Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԱՐԷ ՍԻՓԱՆԷ ԿԱՄ ՍԻԱ-ՄԱՆԴՕՆ ԵՒ ԽԸՋԷ-ԶԱՐԷ
       Սիամանդոն երազով էր Խըջէզարէին.
Երազի մէջ իւր մատնին փոխանակեր էր Խըջէզարէի մատնիկին։
Նոյն բանը պատահեր էր Խըջէզարէին ալ միեւնոյն գիշերին։
Աղօթրան էր։ Կանուխ, քան զառաւօտ արթընցաւ Սիամանդօն,
Հեծաւ իւր աշխոյժ ու հաւատարիմ ձինը,
Գլուխն ուղղեց, արշաւեց դեհ Զըռըգանցւոց էլին։
Իջաւ, հիւրընկալուեցաւ մի պառաւոյ կոնի տակը։
Դամբ դամբի եւ զուռնայի ձայնը կը դղրդէր ողջոյն էլը։
-Ինչի՞ է այս ուրախութիւնը, եւ որո՜յ համար այս հանդէսը, ո՜ մամիկ։
Պատասխանեց պառաւն.
-Խըջէզարէի հարսնիքն է, որդի՛, անոր հարսնառն էկեր է։
Այս եղաւ երեք գիշեր եւ երեք ցերեկ՝ այս ուրախութիւնը կը կատարուի։
Սիամանդօն արտասուալից աղերսեց, խնդրեց պառաւէն,
Որ նշան մը իրմէն տանի հասցունէ Խըջէզարէին։
Եւ հանելով մատնէն այն երազափոխ մատանին՝ յանձնեց պառաւին։
Պառաւ յանձն առաւ, պատրաստեց նախշուն թաշկինակ մի,
Մէջը լից անկուտ չամիչ, անոնց հետ խառնեց մատանին։
Գընաց ի տես ւ’աչքի լոյս հարսնութեան Խըջէզարէին։
Խըջէզարէն կ’ընդունի ընծայն, կը բանայ, ու մատի ծայրով կը խառնէ, կը խաղայ։
Եւ ահա չամիչներու կարգին մատանին կը հանդիպի աչքին։ Կը ճանչնայ։
Կը հառաչէ՜ խորին։ Կ’ուշաթափի. աչքեր կը մթնին, կը թուլնա՜յ, կ’իյնա՜յ։
Կը թըռի պառաւն, մէկ ձեռքը կը դնէ Խըջէզարէի աչերուն,
Մէկալ ձեռքով կը շըտկէ կախ ինկած գլուխն եւ կ’ըսէ մորմոքալից.
-Քոռանան թող իմ աչքեր, Խըջէզարէ, ուշդ գըլուխդ բեր։
Բաց արա բիբերդ։ Բա՛ց արա շըրթներդ։
Ի՞նչ եղար։ Ի՞նչ տեսար։ Ի՞նչ բանի զարնուեցար…։
Պառաւոյ պաղուկ ափէն, կարեկից ձայնէն սթափեցաւ Խըջէզարէն,
Ասաց. -Մամի՜կ, Խըջէզարէն քեզ մատաղ. գիտե՜ս այս մատնիկին տէր ո՞ւր է։
-Այս մատնիկին տէրը իմ տունը իջեւանած է։
-Կը տեսնա՛ս, որ, - կըրկնեց Խըջէզարէն, - իմ հարսնխուր էկած է։
Երեք օր, երեք գիշեր լրացաւ. ա՛լ ինձ ճար ու միջոց չը մնաց։
Գընա՛, մամիկ, գընա Սիամանդոյին ասա՛՝ մէկ օր կայ ու մէկ հնարք։
Վաղ առաւօտ մօրս գերեզմանին վրայ կ’երթամ յուխտ, մինակ կ’երթամ։
Թող այն տեղը գայ Սիամանդօն, այն տեղը զիս կը գտնէ։ Գընա՛։
Դարձաւ պառաւն, Սիամանդոյին ասաց իր տեսածն ու լսածը։
Գիերանց ելաւ Սիամանդօն. այն գիշերը քուն չէր եղեր։
Էլաւ ու գընաց Խըջէզարէի մօրը գումբէթէն ներս մըտաւ։
Աչքեր ծանրըցաւ, երկար աբան իր գլուխը քաշեց, քունը զինքն կոխեց։
Էկաւ Խըջէզարէն, գըմբէթի մէջն անցաւ։
Շա՛տ կայնեցաւ, շա՛տ նայեցաւ, խընայեց,
Ձեռք չ’դպցուց, ձայն չը հանեց,
Բայց Սիամանդօն կը քնանար,
Աչքերը անթարթ, խո՜ր կը քնանար։
Դարձաւ դատեց, մեղդրեց Խըջէզարէն ըզՍիամանդօն,
Եւ ջուխտակ մի ոսկիէ ճան իր ջոբէն հանեց, անոր ջոբը դըրեց,
Պառեկը Սիամանդոյին դարձուց ու երեսը՝ իր հօր տունը։ Ետ էկաւ։
Արեւն կէսօրը նըշներ էր։ Սիամանդօն իր աչքերը բաց արաց։
Չորս կողմն նայեցաւ, գլուխը ծեծեց ու պառաւոյ կոնը դարձաւ,
Տըխո՜ւր կուգար Սիամանդօն։
Եւ պառաւոյ հարցմանց տխրագին պատասխանեց.
