Համով֊հոտով

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳՕԶԱԼԴԱՐԱ
       ՈՍՏԻՆՔ գեղը Տատիկու կը վերաբերի, բայց գօտիի մը պէս կը կապէ Գօզալ-Դարան ու Տատիկը, լեռնագիւղ մի է, բայց ունի արգասաբեր արտեր, ընտիր արօտավայրեր եւ պատուական ձորեր՝ ջրալից, ծառալից։ Իսկ Գօզալ-Դարան ձորահովիտ մի է. մէջէն կ’անցնի վտակ մը, որ, պտոյտ ընելով գեղերու առջեւէն, կ’երթայ Թուխ գեղի մօտերէն կը թափի Վանայ ծով։ Հոն կը կոչուի Թուխայ գետ։ Թէ՛ այս եւ թէ՛ Տատիկու ջուրն ձուկեր կ’ընծայեն գիւղացւոց։ Բաղշոյ հիւսիսային արեւելքն է Գօզալ-Դարան՝ բերրի եւ գեղեցկադիր, 21/2 ժամ հեռի քաղաքէն։
       Գեղերու անուններէն քանի մը յիշենք՝ Քարեկան, Ղարթ, Ալ-բերդ, Տոփ, Դաշ-տոփ, Սագ, Նէլ, Կարբ, Որձէք եւ այլն։ Այս դաշտէն անցուդարձ կ’ընեն Տիգրանակերտէն Վան։