Հայաստան ժողովական թուղթ մը չխրկուեցաւ. ինչպէս որ 20 տարի առաջ՝ Եփեսոսի առաջին ժողովքը լմննալէն ետքը ժողովական թուղթ գնաց մեր սուրբ Սահակ հայրապետին: Ասոր համար Հայերը չրկցան տեղեկութիւն ունենալ Քաղկեդոնի ժողովոյն վրայ: Ատեն մը ետքը, երբ որ քիչ մը հանդարտեցաւ Հայաստան եւ ասանկ բաներու վրայ խօսելու պատեհութիւն եղաւ, Նեստորականները որ Եփեսոսի առաջին ժողովքէն ետքը Յունաց երկրին սահմաններէն դուրս ինկած ըլլալով Ասորեստան եւ Հայաստան բազմութիւն մէկէն եկած էին, սկսան ըսել թէ Եփեսոսի ժողովոյն անիրաւութիւնը յայտնի եղաւ. ահա ըսել թէ Եփեսոսի ժողովոյն անիրաւութիւնը յայտնի եղաւ. ահա Քաղկեդոնի ժողովքը վեց հարիւր հայրապետէն աւելի ժողվուելով Նեստորի դաւանութիւնը ընդունեցին. Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ մարդկութիւնը իրարմէ զատ ըլլալը դաւանեցին, եւ երկու բնութիւն ըսին: Անդիէն Եւտիքականները՝ որ անոնք ալ Քաղկեդոնի ժողովքէն ետքը շատուոր մէկէն Ասորեստան եւ Հայաստան եկած էին, ժողովքը մոլորեցաւ, Նեստորական եղաւ. եւ մենք Նեստորի դէմ ուղղափառութիւն քարոզելնուս համար ժողովքին բռնութեանը երեսին կը հալածուիմք կոր կըսէին: Հայերը Նեստորի մոլորութիւնը գիտէին, բայց Նեստորինը ինչ ըլլալը չը գիտէին. Եւտիքականներն ալ կեղծաւորելով եւ իբրեւ սուրբ եւ ուղղափառ ձեւանալով խօսքերնին լսողներուն միտքը իրենց որսացին, սիրտերնին ՚ի գութ շարժեցին. բայց եկեղեցին այն ատենը մէկ որոշիչ դատում մը եւ վճիռ մը չըրաւ, թէպէպտեւ երկու հակառակ կողման վկայութիւնը իրարու համաձայն գտաւ Քաղկեդոնի ժողովքը նեստորական ըլլալուն վրայ: Այսու ամենայնիւ դատումը կախ ձգեց մինչեւ այն ատենը որ իմացաւ թէ Յունաց Զէնոն կայսրը հրովարտակ հանելով Քաղկեդոնի ժողովոյն խօսքը ըլլալն անգամ արգիլեց: Այն ատեն Հայերը այս հրովարտակէս մակաբերեցին որ՝ Քաղկեդոնի ժողովոյն համար լսածնին ճշմարիտ պիտի ըլլայ. ուստի բոլորովին մերժեցին: Ետքը Լեւոնի տումարն ալ՝ որ Եւտիքէսի դէմ գրած էր Փլաբիանոս պատրիարքին, գէշ թարգմանութեամբ մը հրատարակեցաւ Հայոց մէջ. թարգմանութեան մէջ յայտնի Նեստորականութեան հոտ կար. եւ նամակը Եւտիքէսի դէմ էր, եւ Քաղկեդոնի ժողովոյն մէջ կարդացուած եւ հաւնուած  էր Քաղկեդոնի  ժողովքը  Նեստորական  կարծողներուն ասկէց աւելի ապացոյց չուզէր կարծիք ընելու թէ Լեւոն պապն ալ Նեստորական է. անոր համար Քաղկեդոնի ժողովքն ալ նզովել սկսան, Լեւոնն ալ: Սակայն Եւտիքէս ալ կը նզովուի մեր ամեն գիրքերուն մէջ. բնաւ մէկը չկրնար ցըցունել թէ մեր հայրապետաց եւ վարդապետաց մէկուն գրքին մէջ Եւտիքէսի անունը գովութեամբ յիշուած ըլլայ:

 

