ԱՌ
ԲԱՐԵՐԱՐՆ
ԳՈՐԾՈՅՍ
ՎՍԵՄ.
ԱՍՊԵՏ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ
ՋՈՒՆԴ
Ազնիւ
Հայկազուն.
Բարերարութիւնը
աղբիւրի
կը
նմանի։
Աղբիւրին՝
որ
ինքնին
կը
բղխի
եւ
հեզասահ
գնացիւք
կը
կանանչացնէ
անապատն.
գեղ
ու
դալար
կ’ընծայէ
թուփին
եւ
ծաղկին,
որ
կը
զարդարեն
իւր
ափունքը՝
զուարթանալով
իւր
ջրով։
Աղբիւրին,
առ
որով
կը
մակաղին
գառն
ու
մաքին։
Աղբիւրին,
առ
որով
կը
տաւաղին
ու
կը
տաւղեն
դայլայլող
հաւուց
տարմեր։
Աղբիւրին,
որ
կը
հոսի
ի
շէնս
եւ
յանդաստանս
առու
առու,
արբուցանելով
արտն
ու
ածուն,
ուղէշն
վարդին,
ուռն
որթոյն։
Աղբիւրին,
որ
կը
հանգուցանէ
խոնջանք
մշակին,
կը
զովացնէ
պապակն
պարտասելոյն։
Այդ
աղբեր
ակն
եղաք
դուք
ինձ։
Եւ,
ես
ոչ
առաջինն
եմ
եւ
ոչ
վերջինն
պիտի
լինիմ,
որ
վայելեր
են
Ձեր
բարիքը։
Դուք
զիս
տեսաք,
եւ
ըսիք,
«Ախորժանօք
կ’ընթեռնում
Գրոց-բրոց,
Մանանայն,
Թ
որոս
Աղբարն»։
Ապա,
Ձեր
աջը
կարկառեցիք
ինձ
վեհանձնօրէն,
ըսելով
«Գրեցէք
այդպիսի
գործեր,
որ
համ
ու
հոտ
կը
բերեն
Հայրենական
երկրէն
հեռի
ապրող
հայոցս»։
Ապրա՛ծ
կենաս,
Մեկենաս,
որ
ոսկւոյ
տաղանդին
հետ
կը
կշռես
գրական
տաղանդը։
Շարժեալ
Ձեր
խրախուսանքէն,
պատուական
Տէր,
Համով-Հոտով
ընծայաբերութիւնս
կը
մատուցանեմ
Ձեր
Ազնւութեան։
Ձեզ,
որ
պատիւ
կը
բերէք
Ազգին։
Ձեզ,
որ
նշանակիր
էք
պատուեալ
ի
Պետութեանց.
եւ
կը
վերաբերիք
դասուն
պատուաւոր
արանց։
Ձեզ,
որ
Աւստրիոյ
կայսերութեան
Ե
րկաթի
թ
ագին
ասպետ
հանդերձ
ազնուականութեամբ
պսակուած
էք
անձին
արժանեօք.
եւ
այլն
եւ
այլն։
Եւ,
որ
այդքան
բարձրէն
կը
սիրէք
պահել
ու
մնալ
հոգի
հայութեան,
ո՛
հարազատդ
Անւոյ,
այն
աւեր՝
այլ
անմահ
Քաղաքին.
ո՛
արենակիցդ
եւ
կարեկից
մեր
անկեալ
այլ
անմեռ
Հայ-Ազգին։
Շիրակայ
որդիդ,
Ազնի՛ւ,
հաճեցէք
ընդունիլ
նուիրեալ
Ձեր
անուան
գեղջուկ
հովւիս
Արմաղանը։
Գ.
Վ.
Սրուանձտեանց
1884.
Նոյեմբեր
‚
Կ.
Պօլիս