-Մամի՛կ, ես գընացի, ոչ ոք գըտայ,
Քունը բռներ էր զիս, արթընցա՜յ, մէկը չը տեսայ։
-Որդի, դու շատ միամիտ ես։ Քո ծոցն ու ջոբը որոնե՞ր ես, - ասաց պառաւն։
Որոնեց Սիամանդօն եւ ջուխտակ ոսկիէ ճաները գտաւ։
-Ահա՜, - վրայ բերաւ պառաւն, Խըջէզարէն քեզի թողած նըշանը։
-Բայց այս բանը ի՞նչ խորհուրդ ունի։
-Քեզ հասկըցուցեր է, թէ դու դեռ մանուկ ես, սիրոյ մարդ չես։
Գընա՛ մանուկներու հետ ճան խաղա, դու այս գործոյն մարդը չես։
Ամըչցաւ ու լալով աղերսեց ըզպառաւն Սիամանդօն,
Թէ. -Վերջին անգամ մ’ալ գնա, թող Խըջէզարէն վերջին խօսք մ’ըսէ ու ընեմ։
Գընաց, ու պատասխան բերաւ պառաւն Խըջէզարէէն,
-Եթէ Սիամանդօն մա՛րդ է, եթէ սէր ընել գիտէ,
Ահա վաղը հանդիսով կը տանին զիս, թող հասնի,
Իր նժոյգը հեծած, նետն ու անեղը ուսին, գայ, կենայ ճամբուն վրայ,
Արծւոյ նըմանակ սըրանայ, խուռն հեծելոց մէջէն յափշտակէ զիս,
Դընէ իր ձիոյն վըրայ, քըշենք զոյգ, Սիփանայ գըլուխը,
Այն տեղ հանգչինք, այն տեղ սէր անենք,
Ծածկըուինք մըժ ու դումանի մէջը։
Մէկալ օր՝ առաւօտ, կուգար հարսն ու հարսնառն՝ ձիաւորեալ սպառազէն։
Սիամանդօն իր նըժոյգին վրայ կ’ըսպասէր։
Ինկաւ կէծակի նըման ձիաւորաց մէջը,
Մէկ ձեռքով բըռնեց Խըջէզարէի կակուղ մէջքէն,
Դըրաւ իր կըռնակը, ու երեքօրեայ գնացքը քըշեցին մէկ լար։
Նոյն թափով կը քշէին ետեւէն վազողները,
Եւ, քան զամենքն աւելի կը մօտէր հէշէնբօզ ձիոյ հեծեալն։
-Ո՞վ է սա, - հարցուց Սիամանդօն Խըջէզարէէն, -
Ո՞վ է սա, որ զինքն ու իր նըժոյգը վտանգի է դըրեր։
-Դա է նա, յորմէ դու իրեն մէկ տարուան նըշանածն ես խըլեր։
Սիրտն էրուկ է, Սիամանդոյ, զինքն մի՛ մեղդրեր։
Իջաւ Սիամանդօն, իր աբան չորստակեց, Խըջէզարէն վրան նստեցուց,
Հեծաւ, ետ դարձաւ, յիսուն ձի ու ձիաւոր վըր իրերաց թափեց.
Էկաւ, վերուց Խըջէզարէն, Սիփանայ գլուխը դէմ դիմեց։
Հանգչեցան ապահով։ Երանութեամբ կը ննջէր Սիամանդօն՝
Խըջէզարէի ծնկաբարձին վրայ իր խոնջեալ գըլուխը դրած։
Յանկարծ կ’ոստնու Խըջէզարէի շարժումէն ու սարսռումէն։
-Ի՞նչ տեսար, ի՞նչ ունիս, աչքիս լոյս Խըջէզարէ,
Ըսէ՛, շո՛ւտ ըսէ. ինչո՞ւ կը դողդըղաս, ինչո՞ւ կը սարսռիս։
-Զարմանալիք մի տեսայ այս անասուն վայրը.
