ԺԶ.
ՍԸՄՕՆ
Աշնան
ցուրտ
ամսոյն
օձեր
կը
ժողովուին,
իրենց
երկիրներու
մէջ
գտնուող
մեծաւորի
դուռը
կ’երթան,
որ
սովորաբար
կը
բնակի
բարձր
ու
արեգդէմ
ժայռերու
ճեղքուածքի
մը
մէջ։
Զանազան
ընտիր
ընծաներ
կը
տանին
նոյն
տարուան
իրենց
ձեռքն
ինկած
թանկագին
զարդերէն
ու
գոհարներէն
եւ
կը
պատմեն
իրենց
պատահած
դէպքերը։
Գրագիր
մը
կը
գրէ
անոնցմէ
նշանաւորները,
եւ
այդ
գիրը
երկու
իշխանաւոր
օձերու
հետ
կը
ղրկուի
իրենց
մեծ
թագաւորին,
որ
կը
նստի
Բաղդադի
ու
Բասրայի
մէջ
եւ
կ’իշխէ
ծովու,
ցամաքի
մէջ
գտնուող
ամէն
օձազգին։
Մեծամեծ
ընծաներ
կուգան
իրեն
եւ
չորեք
կողմանց
եկած
գրեր
կը
կարդայ,
դատաստան
կ’ընէ,
վարձք
ու
պատիժ
կը
սահմանէ։
Այս
օձերու
թագաւորի
տղան,
որ
Տիարբաքիրու
երկրի
վազիրն
էր,
թուղթ
մի
գրեց
հօր,
թէ.
«Թագաւոր,
ապրած
կենաս,
Աստուած
քո
փառքն
աւելցնէ,
գիտցած
եղնիս,
որ
այս
տարի
քո
հարսն
ու
քո
թոռներ
հիւանդ
եղան,
բժիշկներ
որոշեցին,
որ
եթէ
երթան
Բինկօլայ
ջրերը,
լողգնան
ու
համասփիւռ
ծաղիկէն
փարթ
մի
ուտեն,
կ’առողջանան։
Ելանք,
ծառաներով
ղրկեցինք
ու
գրեցինք
կառավարիչներուն,
որ
մեծարեն
ու
հանգիստ
ուղեւորեն։
Կ’երթայ,
կը
հասնի
Բինկօլ
ու
Մշոյ
Տաղօնաց
(Տաղօնք)
սարասքարի
թուղթ
կը
ղրկէ։
Սարասքար
կ’առնէ
շատ
մը
օձեր,
կուգայ
ու
հրաման
կ’անէ,
որ
չարչարկեն
քո
հարսը։
Հանումի
հետ
գնացող
օձեր
քաջութեամբ
կը
պաշտպանեն։
Բինկօլայ
գագաթի
վրայ
մեծ
կռիւ
կը
բացուի։
Այնտեղ
կը
գտնուի
Սըմօն,
որ
Շամ
ու
Հալաբ
ղրկելու
համար
Թէճիրի
ոչխարներ
կ’արածէր։
Կ’առնէ
իր
կօպալն
ու
նախաճը,
կ’իյնայ
օձերու
մէջ
ու,
Տաղօնաց
օձերը
ջարդելով,
կոտրտելով,
կը
փախցու,
կը
սատկըցու,
եւ
քո
հարսը
կ’ազատուի,
կուգայ
իր
ձագերով
ու
ծառաներով։
Ահա
մարդուն
ալ
աղէկն
կայ
եղեր,
ո՛վ
մեծ
թագաւոր
եւ
հայր
իմ։
Ես
տաղօնցւոց
պատուհասը
կուտամ,
բայց
մարդուն
աղէկութիւնը
դուք
վարձատրեցէք,
ինչպէս
որ
կը
վայելէ
ձեր
մեծափառութեան»։
Օձու
թագաւոր
շատ
թանկագին
քարեր
ու
գոհարներ
կը
վերցնէ
եւ
փառաւոր
հանդիսով
կուգայ,
Հալբի
ճամբուն
վրայ
ունեցած
պալատը
կը
նստի։
Դիտողներ
կը
դնէ,
եւ
ահա
իմաց
կուտան,
թէ
Սըմօն
էկաւ,
կ’երթայ։
Օձեր
կախարդութիւն
կ’անեն։
Սըմօն
կը
տեսնէ,
որ
աշխարհք
վեր
իւր
կը
փոխուի։
Ընկերներ
կը
քշեն,
կ’երթան,
ու
Սըմօն
բիւրաւոր
օձերու
առջեւ
կը
մնայ։
Օձերէն
մէկը
ճառ
մը
կը
կարդար
Սըմօյի
ըրած
աղէկութեան,
եւ
թագաւորն
ու
նախարարներն
որոշումն
կուտան,
թէ.
