Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
*
       Ա՛յ իմ կարօտով եարուկ, սիրունիկ,
Որ գացած տասն երկու տարի,
Ի՞նչըխ եմ կարօտացեր,
Երեսին շէւքէթն եմ մոռցեր։
Ոչ աչերս քեզ տեսեր,
Ոչ լեզուս հետդ խօրաթեր։
Տարին տասն երկու ամիս,
Դուն ծովուն եալըն կու կենաս,
Ծովը մահանայ կ’ընես,
Իս քենէ հասրաթ կո՜ւ պահես։
Թեւերս կարմունջ կապեմ,
Ծովեզերէն անցնիս ու գաս,
Եկոր քեզ բաղնիք տանիմ։
Սըրմայ թել՝ բարչամդ վլանամ։
Երբ բաղնիքէն ուր ելլես,
Ղալտընաս ու մեր տունը գաս,
Փըռեմ ապրուշում խալի,
Որ գործած տասն երկու տարի։
Ձըգեմ խուշ թիւյիւ տօշակ,
Թուլբանտէն չարշաֆն ի վրան,
Շարեմ սարասար բարձեր,
Սըրմայ պորտ եօրղանն ’ի վրայ։
Զարդարեմ ոսկի սեղնակ,
Խաշ խորուած կաքաւն ի վրայ,
Բերեմ նռան հատ գինի,
Ուր գոյնը գոյնդ կու նմանի։
Խըմէ, ուր ըսեմ, անուշ։
Ինչ անուշ է սէրն ու գինին.
Սէրը սիրողին վայլէ,
Գինինը անուշ խմողաց։
***
       Եկին ու բերին խաբար
Թունդ ելէր քուկինդ ու կուգայ։
Ամէն բանս ի տան դըրի,
Ջուր դրի, մազըս լըւացի։
Հագայ ձարէ ձար շապիկ,
Կապեցի լահոռ շալ գօտիս,
Դըդմակ մը նռան գինի,
Ես առի ու դէմը գնացի։
Դուշմանս ալ երեսս ելաւ.
-Ո՞ւր կ’երթաս, ան քու մարդը չէ։
Թուլցաւ շահէնն ի բազկիս,
Թափեցաւ նռան հատ գինիս։
-Դուշման, աչքդ կոյր կենայ,
Նենգաւոր լեզուդ չորանայ։
Մէկ մ’ալ դուշման տեսնամ,
Տի հանեմ չախուեկս ի ջոբէս,
Տի մորթիմ սեւ ոչխըրի պէս։
Արիւնը գատէհն առնեմ,
Տի խմեմ անպակ գինու պէս,
Մըսիկն ալ քաբաբ տ’ընեմ,
Տի ուտեմ կաքւու մըսի պէս։
Բիւլբիւլ վարդին սիրոյն,
Ձայներով ֆիղան կու անէ,
Ես ալ իմ մարդոյս սիրոյն,
Եղեր եմ բիւլբուլի նման։
Ա՛յ իմ սիրական մարդուկ,
Կարօտ եմ քու լուս երեսիդ,
Ծարուեր եմ սիրոյ գրիդ,
Փափկեր եմ եղնիկի նման։
Սէրդ անուշ, խօսքունքդ անուշ,
Կու խօսիս լուսունկայ լուսուն,
Հոտդ ալ անուշ կու բուրէ,
Գարնան ծաղկունունց նման։
Ա՛յ իմ կարօտով մարդուկ,
Բոյիկդ է սալւիի նման,
Երեսդ է արեւի պէս,
Բարչամդ սըրմայ թել նման։
Թուխ աչքդ ու քէման ընքուիդ,
Թարթիչուիդ լուսունկի նման,
Պռկունքդ է ալ քիրազի,
Մանավշայ բույուխդ ի վրան։
Այս հասրաթէս էրեցայ,
Եուվասըզ բիլբուլի նման,
Բարակ ցաւով մաշեցայ,
Չգտուիր եարայիս մէհլամ։
Գացեր թեւերուս ուժը,
Նուաղեր աչքերուս լոյսը,
Դուն ես իմ սրտիս յոյսը,
Դուն ես իմ աչքերուս լոյսը։
Եկոր նստիմք միասին,
Սէր անենք անուշ խօսքերով,
Աղէկ ու կէնճ օրերնիս,
Չանցունենք դարտ ու ցաւերով։
Բարձր սարերու հովեր,
Ուր իջեր, դռնակն է ծեծեր.
Նորուկ ջահելուկ հարսնուկ,
Ուր իջեր դռնակն է բացեր,
Տեսեր, ուր իմ մարդը չէ,
Մալուլեր ու ետ է դարձեր։
Կեսրակը հարցմունք արեր.
-Հարսնուկ, քու ո՞ր տեղդ է ցաւցեր։
-Մարիկ, քու որդւոյդ սիրոյն
Իմ ամէն տեղիկս է ցաւցեր։
-Մի լար, ջահելուկ հարսնուկ,
Գիր կ’անեմ, որդիս կ’բերեմ։
-Գիր անես, որդիդ բերես,
Աստուծոյ լուսոյն տիրանաս.
Գիր չանես, որդիդ չ’բերես,
Կ’անիծեմ, ուր քար կու դառնաս։
Լուսիկ մը փրթաւ սարէն,
Կէսն է խոռ ու կէսն է բոլոր։
Լուսիկ, դուն լուսով կենաս.
Թէ կենաս պահիկ մ’հուտայ,
Երկու խօսք գանգատ ունիմ,
Գանգտիմ, դուն ալւայ գնայ։
-Գնա, ղարիբս ըսէ,
Չ’կենայ ու ելլայ գայ։
-Խօսքունքդ գլխուս վրայ,
Դուռը չ’գիտեմ ղարիբիդ։
-Եկոր նշանով ցոյց տամ.
Բարձրը պատ ու ծառն ի վրան.
Նստեր է ծառին շուքը,
Նուշ դրեր, շաքար կու ծախէ,
Ամէնուն աժան-աժան,
Իս մոռցեր, նո՜ւշ կու ծախէ։