Քառսուն վայրի եզներ էկան ջուր խըմելու։
Մի կով եւ եթ կար այդ քառսունին հետը։
Ճակատամարտ բացին եզներ, եւ մէկը միայն՝ հէշէնբօզ եզն,
Յաղթեց քառսունին, խըլեց կովն իրեն։
Յիշեցի ըզքեզ, Սիամանդոյ, յիշեցի զիս ու մեր դիպուածը,
Յիշեցի քո սպաննած յիսուն կըտրիճները…
Այս բանը զիս շարժեց, դողացի՜, ու սարսուռ զիս բըռնեց։
Չը համբերեց Սիամանդօն, էլաւ առաւ նետն ու աղեղն,
Տեսաւ, հասաւ հէշէնբօզ եզին, զարկաւ նետը,
Գըլորեցաւ հէշէնբօզ եզն քարէն ի վար։
Առաւ դանակն ու վազեց վըրան Սիամանդօն։
Վէրու եզն կատաղի ուժով կոտոշները ժաժեց,
Մըռռա՜ց, ու ըզՍիամանդօն զընարէն ի վայր հոլովեց։
Ինկաւ Սիամանդօն կաղնւոյ կըտրոնի վրայ կըռնակէն,
Ինկաւ, եւ չորս թիզ կըտրոնն ի դուրս ցցուեցաւ կուրծքէն։
Խըջէզարէն կ’երթար Սիամանդոյի հետոց ետեւէն։
Արձանացաւ, կեցաւ զընարի գըլուխը։
Այն տեղէն տեսաւ զարնուած եզին վիճակը,
Այն տեղը դըպաւ իր ականջին Սիամանդոյի ցաւէն տըքալու ձայնը,
Այն տեղը ձըգուած գըտաւ Սիամանդոյի նետն ու աղեղը։
Վերցուց, խոնարհեցաւ, Սիամանդոյին նայեցաւ ու այս ողբը լացաւ.
-Աղաչա՛նք, հազա՛ր աղաչանք։
Սիամանդոյի նետն ու աղեղը կուռ արծաթ է.
Սիամանդո՛յ, քեզ ի՞նչ պիտէր երթալ վէրու եզին ետեւէ.
Ա՜խ, մի՛ տըքար, իմ Սիամանդոյ, մի՛ տըքար…։
-Մի՛ լար, իմ Խըջէզարէ, մի՜ լար…
Քո լացը ինձ աւելի ցաւ է… մի՛ լար…։
-Կը տըքաս, Սիամանդոյ, ի՞նչպէս չը լամ, խորի՜ն կը տըքաս։
Քո տըքալը կուգայ, իմ լացը սըրտէս կը բերէ։
Սիփանայ սարի գըլուխը սաստիկ փոթորիկ է։
Սիամանդոյ, քո նետն ու աղեղը ահաւասիկ է։
Ինչո՞ւ չ’անսացիր ինծի, քեզ ասի՝ Մի՛ երթար։
Նետ ու աղեղդ վար դիր, դարձիր, մի՛ երթար։
Վէրու եզի ետեւէն մի՛ երթար։
Թող անոնք ալ ինծի ու քեզի պէս ապրին, մի՛ երթար։
Թող երթան իրարու հետ սէր անեն, ապրին, մի՛ երթար։
Վէրու ե՛զն, վէրու ե՛զն, ահաւոր ու անգութ եզն,
Քո կոտոշներ երկաթի նըման ամուր, եւ դու սոսկալի.
Սիփանայ սարի գըլուխը սիրածն սիրողէն բաժնեցիր։
Սիփանայ սարի գըլուխը դուման ու մըժ է,
Սիամանդոյի նետն ու աղեղը խըժախըժ է։
Ժամանակէ հետէ ո՞վ լըսեր է՝ որսն զորսորդն սպաննէ։
Սիամանդոյ, քեզ ասի՝ Մի՛ երթար։
Թող վէրու եզն իր էշխին հետ երթայ, մի՛ երթար։
Թէ քեզ որս պիտի, ես քեզ որս հերիք եմ, մի՛ երթար։
Ա՛հ, մի՞ գուցէ Վերին կամքն էր տնօրինած այսպէս.
Երկնից կամքը երկրիս վրայ անդարձ ու անփոփոխ է։
Սիփանայ սարի գըլուխը ժայռ ու մացառ է.
Քամի մը կը փըչէ, քամի մահաբեր ու սառն է։
Սիամանդո՜յ, ինձ ճամբայ մի տուր քովդ գալու,
Ճամբայ մի ցոյց տուր, գամ քեզի հետ հոգի տալու։
Փայտատ ու թի բերէք, բերէք պալեր ու զընարներ շըռջեցէք,
Խըջէզարէն ու Սիամանդօն մէկտեղ քարերուն տակ թաղեցէք…։
Այս կ’ըսէ, ու աչերը կը խըփէ,
Զինքն ’ի վայր կը հոսէ. մէկ անգամ միայն կ’աւաղէ.
-Ի՜Մ ՍԻԱՄԱՆԴՕ…
Եւ Սիամանդօն հազիւ արձագանք մի կը տայ.
-Ի՜Մ ԽԸՋԷԶԱՐԷ…
Եւ երկոքեանն մէկանց կը լըռեն… Կը մեռնին… Հո՜ն են…։
       Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ այն տեղը երկու ծաղիկներ կը բուսնին՝ համանըման ամէն գարնան, եւ երկու թիթեռնիկներ կուգան, կը թառին ու կը թըռվըռան այդ խորհրդաւոր ծաղկանց շուրջն ու վրան։