«իր
ուզածին
չափ
գոհար
եւ
ոսկի
թող
առնէ,
եւ
եթէ
իր
սրտի
մէջ
հասրաթ
մի
ունի,
կատարենք»։
Սըմօն
իր
քովէն
կախած
հովուական
տուրիկը
կը
լեցնէ
ոսկին
ու
գոհարը,
կը
դառնայ
դիլաք
մի
կ’ընէ.
«Ես
կ’ուզեմ
որ,
-
կ’ըսէ,
-
ամէն
անասնոց,
սողնոց
եւ
թռչնոց
լեզուն
հասկնամ»։
«Թող
եղնի,
-
կ’ըսէ
թագաւորն,
-
բայց
եթէ
դու
մարդու
մը
պատմես
այս
տեսածներդ
եւ
անասուններէն
լսածներդ,
պիտի
մեռնիս»։
Սըմօն
մինչեւ
իր
տունը
կը
հասնի,
տեսած
անասնոց,
սողնոց
եւ
թռչնոց
խօսքեր
մտիկ
կ’ընէ,
կը
լսէ,
թէ
ի՞նչ
գաղտնիք
կայ
մարդոց,
բոլորը
գիտեն,
գալիք
բաներու
վրայ
կը
պատմեն։
Գլխու
մազերը
փուշ-փուշ
կը
դիզանան
Սըմօյին,
ծիծղալէն
ու
զարհուրանքէն
մեռնելու
դուռ
կը
հասնի,
ետ
կուգայ։
Գեղը
կը
հասնի։
Շներ,
կատուներ,
անծեղներ,
հաւեր,
ամէնքն
էլ
կը
պատմեն,
թէ
Սըմօյի
ծոցն
ու
ջոբը
լեցուն
գոհար
ու
ոսկի
է։
Կը
տանի
տունը,
կը
թափէ
կնկայ
առջեւ
իր
բերած
հարստութիւնը։
Կնիկ
միշտ
կը
հարցունէ,
թէ.
«Ո՞ւր
տեղէն
է
այս,
ուր
տեղէն
չէ»։
«Վայելէ
ու
մի՛
հարցուներ»,
-
կ’ըսէ
Սըմօն։
Իր
տան
շանն
ու
հաւերուն
մտիկ
կ’ընէ,
որ
տան
մէջ
եղածներուն
վրայ
կը
խօսին,
ու
Սըմօն
երբեմն
կը
խնդայ,
երբեմն
կը
նեղանայ։
Կնիկը
կը
դիտէ
քանի-քանի
անգամ
այս
բանս
ու
շատ
կ’աղաչէ,
կուլայ,
կը
խռովի,
թէ՝
ի՞նչ
է,
պատճառն
ըսէ։
Օր
մի
խօսք
կուտայ
Սըմօն
իր
կնկան,
որ
մէկէլ
օր
իրիկուն
պատմէ։
Շունը
կը
լսէ։
Այդ
իրիկուն
ագլօր,
իր
առջեւ
ձգած
հաւերը,
շըխկ-շըխկ,
քըդ-քըդ
ընելով,
դռնէն
ներս
կը
մտնէ։
Շունը
կ’ըսէ
ագլօրին.
«Ի՛նչ
շըխկ-շըխկ,
ի՛նչ
տըք-տըք,
մեր
տէր
խօսք
տուաւ
իր
կնկան,
որ
ամէն
բան
պատմէ
վաղ
իրիկուան։
Ինքն
պիտի
մեռնի
ու
պիտի
գան
զքեզի
մորթեն,
զիս
սպանեն,
մեր
տիրոջ
տուն
կողոպտեն,
քարուքանդ
աւրեն»։
«Կ’աւրի,
օր
մ’
առաջ
թող
աւրի,
-
կ’ըսէ
ագլօր,
-
ես
քառսուն
հաւ
կնիկ
ունիմ,
ամէնքն
էլ
ինծի
հնազանդ
կը
պահեմ։
Թող
մեր
տէր
քիչ
երես
տար
կնկան.
ո՛չ
կնիկն
չար
կը
լինէր,
ո՛չ
ինքն
կը
մեռնէր,
ո՛չ
մեզ
վնաս
կը
հասնէր»։
Սըմօն
այս
խօսքէն
կը
խրատուի,
կ’ելնէ
քաշէ
կաղնի
վարոց
քօքէհան,
կը
հասնի,
կուտայ
կնկայ
ջանը։