Ֆ. Բայց պէտք էր, երբոր ընդհանուր եկեղեցին Քաղկեդոնի ժողովքը կընդունի, եւ Լեւոն պապին սուրբ կըսէ, դուք ալ ընդունէիք, թէ որ Եւտիքէսի յարեալ չէիք նէ:

Պ. Ձեր յարգութեանը կը հարցունեմ, եղա՞ծ է անանկ մէկ ժամանակ մը որ Հռովմայ եկեղեցին պատկերաց եւ սրբոց մասանց յարգութիւն չտայ, եւ հակառակի:

Ֆ. Անանկ բան բնաւ եղած չէ: Մանաւանդ Իտալիայի ազատութիւնը Յունաց կայսերաց ձեռքէն՝ այս պատճառաւս եղաւ, որ Յունաց կայսրերը պատկերամարտ եղան. Հռովմայ հայրապետը այս նոր հերետիկոսներուն դէմ եկեղեցւոյ Հաւատքը կը պաշտպանէ՞ր երբոր կայսրը հայրապետին վրայ բռնանալ ուղեց նէ, Իտալիա  ալ  Յունաց  կայսերութեան  երկիր   ըլլալէն  դադարեցաւ: Այսքան անլուր էր պատկերամարտութիւնը Հռովմ:

Պ. Պատկերամարտից դէմ եղաւ Նիկիոյ երկրորդ ժողովը, որ տիեզերական ժողովներուն կարգը եօթներորդն է, եւ արեւելեան եւ արեւմտեան քրիստոնէից միապէս ընդունելի է. երբոր այս ժողովոյն պատմութիւնը Եւրոպա հասաւ նէ՝ Հռովմէական եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ շատ բազմութիւն ժողվուեցան Ֆրանքֆօրթ քաղաքը, եւ ժողովոյն վճիռը քնեցին եւ հերքեցին, բայց ասոր համար Ֆրանքֆօրթի ժողովոյն մէջ գտնուած հայրապետները ոչ հերետիկոս ըսուեցան, եւ ոչ շիզմաթիք:

Ֆ. Որովհետեւ Նիկիոյ Բ. ժողովոյն գործը որ Յունարէն էր, Լատիներէնի սխալ թարգմանուած էր. այն թարգմանութեանը նայելով դատապարտեցին, ետքը երբոր ժողովոյն վճիռը Յունարէն բնագրէն ստուգեցաւ եւ ճիշդ թարգմանութիւնը երեւան  ելաւ, իմացուեցաւ ուղղափառ ըլլալը եւ ընդունելի եղաւ.

  (Կրնար ըսուիլ ասոր վրայ թէ Նիկիոյ ժողովոյն մէջ Հռովմայու պապին կողմէն ալ մարդ կար, եւ ետքը պապն ալ ժողովքը ընդունեց եւ հաստատեց, բայց Ֆրանքֆօրթի ժողովքը ասոր չը նայելով դատապարտեց, եւ ասկէց կերեւի որ ժողովք մը ընդունելու կամ չընդունելու համար այն ատենն ալ, այսինքն ութերորդ դարուն մէջ, պապին ընդունելուն կամ չընդունելուն չեն նայիր եղեր: Բայց այս հետեւութիւնս հանելուն կարգը անցած ըլլալով այն ատենը միտք չեկաւ):

Պ. Քաղկեդոնի ժողովոյն վրայով ալ նոյնն է. գէշ թարգմանութեան նայելով ժողովքը դատապարտել, եւ ասկէց աւելի այն որ նոյն իսկ կը դատապարտէին:

Ֆ. Գէշ թարգմանուելով գայթակղութեան պատճառ եղած ի՞նչ բառեր կան ուրիշ:

Պ. Նադուրա եւ բրօչէդէրէ եւ բուրկադորիում բառերը. այս երեքիս վրայ ալ մեր եկեղեցին զրպարտողները կըսեն. Հայերը Քրիստոսի վրայ երկու նադուրա չեն ճանչնար, Հոգւոյն սրբոյն համար միայն ՚ի Հօրէ բրօչէտիդ կըսեն, ՚ի յՈրդւոյ բրօչէտիդ ըսելը չեն ընդունիր, ներելի մեղօք կամ ապաշխարութիւնը չվճարած մեռնողներուն համար չեն ըսեր թէ բուրկադօրիմւմը կը կենան նեղութեան մէջ մինչեւ մաքրուին. այս երեքս ալ սուտ զրպարտութիւն է. այս երեքիս վրայ ալ մեր եկեղեցւոյ դաւանութիւնը Հռովմայեցւոց պէս է. յիշեալ   Լատիներէննուն տեղը դրուած Հայերէնները անանկ բառեր են որ այն նիւթերուն մէջ այն բառերէն ծուռ միտք կելլէ որ մենք չեմք կրնար ընդունիլ:

Ֆ. Ի՞նչպէս:

Պ. Նատուրա բառը որ նաշէրէ բառէն ելած է, պիտի նշանակէ ծնած ատենէն եւ ծնելուն վերաբերեալ հանգամանքները եւ յատկութիւնները. եւ որովհետեւ Քրիստոս երկու ծնունդ ունի, մէկը ժամանակաւոր եւ մէկը յաւիտենական, կըրնայ եւ հարկ ալ է ըսուիլ թէ երկու նատուրա ունի. բնութիւն բառը, որ նատուրա բառին տեղը կը դրուի թարգմանութեանց մէջ, բուն բառէն ելած ըլլալով կը նշանակէ էութիւն, իսկութիւն: Ասոնք մօտ կուգան անձն բառով նշանակուած մտքին. եւ ինչպէս որ երկու անձն չըսուիր, երկու բնութիւն ալ չըսուիր: Քաղկեդոնի ժողովքին համար Նեստորականներէն եւ Եւտիքականներէն միօրինակ ըսուելով թէ ժողովքը Նեստորական էր, եւ սահմանին մէջը երկու բնութիւն տեսնելով՝ կարծիք ըրին վերոյիշեալ ստուգաբանութեանը ուժով, թէ լսածնին իրաւ էր. բայց Հայոց եկեղեցւոյն այս նիւթոյս վրայօք ի՞նչ դաւանութիւն ունենալը Ներսէս Կլայեցիին գիրքերէն եւ Յովհան Օձնեցիին վերոյիշեալ ճառէն աղէկ կը հասկցուի, Ներսէս Կլայեցիին գիրքն ալ Քաբէլլէդդի քահանայն Լատին լեզուի թարգմանած եւ տպած է ՚ի Վէնէտիկ, 1837:

Բրօչէտէրէ բառը Լատիներէնին մէջ երկու բառէ շինուած է. մէկն է Բրօ, եւ երկրորդը չէտէրէ: Բրօ՝ յառաջ ըսել կըլլայ Հայերէնին մէջ: Բայց այս բառիս դէմ Հայերէնին մէջ գործուած բառն է բղխել, որուն ճիշդ Լատիներէնը եւ Իտալերէնն է սքադուսիսէ. եւ Հայերէնը պարզ բառ մըն է եւ կը նշանակէ առաջին աղբերէն անմիջական ծագումը. առումն չենթադրեր. անոր համար յՈրդւոյ  բղխումն ըսելը Հայերէն լեզուին մէջ ծանր եւ անլուր կուգայ:

Բայց ուրիշ կերպ բացատրութեամբ, յառաջ բղխեալ ըսելով Հայոց եկեղեցւոյն մէջ բարձրաձայն կը կարդացուի. ՚ի հայրաշարժ ՚ի յաղբերէն յառաջ բղխեալ: Եւ բնաւ մէկ տեղը մեր գրոց մէջ՝ բղխել բառով Որդւոյ վրայ զրուցուած չէ Հոգւոյն սրբոյ համար. թէպէտեւ այս կողմէն Հոգւոյն սրբոյ Որդւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը մեր նախնի հարք ալ կը խոստովանին, ինչպէս որ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան՝ Մխիթարեան վարդապետը՝ յայտնի ըրած է իր ճառին մէջ, որ Իտալերէն տպուած է Վէնէտիկ 1824 թուին:

Բուրկադորիում բառը Բուրկարէ բառէն կելլէ, որ մաքրել ըսել է: Ասոր Հայերէն դնել սորված են քաւարան բառը, որ քաւել բայէն ելած է. եւ այս բայը իրեն Լատիներէն համապատասխան ունի, էփսբիարէ: Հայք հանդերձեալ աշխարհքը էփոբիացիօն չեն ճանչնար, որ մեղուցելոյն կողմէն ալ մէկ այս շնորհիս գործակցութիւն մը կենթադրէ, լոկ կըրող վիճակ մը չը ցուցներ: Մաքրութիւն կը ճանչնաք. անոր համար ննջեցելոց վրայ ալ աղօթքներ կարդալով կըսեմք. թող զմեղս ննջեցելոյս, եւայլն:

Ֆ. Երբեմն այդպէս բառերու նշանակութեան վրայ վէճեր կըլլան տէյի տեղեկութիւն չունին կամ ունին Հայերէն բառերուն ճաշդ նշանակութեանը, եւայլն. ասիկայ այն լսածներուս վերաբերեալ բան պիտի ըլլայ:

Պ. Այն վէճը ուրիշ բան է. Վէնէտիկի Մխիթարեաններուն եւ Հռովմայու Բրօբականդիսդներուն կը վերաբերի: Եւ յիրաւի Բրօբականդիսդները թէպէտ եւ Հայ են ազգաւ, բայց Հայերէն լեզուի աղէկ տեղեակ ըլլալնին մինչեւ հիմայ ցուցընելու կարող չեն եղած ոչ  իրենց  գիրքերովը  եւ  ոչ խօսքովնին Մեր  նախնեաց գիրքերէն տեղեկութիւն չունին։ Լատին հեղինակաց գիրքերուն մէջ աստուածաբանական ուսմունքը լմնցնելնուն պէս՝ որովհետեւ Հայոց քարոզելը իերնց նպատակ կը դնեն, վիճաբանական նիւթերու ետեւէ կիյնան, եւ ասոր վերաբերեալ տեղեկութիւններն ալ Կլեմէս Կալանոս կրօնաւորին գիրքերէն կը ժողվեն որ Իտալացի մը ըլլալով՝ Հայոց ոչ ազգին բնաւորութեանը եւ ոչ լեզուին յատկութեանը եւ ոչ ալ պատմական աւանդութեանցը տեղեակ չըլլալով, ինչ որ Հայոց թշնամի Յոյն մատենագիրներուն գիրքերուն մէջ գտեր է, եւ ինչ որ քանի մը Լատին հեղինակներու մէջ կարդացեր է Հայոց համար, անոնց ամենն ալ ստոյգ կը կարծէ եւ կը վիճի անոնց հետ:

Ճօվաննի տէ Սէրբօզ մարքէզը, որ բուն Հայազգի է եւ կրօնիւք Հռովմէական, թէ Բրօբականդիսդներուն եւ թէ բուն Հռովմայի աստուածաբաններուն Հայոց եկեղեցւոյն վրայ ունեցած ծուռ կարծիքներին շիտկելու համար երեք հատոր գիրք շինած եւ Բրօբականտային նուիրած է. եւ Վէնէտիկի հոգեւորական պաշտօնի սրբաքննութեան նախագահ Տ. Մասքէրօնիին քննութեամբը եւ Բրատուայի դրոց քննութեան դիւանին հաւանութեամբը եւ հրամանաւը տպուած է Վէնէտիկ, 1786 թուին:

Ֆ. Շատ շնորհակալ եմ որ այս նիւթերուս վրայ ինձի այս տեղեկութիւնները տուիր: Աստուծով կը տեսնեմք այն օրը որ տարապարտ գայթակղութեանց պատճառները վերնալով անկեղծ եւ հաստատուն սէր եւ միաբանութիւն մը կըլլայ:

Պ. Մեր ալ ամենայն ոգւով փափաքնիս այն է:

Ֆ. Կը ցաւիմ որ աւելի  երկար ժամանակ չունեցանք ընդարձակ տեսութիւն ընելու:

Պ. Կը յուսամ որ ասիկայ մեր տեսութեանը վերջին անգամը չըլլար երբոր  հրաման  ընէք՝  զիս  պատրաստական ծառայ  կը գտնէք. եւ ինծի պատիւ ալ կը համարիմ ձեր մեծութեանը քովը գալը, բայց այս կը կրկնեմ ինչ որ առաջ ըսի. իմ հոս գալս չէ թէ իբրեւ ազգին կողմէն գալ մըն է, այլ իբրեւ առանձին մասնաւոր մարդ մը. ուստի այսպիսի բաներու վրայ եղած խնդիրները աւելի աղէկ առած պատասխաննիդ՝ ազգէն առած կը սեպուի. որովհետեւ այն ալ ազգային ժողովներուն չառաջարկած ասոր պատասխան չտար:

Ֆ. Ինծի ըսուեցաւ որ ձեր պատրիարքը դաւանութեան գիր մը պիտի խրկէ եղեր ինծի:

Պ. Չը լսեցի. եւ ճշմարիտ ալ է նէ, թէ որ ինծի հարցուի նէ հաճութիւն չեմ տար. որովհետեւ Հայոց եկեղեցւոյն դաւանութիւնը տայ նէ՝ եկեղեցական ժողովք մը ըրած պիտի ենթադրուի: Պօղոս պատրիարքին օրովը ժողովք մը եղաւ 1820ին, բայց անկէց ետքը ասանկ բաներու համար ժողովք եղած չէ: Այն ատենի ժողովքը կը բացատրէ որ Հայոց եկեղեցին Շնորհալւոյն ժամանակը ինչ դաւանութիւն ունէր նէ՝ հիմայ ալ նոյնը ունի: Շնորհալւոյն գիրքերը Լատիներէն թարգմանուած ըլլալով, եւ յիշեալ ժողովքէն ոչ առաջ եւ ոչ ետքը Հայոց եկեղեցւոյն ոչ դաւանութեանը եւ ոչ արարողութեանցը փոփոխութիւն մը չըլլալով, այդպիսի դաւանութիւն մը տալը առանց պատճառի ըլլալէն զատ, ժողովքով տրուած է կարծուելով, սուտ ենթագրութեան պատճառ կըլլար:

Այս խօսքէս ետքը իրարմէ հրաժարեցանք. երեք ժամու մօտ ատեն քշեց խօսակցութիւնը. եւ այս խօսակցութիւնս գրի առնուեցաւ:

1848 Մարտ 25.

 

Իսկ Անտօն Հասունեան պատրիարքն Հռովմէական հայոց լուեալ զխօսակցութիւնս զայսոսիկ, խռովեցաւ յոյժ, եւ իսկ եւ իսկ  գրեաց  նամակս  առ մեծամեծ  անձինս  Հռովմէական  հայոց գալ անպատճառ ՚ի տուն իւր. եւ ժողովեալ զնոսա առ ինքն, պատմեաց նոցա զամենայն:

Եւ ՚ի նմին գիշերի ժողովին ամենեքին ՚ի տուն Ֆէս նազըրի Յովհաննու, յոր հրաւիրեալն էր եւ կարդինալն. եւ ՚ի սկսանիլ խօսիլ նոցա, հարցանեն ցկարդինալն զորոշումն ժողովոյն ՚ի տան վառօդապետին: Եւ նա պատմեալ նոցա զուղղափառ դաւանութիւնն Հայոց՝ ասէ ցնոսա. համոզեցայ, թէ չիք ՚ի Հայս կասկած հերձուածողութեան, եւ այսպէս ունիմ վկայել եւ ՚ի Հռովմ:

Յայնժամ միաբան ամենեքեան եկեղեցականք եւ աշխարհականք սկսանին մեղադրել զնա եւ ասել, դուք մօնսինեօր, միամիտ ոք էք, եւ չէք տեղեակ չարամտութեան Հայոց, որք ոչ որպէս հաւատանն, այնպէս դաւանին, զի այլազգ հաւատան եւ այլազգ դաւանին, եւ միամտութեամբ քով կործանես զտուն մեր, զոր ՚ի քսան ամաց հետէ աշխատիմք շինել ՚ի պարծանս գահին Հռովմայ. բողոք զքէն բառնամք առ սուրբ գահն, զորոյ անսխալութիւնն  դու  սխալական  երեւեցուցանես  յաչս  հերձուածողացն ՚ի նմանէ, եւայլն: Զայս եւ որ զորցին նման են բանք, խօսին առաջի նորա, եւ այնչափ առնեն, մինչեւ խոստանայ նոցա յետս կոչել զխոստումն իւր, զոր խոստացաւ պատրիարքին Հայոց: Եւ յետ չորից աւուրց հրաւիրեցաւ կարդինալն յԱյի Սթէֆանայ, յոր գնացեալ էր երկու աւուրբք յառաջ եւ Մատթէոս պատրիարք, եւ Կարապետ ճարտարապետ, եւ Յովհաննէս Տատեան. եւ ՚ի լինել ընթրեացն՝  խօսեցաւ Յարութիւն Գարեգին Տատեան զճառ ինչ գովութեան եւ եղբայրասիրութեան, ընդ որ յոյժ հաճեցաւ կարդինալն. եւ յետ ընթրեացն ՚ի լինել կրկին բանախօսութեանց ՚ի վերայ հաւատոյ մասանց, ասէ կարդինալն, լուայ ՚ի բազմաց, զի Հայք ոչ այնպէս հաւատան, որպէս ընթեռնուն. ուստի կասկածիմ, թէ մի գուցէ անխոհեմութեամբ սխալ ինչ դատեցայց եթէ զձէնջ եւ եթէ զայլոց. վասն որոյ ոչ կարեմ վկայել զձէնջ թէ բարի եւ թէ չար:

Եւ պատրիարքն ասէ ցնա, միթէ դու Աստուա՞ծ ես, զի զներքին խորհուրդ սրտից մերոց իմասցիս. ո՞չ ապաքէն ՚ի բանից իւրոց արդարանայ մարդ, եւ ՚ի բանից իւրոց պարտաւորի, եւ զի՞նչ առնէին սուրբ հարք ՚ի հին ժամանակս, ո՞չ ապաքէն զհերետիկոսն կոչեալ յատեան, տային նմա խօսել զոր ինչ հաւատայրն, եւ ըստ այնմ դատէին զնա. միթէ զծածուկս սրտի՞ն դատէին, եթէ զխոստովանութիւնն. դու ուստի՞ ծանեար, եթէ մեք այլազգ խօսիմք եւ այլազգ հաւատամք, կամ ոչ՝ որպէս ընթեռնումքն, այնպէս հաւատամք: Ասէ կարդինալն, այնպէս վկայեցին զձէնջ, եթէ սուտ խօսեցան, Տէր դատեսցէ զնոսա: Ասէ պատրիարքն, ահա չարախօսքն այնոքիկ՝ որք դիւաշունչ բերանով որպէս խաբեցին զքեզ, եւ դու մարդ գոլով ճշմարիտ ծանեար զզրպարտութիւնս նոցա, եւ սխալեցար, խաբեալ են եւ զպապն ձեր, զլոյսն խաւար ցուցանելով  եւ  զքաղրագոյնն  դառն եւ  դու  որպէս  խաբեցար այժմիկ եւ սխալեցար, նոյնպէս խաբեալ է եւ պապն ձեր եւ սխալեալ է, եւ սխալեսցի մինչեւ ՚ի կատարած աշխարհի:

Զայս ասացեալ՝ ել արտաքս եւ առանձնացաւ ՚ի  սենեկի միում եւ ննջեաց: Տրտմեցան յայնժամ եւ ժողովեալքն, եւ ելին արտաքս ՚ի սենեկէն, եւ գնաց կարդինալն ննջել ՚ի սենեկի միում, որ պատրաստեալն էր վասն նորա:

Իսկ ՚ի վաղիւ անդր ընդ առաւօտն ելեալ պատրիարքն արտաքս, նստաւ ՚ի կառս իւր, եւ դէպ ուղիղ գնացեալ ՚ի Սամաթիա, էջ անտի ՚ի  Ֆէնէր թաղն Կոստանդնուպօլսոյ ՚ի  ծովեզերեայ տուն Գէորգ աղայի Եղիա Չէլէպեան. եւ կոչեալ անդ զՏէր Պաղտասար աւագ քահանաայն Պալատու առաքեաց զնա ՚ի պատրիարքարանն Յունաց ազդ առնել պատրիարքին, թէ պատրիարքն Հայոց եկեալ է եւ կամի տեսանել զնորին սրբազանութիւնն:

Յետ  երկուց  ժամուց  եկն  փոխանորդ  պատրիարքին   Յունաց երկու քահանայիւք, եւ հրաւիրեաց զՄատթէոս պատրիարք. եւ նա ելեալ անտի գնաց ընդ նմա, եւ մտեալ ՚ի պատրիարքարանն, ետես ընդունելութիւն մեծ, եւ բազմեցաւ:

Յետ սովորական ողջունատութեանց սկսաւ Մաթէոս պատրիարք պատմել նմա մի առ մի զկոնդակ կարդինալին, եւ զբողոք իւր զնմանէ, եւ զժողովսն ՚ի տունս վառօդապետեանց, եւ զյետս կոչումն խոստմանն, զոր խոստացեալն էր յառաջին ժողովին: Ծիծաղեցաւ պատրիարքն Յունաց եւ ասէ, առ մեզ եւս առաքեաց զկոնդակ մի տպեալ Յունարէն, ուր գրէր, թէ Յոյնք ՚ի ժամանակաց անտի Փոտայ հերձեալ  ՚ի  միութենէ   կաթողիկէ  եկեղեցւոյ անկեալ  կան  ՚ի  պէսպէս  հերձուածս  եւ  յաւելորդապաշտութիւնս, եւ յորդորէր զմեզ մաքրել զեկեղեցիս մեր:

Բայց մեք գրեցաք առ նա զպատասխանին լի արժանաւոր յանդիմանութեամբ, վասն հերձուածս կոչելոյ զարեւելեան եկեղեցիս, որ է իսկ ուղղափառ եկեղեցի Քրիստոսի. եւ բացայայտ ծանուցաք   նմա.

Ա. Թէ չէ ինքն եւ եկեղեցին իւր անսխալ, այլ  սխալական ըստ մեզ. զի անսխալ մի միայն ընդհանուր եկեղեցին Քրիստոսի է, զոր անսխալ մի միայն ընդհանուր եկեղեցին Քրիստոսի է, զոր կոչեմք  Տիեզերական  սուրբ  ժողով:

Բ. Թէ չէ ինքն գերագոյն դատաւոր ՚ի մէջ եկեղեցւոյ, կամ գլուխ պատրիարքաց, այլ հաւասար նոցա, միայն թէ առաջինն է ՚ի հաւասարս:

Գ. Եօթն տիեզերական ժողովք հաշուեալք յառաջին ժողովոյն Նիկոյ՝ ընդունելիք են մեզ, եւ բայց ՚ի նոցունց ամենայն ժողովք նոցին՝  որպիսիք  են  Լատերանու, Փլորենտիոյ եւ  Տրիտենդինոյ, եւայլն, անընդունելիք են մեզ:

Դ. Պարտին զեկեղեցի իւրեանց մաքրել յամենայն յետամուտ կարգաց, ՚ի նորաձայն վարդապետութեանց, յանտեղի սահմանադրութեանց, ՚ի փառասիրութեանց, եւ ՚ի հերձուածոց, եւ ապա ՚ի միութիւն յորդորել զայլս, եւայլն:

Ահա այս է իմաստ գրութեան մերոյ, զոր գրեցաք ՚ի պատասխանի մոլորական տետրակի նորին համաձայն ստորագրութեամբ սուրբ սիւնհոդոսիս մերոյ:

Եւ ՚ի  յաջորդ աւուրն ՚ի  շնորհս  Մատթէոս պատրիարքին, գրեաց պատրիարքն Յունաց գանգատ ՚ի Բ. Դուռն, յասելն, «Եթէ դեսպան է սա, ընդ Բ. Դրան ունի յարաբերութիւն, մեզ չէ փոյթ. իսկ եթէ չէ դեսպան, զի՞ է հապա, զի խռովութիւն արկանէ ՚ի ժողովուրդս մեր, եւ յորդորէ հնազանդիլ պապին Հռովմայ»:

Եւ Բ. Դուռն ՚ի ձեռն դեսպանին Գաղղիոյ ծանոյց զբողոք եւ զգանգատ պատրիարքին Յունաց՝ վասն կարդինալին Հռովմայ, զոր լուեալ նորին՝ հրամայեաց պատրաստել զշոգենաւն, եւ տուեալ նախարարաց զհրաժարական ողջոյն իւր, վերադարձաւ ՚ի Հռովմ: